Լրահոս

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ  10 Միլիոն Եւրօ

 

Եւրոպական Միութիւնը կը դիտարկէ Հայաստանին եւս 10 միլիոն եւրոյի օժանդակութեան տրամադրումը Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն, որուն նպատակն է աջակցիլ դաշնակիցներու պաշտպանութեան:

Կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս այդ մասին առաջարկը ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, որ պէտք է զայն քննարկէ յառաջիկայ շաբաթներուն: Քննարկման օրը, սակայն, տակաւին յստակ չէ:

Առաջարկը ուժի մէջ պիտի մտնէ, եթէ հաւանութիւն տան Միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները: Անցած տարի, օրինակ, Հունգարիան արգելակած էր այս օգնութեան տրամադրումը` պահանջելով, որ ծրագիրին մէջ նաեւ Ատրպէյճանը ներառուի: Շաբաթներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէ ետք եւրոպացի դիւանագէտները այն ժամանակ յաջողած էին յաղթահարել Պուտափէշթի դիմակայութիւնը:

Հայաստանը անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով 10 միլիոն եւրօ ստացաւ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button