Եւրոպահայութեան Չորրորդ Համագումար

0 0
Read Time:1 Minute, 58 Second

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտեան, Հայ Տան մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնած՝ Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարին:
Ներկայ էին Եւրոպահայ քաղաքագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին քննարկուեցան մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումները որոնց վերաբերեալ կատարուեցան ախտաճանաչումներ եւ առաջարկուեցան համապատասխան լուծումներ:
Պաշտօնական բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, Արամ Ա. Վեհափառ՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Կարապետեան ողջունելով ներկաները ներկայացուց Հ.Յ.Դ. եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ համագումարին ընդհանուր ծրագիրն ու անկէ ակնկալուած արդիւնքները:

Արցախի նախագահ Սահակեան, արժեւորելով գրասենեակի  արդիւնաւէտ աշխատանքը, ”Երախտագիտութիւն” մետալով  պարգեւատրեց Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Արամ Ա. վերահաստատելով  Հայ Դատի գրաւած առաջնահերթ դիրքը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օրակարգի վրայ ըսաւ.- ”Մենք որպէս եկեղեցի պիտի շարունակենք վերանորոգ թափով եւ յստակ տեսիլքով մեր ազգի պահանջատիրութեան պայքարը”:

Սփիւռքի նախարար Յակոբեան գնահատեց եւրոպայի տարածքին գործող բոլոր դատի մարմիններուն համագործակցութեան մակարդակը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Իր կարգին Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց բազմաթիւ ոլորտներու մէջ  հայոց առջեւ պարզուած մարտահրաւէրները եւ խօսեցաւ Հայ Դատի յառաջիկայ յաղթանակներուն համար մեր տանելիք զանազան պայքարներուն անհրաժեշտութեան մասին:

Բացման խօսքերէն ետք տեղի ունեցան երեք կլոր սեղանները, որոնց ընթացքին ներկաները քննարկեցին Հայ Դատի եւ Հայապահպանման առնչուող հետեւեալ նիւթերը՝

1 – Հայապահպանում՝ Գոյատեւման Հիմնական Ազդակ: Այս բաժնին մէջ արծարծուեցան եւրոպահայութեան դիմագրաւած հայապահպանութեան ներկայ եւ ապագայ  հարցերը: Մհեր Գարագաշեան արտայայտուեցաւ հայեցի դաստիարակութեան  մարտահրաւէրներուն մասին, որմէ ետք Կարապետ Տագէսեան ներկայացուց եւրոպայի մէջ արեւմտահայերէնի գործածութեան իրավիճակը: Վերջապէս, Միհրան Քիւրտօղլեանը արժեւորեց ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ գաղութային կազմակերպուածութեան կշիռը: Զրուցավարն էր Համազգային Կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝  Մկրտիչ Մկրտիչեան:

2 – Թուրքեւատրպէյճանական ազդեցութիւնը եւրոպայի մէջ: Բանախօսներն էին Տաթեւիկ Հայրապետյանը, Մուրատ Փափազեանը եւ Սամուէլ Մարտիրոսեանը, որոնք անդրադարձան եւրոպայի մէջ թրքական եւ ատրպէյճանական լոպիներուն ու անոնց գործունէութեան եւ կատարեցին կարգ մը  առաջարկներ մանաւանդ ինչ կը վերաբերի լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործման: նշեալ կլոր սեղանը վարեց Հեղինէ Էվինեանը:

3 – Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումներու գործընթացը: Այս նիւթին բանախօսներն էին Միհրան Տապաղը, որ ներկայացուց Ցեղասպանութեան յիշողութեան կարեւորութիւնը եւ Վլադտմիր Վարդանեանը  որ խօսեցաւ Հատուցման գործընթացի հոլովոյթին մասին: Առաջին կլոր սեղանին զրուցավարն էր Գէորգ Յակոբճեանը:

Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարի աշխատանքը կը շարունակուի 19 հոկտեմբեր 2017-ին  եւրոպական Խորհրդարանին մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles