Եւրոպա Եւ Հայաստանս

0 0
Read Time:5 Minute, 22 Second

Գէորգ Պետիկեան

 

Տարիներ առաջ էր և կրկին ամառ։ Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր։ Մենք ալ նոյնպէս։ Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ փախուստ մը սովորական և միօրինակ առօրեայէն։ Այլ խօսքով նաեւ վերանորոգուելու արդար և միաժամանակ ծախսալից փորձ մը։ Հաճելի ակնկալութիւն մը,կեանքիդ որոշ եւ ճշդուած օրերը տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով։

Նախաբանս չեմ ուզեր երկարել։

Այդ օրերուն, Եւրոպա էինք, էրիկ-կնիկ և յատկապէս անոր ծայրագոյնը՝ Իրլանտա և Իրլանտական հանրապետութիւն։ Այս վերջինը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Միացեալ թագաւորութեան մէկ բաժինը։

Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրա-կառքով և ընկերակցութեամբ հմուտ «կայտ» առաջնորդի մը, շուրջ յիսուն հոգիով եզերած էինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը ու վերջապէս հասնելով Պելֆաստ։

Եւրոպա ըսի, պէտք էր նաեւ աւելցնէի, թէ ան կարծես ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր։  Պատմական հսկայ թանգարան մը։ Ամէն օր մեր այդ «կայտը» քարեղէն հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերու «շունչ» տալով, զանոնք դուրս կը բերէր ու կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի նման։ Այլ խօսքով’ պատմութեան կանչերու հոսանք։ Ու յուսահատ կողոպուտ մը կարծես կար մեր՝ զբօսաշրջիկներուս աչքերուն մէջ։ Բոլորս ագահօրէն կը փորձէինք պատմական յուշեր հաւաքել։ Տեսանելի էր, թէ հոս ալ որչափ խոր էր պատմութիւնը։

Սակայն եւ այնպէս պատմութեան կողքին եւ պատմութեան չափ ալ մեր բոլոր ընկերակից-ները մեզ իբրեւ «արմենիանզ» հայեր անունով կը ճանչնային։ Ո’չ մեր անունը սորվեցան եւ ո՛չ ալ ազգանունը։ Իրենց համար մենք միայն այս նոր անունով  կը ճանչցուէինք։ Մեր հոգը չէր: Ներքնապէս ուրախ էինք։ Հպարտ եւ երջանիկ։ Գոնէ այս ձեւով, այս օտարները տեղեակ եղած էին, թէ մենք՝ այս նոր անուն ունեցողներս, հայրենիք մը ունէինք «Արմենիա» անունով և թէ մենք՝ այս երկրագունդի վրայ իբրեւ հին ազգ կ’ապրէինք: Դարաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ էինք և ներկայիս ալ ազատ և անկախ երկիր մը ունէինք եւ թէ իրենց գիտցած այս «Արմենիան» մենք՝ Հայաստան կը կոչէինք: Այսչափ եւ դեռ ասկէ աւելին:

Ու առանց պարտադրանքի, ամէն օր ճաշի կամ ընթրիքի միջոցին, մեր պատմութենէն, մեր լեզուէն, մեր մշակոյթէն տող մը, դրուաք մը յիշեցուցինք, սորվեցուցինք։ Սորվեցան, թէ ոչ. շատ ալ վստահ չէի։ Բայց գլուխնին «արդուկելու» չափ խօսեցանք։ Ո՛չ ոք բողոքեց: Չեմ գիտեր զբօսաշրջիկութեան եկած էին, թէ ոչ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն մասնակցելու: Հետաքրքրական էր: Շեշտեցինք ամէն բան։ Նմանութիւններ բերինք։ Դէմքեր ու դէպքեր յիշեցինք։ Ցեղասպանութիւն եւ քրիստոնեայ առաջին պետութիւն, իբրեւ մեծ վկայութիւն եւ հաստատ փաստ առաջ «քշեցինք»։ Նաեւ պարզեցինք, որ մեզ ճանչնալու համար, նախ պէտք էր ճանչնալ մեր երկիրը՝ Հայաստանը: Մեր դրախտավայրը։

Ապա յետոյ, շրջապտոյտի ընթացքին վերադառնալով տեղւոյն երկրի պատմութեան, իրենց հետ համեստօրէն ընկերացանք անոր դարերու շարքին: Տեսանելի էր, թէ որչափ խոր էր պատմութիւնը: Անկասկած: Ուստի աչքերուս մէջ ամփոփեցի մեծ ընդարձակութիւնը այդ երկրի կանաչութեան հետ միասին:

Պէտք է ճանչնալ երկիրը եւ անոր մտայնութիւնը: Գիտէի այդ մէկը: Ուստի քալեցինք: Բոլորս միասին քալեցինք, երկար, յաճախ շնչասպառ, որովհետեւ այդպէս էր դասաւորուած: Քալե-ցինք տեսնելու, երկրի արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը: Իւրաքանչիւր կառոյցի պատի վրայ դարերը կը խօսէին երկարօրէն: Ու մենք որոշ չափով մօտեցած էինք այդ անցեալին:

Սակայն Արեւելքը այսպէս չէր, կ’ըսէի մտովի: Արեւելքը ուրիշ է: Հիմա այդ Արեւելքը կորսնցուցած է իր վերանորոգուելու աւիշն ու հմայքը: Հոս տարբեր էր: Իսկ հոն…: Հոս ամէն բանի մէջ Աստուած կար: Գոյն, լոյս, գիծ ե՛ւ խորհուրդ ե՛ւ հաւատք: Կեանքի յաւիտենակա-նութեան հոլովոյթը կար մարդոց երակներու մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն ամէն «բան» հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Իսկ եկեղեցին՝ արդէն ամուր մը նստած էր իւրաքանչիւր դէմքի, պատահարի ու փլատակի  սրտին վրայ:

Ամէն քաղաք կամ աւան, կամ մթին քարեր ու քանդակներ, մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ՝ տաք ու խանդավառ շունչով: Նկատելի էր, որ քրիստոն-եայ աղօթքը երկար ատենէ ի վեր պառկած էր այդ հնամաշ փլատակներուն տակ: Ու ինչ մեղքս պահեմ, պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, ժամերս եւ վայրկեաններս լեցուցած նորութիւններով: Այլեւս օրերս սկսած էին պատմութիւն խօսիլ, անոր հետքին հետեւիլ: Ու նոր իմաստ մը տալու համար ժամերուս մօտէն հետեւեցայ հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր անուններուն, դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներուն եւ անոնց  արձաններուն ու մշակոյթին եւ անոր թելադրանքին ու այդ ձեւով ալ աւելի մօտեցայ երկրի անցեալին: Տեսակաւոր եկեղեցիներ ու դղեակներ, պալատներ ու ամրոցներ, թանգարաններ եւ յուշարձաններ, կարծր ու փափուկ սրտերու մէջ հաւատք բուրող մէկական կոթողներ էին: Միւս կողմէ տեսանելի էր, թէ ինչպէս խմիչքը, ոգելից ըմպելին մարդոց դէմքերուն վրայ կարմիր բոցեր նետած էր: Իսկապէս կախարդական աշխարհ:

Ասկէ մեկնած, մտովի կ’ըսէի.- Իրլանտա, դո՛ւն այն երկիրն ես, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկ-ներու երեսին կարողացած ես հպարտութեան լռութեամբ պոռալ:

Եւ յանկարծ ինքնածին նախանձ մը ծնունդ կ’առնէր մէջս:

Բայց ամէնէն հետաքրքրականն ու շատերու համար զարմանալին այն էր, թէ Անգլիոյ կողմէ նախկին ոճրագործ նկատուածները, ներկայիս այս երկրին մէջ իբրեւ ազատամարտիկներ ճանչցուած էին, ու մէկական քաղաքական գործիչներ դարձած: Ուրեմն մէկուն ոճրագործը, միւսին ազատամարտի՞կն էր։ Ահա քեզի կեանք եւ պատմութիւն:

Այս բոլորը հարազատ եւ համարձակ կը լսէի մեր այդ առաջնորդին բերնէն թափանցիկ հոգիով, լուսաւոր երաժշտութեամբ, որ յաճախ կը կրծէր նաեւ ամբողջ էութիւնս:

Կարծես ներքին ձգտում մը բառերս կը յուշէր եւ մտածումներս կ՚առաջնորդէր։ Իրականու-թիւնն էր, որ կ՚ապրէր: Նոր մարդու թափ, որուն մէջ ներկայ էր մարդուն, իր ազգին հանդէպ որդեգրած կամ ունեցած բոլոր գլխաւոր ձգտումները: Այսպէս տեղ տեղ ապրումներս կիսեցի եւ սակայն զգացի, որ այս անծանօթ հեռաւորութիւնը իր հետ մտքիս ամայութիւն մըն ալ բերած էր, մօտիկ անցեալիս թելադրանքով հիւսուած զգացումով միատեղ:

Ահա, թէ ինչպէս կսկիծը առած էր զիս իր անդունդը: Մտածումս խանգարուած էր հաստա-տապէս: Կը խօսուէր թագաւորութեան, հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին:  Թէեւ զարմանքն ու հիացմունքը թակած էր միտքս, սակայն յանկարծ կը զգայի, որ կրկին անգամ լեզուիս վրայ հին երգ մը սկսած էր անձայն քալել: Է՛հ, մենք ալ փառաւոր անցեալ մը ունեցած էինք: Թագաւորներ, իշխաններ, յաղթանակներ, ազատամարտիկներ, ֆետայիներ, աստուածներ եւ Աստուած մը: Է՛հ, իրապէս, որ մեր աստուածները տարբեր էին: Մեր հերոսները նոյնպէս: Հապա՞ մեր երկիրը եւ հապա՞ մե՛նք: Հայարենիքս եւ հայութիւնը: Հաստատապէս Հայաստանը, որ մնացած էր ենթագիտակցութեանս մէջ վիպային կերպարով հիմա սկսած էր արթննալ: Իր կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, թէ ինք այս երկրին մէջ ալ հետս էր: Մօտս: Մտածումներուս մէջ: Մէկ խօսքով ինքն ալ ներկայ էր։

Դարձեալ փոխան բառերու, այս անգամ դարաւոր պատմութիւնս, հերոսներուս յաղթանակ-ներն ու նոյնիսկ պարտութիւնները լռութեամբ կը խօսէին ու այդ մէկը տենդով մը կը զգայի: Ահա թէ ինչո՞ւ աշխարհի տարածքին, մեր կեանքը ե՛ւ ներքնապէս կը հիւծէ մեր մարմինը:

Պատմութեան հետն էի եւ մեր Հայաստանն ալ պատմական է:

Գացէ՛ք, տեսէ՛ք: Վայելեցէ՛ք: Այցելեց՛ք մեր երկիրը: Հոն ալ պատմութիւն կը հոսի իր եզերքներէն: Հաւատացէ՛ք, պատմութիւնն է ամէնէն վստահելին: Յաճախ կը պոռայի:

Կը զգայի, որ հոգիս պաշարուած էր երկիւղով։ Կսկիծը կը հոսէր սրտէս: Անոր համար, անկէ ետք այլեւս չհաշտուեցայ սովորական առաւօտին հետ:

Ես այդ օտար երկրի, իր օտար հողին վրայ, քալած էի հայրենիքիս անցեալէն, անոր ներկայի եւ անմիջական վաղուան յոյսով եւ հաւատքով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles