Յօդուածներ
ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ ԸՆԴՎԶԵՑՆՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՔԸ.- ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ, ՈՒ ԱՆՈՆՑՄԷ ԱՆԿԱԽ
Հոկտեմբեր 22-ին, Օպամա-Ռոմնի պատկերասփռուած բանավէճի երրորդ ու վերջին արարը վարագոյրը իջեցուց նախագահական ընտրապայքարի վերջին նախապատրաստութեանց բեմադրութեան վրայ, որ հանրութեան անգամ մը եւս հրամցուեցաւ “ժողովրդավարութեան կիրարկում“ դիմակով, եւ քանի մը օրէն, աշխարհը կը սպասէ ողբերգա-կատակերգութեան վերջին պատկերին, նոյնինքն ընտրութիւններուն:


