
ՊՐԻՒՔՍԷԼ .- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղէ, որ Յունիս 7-ին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (Halkların Demokratik Partisi, HDP) օգտին քուէարկեն:
Մայիս 18-ին, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ, այս որոշումը հիմնուած է ընդհանուր բազմաթիւ հարցերու շուրջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ հասարակաց արժէքներու եւ մօտեցումներու փոխըմբռնման վրայ: Կը հաւատանք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ յառաջդիմական ուժ է, աշխոյժ պայքարի մէջ՝ ժողովուրդներու լեզուական, մշակութային, կրօնքի եւ դաւանանքի իրաւունքներուն համար:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ երկխօսութեան մէջ է արդէն՝ վերջինիս հիմնադրութենէն ասդին, եւ այս կուսակցութիւնը ծագումով հայ մի քանի թեկնածուները արդէն կը պաշտպանէ:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ակնկալէ, որ թրքական իշխանութիւնները ազատ եւ արդար նախընտրական շրջան մը եւ քուէարկութիւններ ապահովեն: Յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի ընտրական ընթացքին:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խոհրդարանական գալիք ընտրութիւններուն առթիւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յաջողութիւն կը մաղթէ: Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը պիտի նշանակէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան խմբակցութիւն մը: