Լրահոս

«Զանգեզուրի Միջանցք»ին Շինարարութիւնը Գրեթէ Աւարտա՞ծ

Ըստ Պաքուի՝ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին շինարարութիւնը գրեթէ աւարտած է։
Ատրպէյճանական «APA.» լրատուական գործակալութիւնը, տեղեկացուց, թէ Հորատիզ-Ջապրայիլ-Զանգելան ճամբու` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շինարարութիւնը իրականացուած է 95 տոկոսով, շեշտելով, թէ 149 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութիւն ունեցող ճամբուն 123 քիլոմեթրը արդէն կառուցուած է:

Ըստ վերոյիշեալ գործակալութեան, նորակառոյց ճամբան կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն. անոր լայնքը 14էն 21 մեթր է։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button