ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԶԵԿՈՅՑԸ` ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 0 Second

Սթրազ­պուրկ (ֆրան­սա) .-  Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Պրիւք­սէլ (Պելճիքա) Գրա­սեն­եա­կը  կը տե­ղե­կաց­նէ թէ Եւ­րո­պա­կան հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ ան­հա­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վը (European Commission against Racism and Intolerance), Մա­յիս 31-ին, Ատր­պէյ­ճա­նի մա­սին զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կած է, մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­լով երկ­րին մէջ տի­րող ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մա­սին:

Պատ­ուի­րա­կու­թիւնը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է Պաք­ուի մէջ հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու, պե­տա­կան  պաշ­տօն­եա­նե­րու, մարդ­կա­յին իրա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ եւ հա­սած հա­մա­պա­տաս­խան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու:

Նշենք, որ Մա­յիս 12¬ին, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի որ­դեգ­րած բա­նա­ձե­ւէն ետք` Ատր­պէյ­ճա­նը դա­տա­պար­տող երկ­րորդ պատ­գամն է, որ կը տրուի Եւ­րո­պա­յէն:

Յա­տուկ կեր­պով մատ­նանշ­ուած են հա­յու­թեան մա­սին կա­տար­ուած հե­տե­ւո­ղա­կան եւ յար­ձա­կո­ղա­կան ցե­խար­ձա­կում­նե­րը եւ յիշ­ուած` պաշ­տօ­նա­կան Պաք­ուի մշտա­կան բա­ցա­սա­կան կո­չե­րը` Հա­յաս­տա­նի դէմ, որոնք լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօն­եա­նե­րու կող­մէ կը հրամց­ուին ժո­ղո­վուր­դին, վառ պա­հե­լով հա­յոց ու Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ատե­լու­թիւնն ու խտրա­կա­նու­թիւնը:

Երկ­րի տա­րած­քին ապ­րող խառն ամուս­նու­թեան ար­դիւնք, ան­ձեր` ընդ­հան­րա­պէս իրենց ազե­րի պատ­կա­նե­լիու­թեան կը կառ­չին, զոհ չեր­թա­լու հա­մար պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան խտրա­կա­նու­թեան:

Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դը յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րած է Ատր­պէյ­ճա­նին, որ մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նէ պե­տու­թեան մա­կար­դա­կի վրայ` դէմ դնե­լու եւ դադ­րեց­նե­լու ցե­ղա­պաշ­տու­թիւնը, խտրա­կա­նու­թիւնը, այ­լա­մեր­ժու­թիւնը, հա­կա­սե­մա­կա­նու­թիւնն ու ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւնը:

Յանձ­նա­խում­բը իր զար­ման­քը յայտ­նած է Ատր­պէյ­ճա­նի տուած հա­կա­սա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս հա­յու­թեան թիւե­րուն շուրջ: Հոն նշուած է թէ 700 հա­յեր միայն կ՛ապ­րին Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին, Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րէն դուրս, որ կտրուկ կեր­պով կը հա­կա­սէ նա­խապէս տրուած թիւե­րուն:

Վեր­ջա­պէս, ակ­նարկ­ներ կան Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ գտնուող մնաց­եալ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն: Յա­տուկ յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ փո­խանց­ուած են Պաք­ուի ղե­կա­վա­րու­թեան` լու­ծե­լու անոնց հետ առնչ­ուած հար­ցե­րը` վերջ տա­լով ցե­ղա­պաշտ եւ խտրա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles