ՊՐԻՒՔՍԷԼ. – Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 2018-ին դէպի Արցախ տակարած իր առաջին այցելութենէն ետք, Եւրոխորհրդարանի գերմանացի անդամ Մարթին Զոննըպորնը անգամ մը եւս Արցախ ժամանեց, այս անգամ առաջնորդելով 25 անդամէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը գերմանացի դասախօսներ, լրագրողներ եւ կուսակցական անդամներ: Պատուիրակութեան կ’ուղեկցին Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը, գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի՝ Հեղինե Էվինեանը եւ ծրագիրներու պատասխանատու՝ Աշխէն Ֆիքովան:
Երկուշաբթի, Օգոստոս 26-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի խորհրդարանի «Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբ»-ի անդամներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը` որպէս Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդի դէմ պարտադրուած ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարի միջոց: Մասնակիցները շեշտեցին բանակցային գործընթացին՝ Արցախեան իշխանութիւններու վճռական անհրաժեշտութիւն ունեցող ապագայ մասնակցութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն կարգաւորման հասնելու նպատակով:

Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի մէջ գործող «Հալօ Թրասթ» ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը: Այնուհետեւ պատուիրակութեան մաս կազմող երկու անդամներ հանդէս եկան հանրային դասախօսութեամբ մը ուր հիւրերն ու Ստեփանակերտի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու:
Մեկնաբանելով այցելութիւնը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան յայտնեց. «Անցեալ տարուայ մեր նախաձեռնած Մարթին Զոննըպորնի առաջին այցելութեան ընթացքին, ան խոստացաւ շատ աւելի մեծ խումբով վերադառնալ Արցախ, որպէսզի անմիջական կապ հաստատէ տեղւոյն բնակչութեան հետ, եւ ահա այստեղ կը գտնուինք 25 գերմանացի մատաւորականներու հետ: Մենք չափազանց ուրախ ենք մասնակցելու Զոննըպորնի ձեռնարկած այս այցելութեան, որ պիտի օգնէ զգալիօրէն ամրապնդել երկու ժողովուրդներու միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը եւ ստեղծել նոր կամուրջներ»:
Կարապետեան շարունակեց տեղեկացնելով. «Այս այցելութիւնը նաեւ կը հանդիսանայ իբր յստակ ուղերձ աշխարհին, որ Ատրպէյճանի վառած հակահայ քաղաքականութիւնը՝ Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ Արցախ այցելողներուն դէմ սպառնալիքները ձախողած քաղաքականութիւն է: Այժմ ժամանակն է, որ միջազգային քաղաքական գործիչներ եւ յատկապէս Եւրոմիութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները հետեւին Զոննըպորնի օրինակին եւ այցելեն Արցախ, հանդիպին եւ լսեն ժողովուրդին եւ մասնակցին անոնց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին»:
Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները պիտի հանդիպին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար՝ Մասիս Մայիլեանի հետ եւ պիտի այցելեն Արցախի օդակայան:
Շաբաթ, Օգոստոս 24 -ին, Արցախ ժամանելէ առաջ, գերմանական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Զոննըպորնի առաջնորդած պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Հարնապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանին հետ:


