Լրահոս
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ 2014 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԱՄԻՍ
2013 թուականի Հոկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած եւրոպահայութեան երրորդ համագումարէն ետք, որուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Եւրոխորհրդարանի ամպիոնէն ողջոյնի իր խօսքն ուղղեց, այս տարի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հոկտեմբեր 2014-ը կը յայտարարէ «Արցախի ամիս»,
Պելճիքայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեանց հետ գործակցելով, իրականացնելու համար տարբեր ձեռնարկներ եւ ցուցադրութիւններ:

