Լրահոս

Եւրոպայի Մէջ.- ՑՈՅՑ՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

p1 main strasbourg

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը կ՛այցելէ եւրոպական քաղաքներ եւ իր ընտրարշաւի աշխատանքները կը կատարէ: Հոկտեմբեր 4-ին, ան նմանօրինակ հանրահաւաք մը կատարեց Ֆրանսայի արեւելեան շրջանի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ: Այս առթիւ հարիւրաւոր հայեր, քիւրտեր, ալաուիներ եւ թուրքեր այս այցին դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին: Երկու օր ետք, Պելճիքայի մայրաքաղաք՝ Պրիւքսէլի մէջ նմանօրինակ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ: Էրտողանի արտայայտութիւնները մեծ վրդովում յառաջացուցած են եւրոպական ժողովրդավար շրջանակներէ ներս:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button