
Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ աւարտեցաւ “Ոսկէ Ծիրան“ի իններորդ փառատօնը, որ անգամ մը եւս հետաքրքրութիւն ստեղծեց:
Շարժանկարներուն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ “Մոսկուա“ եւ “Նայիրի“ շարժապատկերի սրահներուն, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի դահլիճներուն մէջ:
Այս տարուայ նորութիւնը այն էր թէ փառատօնին ծրագիրը հասանելի եղաւ նաեւ բջիջային ցանցով:
Փառատօնի միջազգային բաժինի վարիչ Տաթեւ Մարտիրոսեան յայտնեց թէ այս տարուան փառատօնին համար, մշակուած էր յատուկ բջիջային ծառայութիւն, որ կ՛ընդգրկէ փառատօնի ցուցադրութիւններուն ամբողջական ծրագիրը, ներառեալ` ցուցադրուող շարժանկարներուն օրը, ժամը, վայրը, ինչպէս նաեւ` շարժանկարներու մասին հակիրճ տեղեկութիւն:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով “Ոսկէ Ծիրան“ միջազգային փառատօնի կազմակերպող մարմինը յայտարարած էր հայկական շարժանկարին վերաբերող լաւագոյն յօդուածաշարի մրցոյթը, որուն պարտադիր պայմաններէն մէկը այն է, որ առնուազն հինգ նիւթէ բաղկացած շարք մը ներկայացուի եւ որոնք պէտք է ըլլան ոչ պարզապէս տեղեկատուական, այլ` հետազօտական եւ վերլուծական բնոյթի:
Մրցոյթը կը դիտարկէ փառատօնի ընթացքին եւ աւարտէն ետք մինչեւ Յուլիս 30 հրապարակուած նիւթերը: Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ առաւել աշխուժացնել փառատօնին մասնակից հայկական շարժանկարներուն շուրջ հետաքրքրութիւնը եւ այդպիսով փորձել առաւել զարկ տալ հայկական շարժանկարի զարգացման: Մրցոյթը կը սահմանէր երկու մրցանակ, իւրաքանչիւրը` հինգ հարիւր տոլարի դրամական պարգեւ մը:
Փառատօնը որ կը կատարուէր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, աւարտեցաւ Կիրակի օր, Քաննի (Ֆրանսա) 65-րդ փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր “Սէր“ ժապաւէնով: Շարժապատկերի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներէն մէկուն` “Ոսկէ Արմաւինի“-ի կրկնակի մրցանակակիր, աւստրիացի բեմադրիչ Միքայէլ Հանէքէի սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին պատմող ժապաւէնը, դերասանութեամբ` աշխարհահռչակ դերասաններ` Իզապէլ Հիւփերի, Ժան-Լուի Թրանթինեանի, Էմանուէլ Ռիվայի:
Փառատօնի փակման արարողութեան, “Ոսկէ Ծիրանի“ պատուաւոր հիւր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Անիեցքա Հոլանտ, արժանացաւ Փարաճանովեան թալեր մրցանակին:
Մրցանակակիրներնեն.-
Լաւագոյն ժապաւէն
“Ոսկէ Ծիրան“ “In The Fog“, բեմադրիչ` Սերգէյ Լոզնիցա, (Գերմանիա/Ռուսաստան/Լաթվիա/Հոլանտա/Պելառուս)
“Արծաթէ Ծիրան“ “It Looks Pretty from a Distance“, բեմադրիչ` Անքա Սասնալ, Վիլհելմ Սասնալ, (Լեհաստան)
“Դատական Մարմնի Յատուկ Մրցանակ“ “Summertime“, դերասան` Խօսէ Լուիս Տոռէս Լէյվա, (Չիլի)
Լաւագոյն Վաւերագրական
“Ոսկէ Ծիրան“ “Five Broken Cameras“, բեմադրիչ` Էմադ Պուրնաթ, (Պաղեստին)
“ԱրծաթԷ Ծիրան“ “The Tundra Book. A Tale of Vukvukai, The Little Rock“, բեմադրիչ` Ալեքսէյ Վախրուշև Ռուսաստան
“Դատական Մարմնի Յատուկ Մրցանակ“ “Bakhmaro“, բեմադրիչ` Սալոմէ Ճաշի, (Վրաստան/Գերմանիա)
Լաւագոյն Հայկական Ժապաւէն
“Ոսկէ Ծիրան“ “Եթէ Բոլորը“, բեմադրիչ` Նաթալիա Պելիաուսկենէ, (Հայաստան)
“Արծաթէ Ծիրան“ յատուկ մրցանակ “Նանա“, բեմադրիչ` Վալէրի Մասատրեան, (Ֆրանսա)
Լաւագոյն Հայկական Վաւերագրական
“Հայկական Ռափսոտիա“, բեմադրիչ` Կասիանա Տէր-Յարութիւնեան, Սեզար Կանանեան, Գարի Կանանեան, (Պրազիլիա)
Կարճ ժապաւէններ
“Ոսկէ Ծիրան“` “When We Die at Night“, բեմադրիչ` Էտուարտու Մուրուտօ, (Պրազիլիա)
“Դատական Մարմնի Յատուկ Մրցանակ“
“Insignificant Details of the Accidental Episode“, բեմադրիչ` Միխայիլ Մեստեցկի, (Ռուսաստան)
“The First Rains of Spring“, բեմադրիչ` Սանօ Շինծու, Եռլան Նուրմուհամպեթով, (Ղազախստան/Ճափոն)
Էքիւմէնիք Մրցանակ` “Եթէ Բոլորը“, բեմադրիչ` Նաթալիա Պելիաուսկենէ, (Հայաստան)
Էքիւմէնիք յատուկ տիտղոս` “Future Lasts Forever“, բեմադրիչ` Օզքան Ալփեր, (Թուրքիա)
Հայաստանի Ազգային Շարժապատկերի Ակադեմիայի Մրցանակ
“Տատիկին Դաջուածքները“, բեմադրիչ` Սիւզան Խարտալեան, (Շուէտ)
Բրիտանական Խորհրդի Մրցանակ` “Հայկական Ռափսոտիա“, բեմադրիչ` Կասիանա Տէր-Յարութիւնեան, Սեզար Կանանեան, Գարի Կանանեան, (Պրազիլիա)
Հայաստանի Շարժապատկեր Արտադրողներու Միութեան Մրցանակ` “With Fidel Whatever Happens“, բեմադրիչ` Կորան Ռատովանովիչ, (Սերպիա)