ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆԻ ՇԵՄԻՆ. Ո՞ՒՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԲԱՆԻՆՔ

Յ. Պալեան
3 Յուլիս 2025 – Փարիզ
Տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ ութսուն տարիէ վեր հոլովուող Երրորդ Համաշխարհայինը ենթադրութիւն չէ, ան սկսած է: Բեմը զբօսի վայր դարձած լրատուամիջոցները եւ զուարճութեան անդուռ համացանցը չեն միայն: Հանդիսատես ենք, մեծ ու պզտիկ, ներքաշուած ենք պատերազմի մէջ: Աշխարհի քարտէսին առջեւ կանգնինք եւ նշենք այն երկիրները, ուր արդիական զէնքերով կռիւներ կը մղուին : Վայրեր՝ որոնք պայթիւնավտանգ են: Ինչ որ տեղի կ’ունենայ Ուքրայինա եւ Ռուսիա, Իրան, Միջին Արեւելք, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի Միջեւ, Ափրիկէ, նախերգանք է : Էրաշխիք չկայ, որ երկու գերհզօր պետութիւններ, Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ, Թայուանի համար համաշխարհային խարուկահանդէս պիտի չբռնկեցնեն:
Վիճակագրութիւն սիրող քաղաքակիրթ աշխարհը ինչո՞ւ զոհերու թիւերով չի խօսիր, չ’ըսեր, թէ ամէն օր, անանուն պատերազմներու մէջ, զոհուողներու թիւի ընդհանուր գումարը: Ռուսիա եւ Ուքրայինա հազարաւոր դիակներ կը փոխանակեն: Կը խօսին եւ կը լսենք, այնպէս, որ կարծէք այդ թիւերու ետին մարդիկ եւ կեանքեր չըլլային: Հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու, Իսրայէլ եւ Իրան կը պատերազմին, ռումբերով, հրթիռներով զիրար կը հարուածեն, քաղաքներ կը քանդեն, ամէն օր եւ ամէն ժամ մարդիկ կը սպանուին: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը չի վարանիր արտակարգ հզօրութեամբ ռումբեր գործածել: Սարսափի հիացումով տեսանք:
Լսելով եւ հեռատեսիլի պատկերներ դիտելով վկայ ենք հարաւէն հիւսիս ներխռւժման մարդկային ահեղ ալիքին որ, կրկին, իր անունը չըսող պատերազմ է, այսօր՝ գաղթականութիւն , վա՞ղը…
Այս ընկերային, քաղաքակրթական, ծաւալապաշտական, տիրակալական, շրջանային եւ մասնակի թուացող պատերազմները եւ ժողովուրդներու զանգուածային տեղաշարժերու հետեւանքները եթէ գումարենք, կը ստացուի համաշխարհային պատերազմ: Հարց տանք. արդէն դասական համարուող «համաշխարհային»ներէն տարբեր եւ աւելի հզօր իրապէս համամոլորակային, նոյնիսկ՝ տիեզերական պատերազմը սկսա՞ծ է: Ահագնացող գուպար կայ, քանի որ զարմանալի թող չթուի, վաղը պատերազմ կրնայ տեղի ունենալ Լուսնի եւ Հրատի վրայ:
Ի՞նչ կը բանինք մենք, բուռ մը հայ ժողովուրդ, մեր Հայաստանի վերջին բեկոր հանրապետութեամբ, աղմկող բազազմապատիկ, մէկ բեւեռէ միւսը, արեւելքէն արեւմուտք տարածուող, յարաճող-նօսրացող բազմանուն սփւռք(ներ)ով: Ի՞նչ պատկերացում ունինք անորոշ հասցէներու վերածուած ՀԱՅ ԱԶԳի ներկայի եւ գալիքի մասին, այս կ’ընե՞նք, դիրքերէ եւ անհատականէ անդին չնայող փառասիրութիւնները մոռնալով:
Գալիքը կրնա՞նք դիմաւորել առանց միաւորման եւ կանխատեսութեան:
Հայաստանի վերջին բեկոր Հանրապետութեան եւ բազմանուն-բազմացող Սփիւռքի մէջ, կարծէք այլեւս անհնար դարձած է նոյն ուղղութեամբ նայելու ողջախոհութիւնը: Հայրենատէր ժողովուրդ չենք: Եթէ չենք հասկցած, որ պատմութեան արկած Սփիւռք(ներ)ը հայրենիք չէ, ան գաղթականի եւ քոչուորի բնակավայր է: Հայեր կը գաղթեն Հանրապետութենէն, ապա կը գաղթեն մէկ համայնքէ միւսը, նոր համայնքներ կը ստեղծեն, վարձու սենեակներ՝, ուր հիւր են, զորս կը համարեն «հայրենիքի մասնաճիւղ», եւ «հանգամանաւոր»ներու ծնունդ կու տան: Նոր եւ հայրենահանուածներու սփիւռքները կարծէք կը գտնուին «զուարճացող զբօսանաւի մը վրայ, որ ղեկ չունի, ունի ղեկեր:
Այս մասին, իր «Գիրք Լինելութեան« մէջ, գերիրատես խօսք ունի հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեան: Ըսած է. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր , որպէսզի չասեն ծառայ»: Կարծէք «գաղթականութիւն»ը ազգի լինելիութեան վիճակ է, որ վաղ թէ ուշ, պիտի յանգի չլինել»ութեան: Մինչ այդ, մեր կեանքը կը խռովուի ճիշդի ու սխալի անվերջանալի վէճերով, որոնք պիտի աւարտին, երբ խաղցողներ մնացած չըլլան: Ոչ-հեռաւոր անցեալին, հայրենահանուածները իրենք զիրենք կը կոչէին վանեցի, մշեցի, այնթապցի, մարաշցի, սասունցի, հիմա այդ անուանումները մոռցուած են, կ’ըսենք՝ ֆրանսացի եմ, ամերիկացի եմ, քանատացի եմ, որդեգրած են շխարհագրական բազմանուն ինքնութիւններ, որոնց մէջ պիտի մանրուի եւ անհտանայ հայը, իր լեզուով, մշակոյթով, ինքնութեամբ, իրաւունքով, կամայ կամ ակամայ համարկուելով աշխարհագրական այս կամ այն պարունակին:
Եթէ հայ ինքնուրոյն ազգի ըմբռնումով անդրադառնանք կացութեան, եթէ ղեկավարութիւնները անդրադառնան, անդրադարձած ըլլային ժամանակի եւ պահու թելադրած քաղաքական-գաղափարախօսական հրամայականներուն, Հայաստանի վերջին բեկորին տէր կ’ըլլայինք ո՛չ դիրքապաշտութեամբ եւ ոչ՛ ընչաքաղցութեամբ, այլ՝ խմբուելով եւ խմբելով, մէկտեղելով ուժեր եւ կարողութիւններ, ո՛չ յաւելեալ զանազան իրաւունքներու համար, այլ՝ ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ գոյութենական պարտքի:
Աջ եւ ձախ, ներսը եւ դուրսը, չենք ուզեր տեսնել, որ համաշխարհայինը սկսած է, զայն կոչեցէ՛ք կայսերական կամ կրօնական պատերազմ, ինչպէս որ կ’ուզէք: Կողմ ըլլալու համար ուժ չենք, կողմերուն համար թիւի լրացում ենք: Ինչպէ՞ս ՀԱՅ ԿՈՉՈՒԱԾ ԱԶԳը, իր պարտութիւններ դիմակայող փոքրացած-փոքրացող երկրով, ուրկէ բացակայ են սփիւռք(ներ)ը եւ հայրենիք լքողները, որոնք բազմութիւն են, բայց ազգի տեսանկիւնէ սոսկ միգամած են, պիտի մնայ պատմութեան բեմին վրայ:
Սխալներ գործուած են, կը գործուին, պիտի գործուին, քանի որ տեւաբար չբաւարարուած ԵՍերու թատրոն կը սարքենք, թաքցնելու համար պարտութիւն եւ նահանջ, ոչ ոք կ’ըսէ հուսկ ո՞ւր հասնելու համար: Այս կացութիւնը կը բացատրէ ամէն տեսակի ընչաքաղցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն, մի՛շտ ներսի եւ դուրսի: Նոյն հունով, ինքնախոստովանութիւն ընելէ կը խուսափինք կը վերացնենք ամէն կարգի հեղինակութիւն, ան ըլլայ քաղաքական, կրօնական թէ բարոյական, անմիջականի զոհելով գալիք եւ ազգի էականը: Այս բոլորի ամենաթողութեան հանդէսը Հայաստանի Ազգային ժողովն է, նաեւ ընդհանրապէս հայկական մամուլը, հեռատեսիլը, անդուռ համացանցը եւ հայրենասիրական «տուրիզմ»ը:
Կը խօսինք վերականգնումի մասին: Չենք ըսեր՝ ինչպէ՞ս, քանի որ այդ ընելու համար «արժէքային համակարգ»ով պէտք է առաջնորդուիլ, որպէսզի դուրս գանք պարտութիւն-պառակտումի սադայէլի շրջանակէն: Իսկ մենք տեւաբար կը քանդենք արժէքային համակարգը, կ’անտեսենք որակ:
Մեզի կը պակսի հիմնական-հիմնարար առաքինութիւնը, հռոմէացիին «վիրթուս«ը (virtus), որ եսը գերանցող հոգեկան ռւժն է: Մեր լինելիական ներկային մէջ, այդ կանխատեսման միացման եւ առաքինութիւնն է, առանց որուն ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի հասնինք դարավերջ, որ ազգի վաղն է եւ հեռու չէ: Եթէ նախատեսելու եւ միացնելու յանձնառութեամբ չառաջնորդուինք եւ չառաջնորդենք, չինացի իմաստուն Կոմփիւկիոսը պիտի չգայ ըսելու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք եւ ո՞ւր պիտի հասնինք: Երբ դադրինք մենք ըլլալէ, պատմաբաններ, տեղ մը պիտի արձանագրեն թէ եղած ենք, պիտի ըլլայ սոսկ պատմական յիշեցում, պիտի չըլլան մշեցիներ, սասունցիներ, կիլիկեցիներ, պիտի չըլլան արտագաղթած գիւմրեցիներ, երեւանցիներ, աշտարակեցիներ:
Հայկական Պետութենէն եւ Սփիւռքի բազմանուն ղեկավարութիւններէն պատասխանի կը սպասէ հետեւեւեալ հարցումը. ի՞նչ ըրած են եւ կ’ընեն բնակեցման եւ հայրենադարձութեան համար: Միթէ՞ Արցախը կը կորսնցնէինք, եթէ, ներսը եւ դուրսը, ունեցած ըլլայինք իսկական հայրենատիրական բնակեցման քաղաքականութիւն:
Ընդդէմ պարտւթեան եւ պառակտումի, գոյութենական փակուղիէն դուրս գալու հրաշքը կրնանք իրականացնել կանխատեսման եւ միացման յանձնառութեամբ: Ա՛յս ո՛չ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Միացնել այսօ՛ր: Վաղը ուրիշ մեծ միացումներ եղած կ’ըլլան: Մենք կը մոռցուինք ճամբեզրին: Եւ կ’ըլլան նոր անուններով անժառանգ կուշտ յետնորդներ:
Սփիւռքը ո՛չ հայրենիք է եւ ո՛չ ալ ազգ: Ան բազմադէմ հանգամանաւորներու աղմուկ է՝ վասն լաւ ապրելու: Հայ Ազգի լինելիութեան տեսանկիւնէ ի՞նչ է անոր վաղը…
Ի՞նչ կը բանինք: Զիրար կը հալածենք, կը վարկաբեկենք: Վերջին թատրոնը Հայաստանեայց եկեղեցին է: Կարծէք մեզ հարուածելու եւ պատմութեան բեմէն հեռացնելու համար թշնամիի գրոհի կարիք չկայ, այդ մենք կ’ընենք: Աւանդութիւն է: Մենք պահանջեցինք հայ Արշակունի թագաւորի գահընկեցութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն, «Կոմունիստ» թերթը գրեց, որ յեղափոխութիւնը չի յաջողիր եթէ «չհոսի հայ բուրժուայ»-ի արիւնը: Այդպէս եղած ենք:
Ախտաւոր հոգեբանութեան սադայէլի շրջանակէն ազգը դուրս հանող եւ համացանցի եթերին մէջ չթափառող նոր օրերու նախախնամական Մարդակերտը կը սպասուի: Ան միացեալ եւ նոյն ուղղութեամբ նայող Հանրապետութեան եւ սփիւռքի թմբիրէ արթնցած ժողովուրդն է, որ հրաշք պահու մը, ինք պիտի հնչեցնէ արթնութեան փող եւ զանգ:
Յիշե՛լ եւ յիշեցնե՛լ, որ վաղը ուշ է:

