
Հինգշաբթի Յուլիս 19ի առաւօտեան, 13 երիտասարդներ, որոնք պիտի գործուղուին Ջաւախք, հաւաքուեցան Նիւ Եորք եւ ճամբայ ելան դէպի Երեւան: Այս երիտասարդները պիտի ղեկավարեն Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Դ.-ի հետ գործակցաբար կազմակերպուած ճամբարին մասնակցողները, որոնց թիւը կը գերազանցէ հարիւրը:
Այսպէս, Գանատայէն Սեւակ Յարութիւնեանն ու Լուսի Մխիթարեանը, Քալիֆորնիայէն Ալիք Պէրպէրեանը, Շիքակոյէն` Սահակ Զաքարեան եւ Թամար Ալեքսանեան, Փրովիտընսէն` Րաֆֆի Ռշտունի, Ատամ Աքչեան եւ Թամար Տիարպի, ֆիլատելֆիայէն` Րաֆֆի Յովակիմեանն ու Մհեր Վարդանեանը, Ուաշինկթընէն` Թամար Սամուէլեանն ու Քրիստափոր Արապեանը եւ Պոսթընէն Սօսէ Պէօճէքեանը, մեծ խանդավառութեամբ մեկնեցան Ջաւախք:
Այս խմբապետները պատրաստած են շատ մը դասախօսութիւններ, ձեռային աշխատանքներ, խաղեր, պարեր ու երգեր: Անոնք մասնակցած են նախապատրաստական դասախօսութիւններու: Կարելի է օրական տեղեկութիւններ ստանալ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ճամբարներէն, այցելելով Հ.Ե.Դ.-ի “Դէպի Ջաւախք“ դիմատետրի հասցէէն: