Յօդուածներ

«ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԵԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔ»-ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱ

Ա.Ա.

Հայաստանեան իրադարձութիւնները կը շարունակեն յուզել ամբողջ հայութիւնը։ Արցախեան երկրորդ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն աւելի քան չորս ամիս ետք, տակաւին տիրական է քաոսն ու անորոշութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի վերակերտման հոլովոյթի մը շուրջ ամբողջական համախոհութեան եւ խօսքէ ու տարակարծութիւններէ անդին՝ անխտիր բոլոր կողմերուն ամբողջական մասնակցութեամբ ազգաշէն աշխատանքի մեկնարկին։ Ոմանց քարոզ կամ զգացական խօսքեր կրնան թուիլ այս տողերը, սակայն եթէ մէկ կողմ ձգուին ներքին տարակարծութիւնները, զիրար այպանելու ազգավնաս ընթացքը եւ արդար հաշուետուութեան ճամբով յանցանքներու եւ սխալներու պատասխանատուութիւններու ճշդմամբ՝ նոր հանգրուանի եւ ժամանակաշրջանի ազդանշանը տրուի, միակ շահողը պիտի ըլլայ հայութիւնը։
Մանաւանդ եթէ նկատի առնուի թուրքեւատրպէյճանական ճակատին ծաւալած գործունէութիւնը, ռազմաքաղաքական ծրագիրները եւ աշխարհագրական ծիրը, որուն մասին ոչ միայն կը խօսուի, այլ աշխատանքի մեկնարկը կատարուած է։
Եթէ երեւանեան իրականութիւնը կը յատկանշուի վտանգաւոր զարգացումներու իրավիճակներով, թուրքեւատրպէյճանական ճակատին վրայ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է քաղաքական նպատակակէտերու վրայ։Զանգեզուրեան միջանցք, Թուրքիայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա՝ համաթրքական մէկ ու միացեալ ճակատի ստեղծման նպատակով դիւանագիտական աշխուժութիւն, միջին արեւելեան քաղաքականութեան մէջ կեդրոնական դերակատարութեան ապահովում, հարաւային կովկասեան եւ շրջանային մակարդակներով քաղաքական – տնտեսական – առեւտրական յանձնառութիւններու ստանձնում, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն մէջ ալ՝ Թուրքիոյ դերին ու դիրքին վերաիմաստաւորում։
Նախ քանի մը նշումներ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հարաւային կովկասեան եւ յատկապէս լեռնային ղարաբաղեան քաղաքականութեան մասին,ուր հիմնական առանցքը «Զանգեզուրեան Միջանցք»ի մը ստեղծման վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի շարունակական պնդումներն են, թէ Հայաստանի Մեղրիով անցնող միջանցքը Նախիջեւանը պիտի կապէ Ատրպէյճանի։ Այլ խօսքով՝Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապը պիտի ըլլայ։Թէ Ալիեւի այս պնդումը որքանով ճշմարտութեան կը համապատասխանէ, յստակ տուեալներ չկան։Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ, որ միջանցքի մասին խօսք կամ ակնարկութիւն կայ ինը նոյեմբերի եւ տասնմէկ յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ։ Ակնարկութիւնը ցամաքային կապի ուղիներու մասին է, որ ոչ մէկ կերպով կարելի է «միջանցք» համարել, որովհետեւ միջանցք եւ մայրուղի տարբեր հասկացողութիւններ են՝ իրենց օրէնքներով եւ տնտեսաքաղաքական բովանդակութեամբ։
Ալիեւ սակայն առիթ չի փախցներ՝ յայտարարելու, որ «Զանգեզուրեան միջանցք» պիտի ստեղծուի։ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահներուն մասնակցութեամբ կայացած՝ Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին եւս Ալիեւ յայտարարեց, որ հայկական Զանգեզուրը «ատրպէյճանական պատմական տարածք» է, ուր պիտի ստեղծուի «Զանգեզուրեան միջանցք»ը՝ Թուրքիան, Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանը իրարու կապելով։Այս հարցով ուշագրաւ է Մոսկուայի քար լռութիւնը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ բանաւոր կամ չհրապարակուած համաձայնութիւն մը գոյութիւն կրնայ ունենալ այս միջանցքին վերաբերեալ, որովհետեւ այս իմաստով նախընթաց գոյութիւն ունի։ Սիւնիքի սահմանագծման մասին ոչ մէկ խօսք կար եռակողմ յայտարարութեան մէջ, բայց աւելի ուշ փորձագէտներ ապացուցեցին, որ գոյութիւն ունի Սիւնիքի սահմանագծման մասին վեց կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը։
Պաքուի իշխանութիւնները նաեւ ծրագրեր մշակած են՝ Լեռնային Ղարաբաղը բարձր արհեստագիտութեան կեդրոնի մը վերածելու համար։ Ասոր յստակ ապացոյցն էր Ատրպէյճանի նորարարութեան գործակալութեան եւ Թուրքիոյ «Իսթանպուլ» արհեստագիտական զարգացման պետական կեդրոնին միջեւ կնքուած գործակցութեան յուշագրին ստորագրումը։ Համագործակցութեան մարզերը պիտի ըլլան արհեստագիտութեան կեդրոններու կառուցումը, ուսուցման ծրագրերը, գիտելիքներու փոխանակումն ու փոխանցումը, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման միացեալ աշխատանքները։ Հոս պէտք է նշել,որ «Իսթանպուլ» կեդրոնը մասնակից է Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան մարզին գործունէութեան։Ատրպէյճանական պետական աղբիւրներու համաձայն, թրքական այլ կեդրոն մը՝ Ճի. Օ. էս. Պի., նաեւ ատրպէյճանական գործակալութեան հետ գործակցութեան ճամբով պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարձր արհեստագիտութեան մարզին զարգացման՝ հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու ճամբով։
Ատրպէյճանական իշխանութիւններուն այս ծրագրերուն զուգահեռ՝ գործի լծուած են նաեւ Անգարայի իշխանութիւնները, որոնց հիմնական գործելադաշտը այս օրերուն Կեդրոնական Ասիան է։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կեդրոնական ասիական իր եռօրեայ շրջապտոյտին ընթացքին իր ուզպէք, թուրքմէն եւ խըրխըզ պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակները, ինչպէս նաեւ՝ այս հարցերով միջազգային համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի թրքական միացեալ կեցուածք եւ ճակատ դրսեւորուի։Քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ Թրքական Խորհուրդի եւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան շարքերուն մէջ համաթրքական միացեալ ու համակարգուած քաղաքականութիւն մշակելու հեռանկարները …..
……Իսկ Երեւանի մէջ…..

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button