Գլխաւոր
Եւրոմիութիւնը Արագ Արձագանգման Խումբ Պիտի Ուղարկէ Հ․Հ․ Ընտրութիւններուն

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ուղարկէ արագ արձագանգման խումբ` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդառաջ սպառնալիքները դիմակայելու համար:
«Դրացնութեան ժողովրդավարական դիմադրողականութեան աջակցութիւնը կը մնայ կարեւոր: Մենք Հայաստանը մինակ պիտի չձգենք` բախելու արտաքին միջամտութեան: Ճնշման տակ գտնուող ժողովրդավարութիւնները կրնան իրենց յոյսը դնել Եւրոպայի վրայ», ըսաւ արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս:
Մարդու իրաւունքներու փորձագէտներ մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ:
Այս մտադրութիւնը ընդդիմութիւնը նկատած էր միջամտութիւն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, իսկ իշխանութիւնը` աջակցութիւն, որ պայքարին սպառնալիքներու դէմ:

