Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կ’ողջունէ Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանի Շտապ Բանաձեւը, Դատապարտելով Ատրպէյճանը՝ Սաֆարովի Ներում Շնորհելուն Համար

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

Սթրազպուրկ (Ֆրանսա).- Եւրոպական միութեան խորհրդարանը իր 13 սեպտեմբեր, 2012-ի լիագումար նիստին՝ 58 կողմ, 13 դէմ եւ 5 ձեռնպահ քուէներով՝ շտապ բանաձեւ մը որդեգրեց, դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ ազերի զինուորական Րամիլ Սաֆարովի հերոսացումը, որ հայ բանակի սպայ՝ Գուրգէն Մարգարեանին սպաննած էր Պուտափեշտի մէջ, 2004-ին Նաթոյի «Խաղաղութեան գործընկերութիւն» դաստիարակչական ծրագրին ընթացքին։

Շտապ բանաձեւին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանը «կը դատապարտէ հերոսի գալուստը, որ պրն. Սաֆարովին վերապահուեցաւ Ատրպէյճան իր ժամանումով, եւ այն որոշումը, որ զինք պաշտօնի բարձրացումի արժանացուց, ութ տարուան ամսականները յատկացուց, եւ մտահոգ է, որ այս կրնայ օրինակ հանդիսանալ ապագայ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ իր վերադարձին արժանացած պաշտօնի բարձրացման ազերի պետութեան կողմէ»։

Բանաձեւը կ’արտացոլէ զրոյցի մթնոլորտը, որ տեղի ունեցաւ քուէարկութենէն առաջ, որուն ընթացքին Եւրոխորհրդարանի անդամները, ինչպիսին են տկն. Վերոնիք Տը Քայսեր («Ընկերվարականներու եւ դեմոկրատներու յառաջադէմ դաշինք» խմբակցութիւն, Պելճիքա), պրն. Չարլզ Թանոք («Եւրոպայի պահպանողականներ եւ րեֆորմիսթներ» խմբակցութիւն, Մեծն Բրիտանիա), տկն. Ուլրիքէ Լունաչեք («Կանաչներ – Եւրոպայի անկախ դաշինք» խմբակցութիւն, Աւստրիա), տկն. Մարի Քրիսթին Վերժիա (Եւրոպայի միացած ձախ համադաշնակցութիւն – Նորտիք կանաչ ձախ» խմբակցութիւն, Ֆրանսա) իրենց շոքն արտայայտեցին, որ Ատրպէյճանի մէջ մարդասպան մը այս վերաբերմունքին կ’արժանանայ եւ այս մթնոլորտը գայթակղութիւն մը կոչեցին։ Պրն Եարոսլաւ Փաշքա («Ազատութեան եւ ժողովորդավարութեան Եւրոպա» խմբակցութիւն, Սլովաքիա) Ալիեւի իշխանութիւնը համեմատեց մաֆիայի մը։

Խորհրդարանը նաեւ «նկատելով հանդերձ, որ պրն. Սաֆարովին շնորհուած նախագահական ներումը յարիր է դատապարտեալ անձերու փոխադրումի դաշինքին, ամբողջովին հակառակ է միջազգային համաձայնութիւններու ոգիին, որ բանակցուած էր թոյլատրելու համար, այն անձերու փոխադրումը, որոնք երկրի մը մէջ դատպարտուած ըլլալով, իրենց պատիժը ամբողջացնեն այլ երկրի մը մէջ», եւ «կը նկատէ, որ պրն. Սաֆարովին շնորհուած նախագահական ներումը խախտում է հունգարական իշխանութիւններուն տրուած դիւանագիտական երաշխիքներուն»։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ’ողջունէ Եւրոպական միութեան խորհրդարանի հաստատ դիրքորոշումը Ատրպէյճանի հանդէպ։ Ի տարբերութիւն «Լիպերալներու եւ դեմոկրատներու դաշինք» խմբակցութեան, խորհրդարանը չեթարկուեցաւ իր բնական կազով եւ քարիւղով պատկեր գնող երկրի մը ճնշումներուն։

 

«Այս արտառոց դէպքը անգամ մը եւս կը բարձրացնէ ճնշող հարցումներ, ինչ կը վերաբերին արժէքներուն – վայրագութեան եւ ատելութեան, որ Ատրպէյճան կը սնանէ իր քաղաքացիներուն։ Ցոյց կու տայ նաեւ Ատրպէյճանի յարգանքի ամբողջական պակասը՝ միջազգային համաձայնագիրներու եւ դաշինքներու», ըսաւ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles