
Այս տարի 2013 թուականին կը զուգադիպին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերանաշնորհ երկու Վեհափառներու` Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա.-ի վախճանման տարելիցները: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ Ապրիլ 12-ի երեկոյեան, Մայրավանքէն ներս յիշատակի երեկոյ կատարուեցաւ Երջ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանման 50-րդ տարելիցին եւ Երջ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի վախճանման 30-րդ տարելիցին նուիրուած:
Նորին Սրբութեան յիշատակի երեկոյի այս որոշումով արժանի յարգանքն ու տուրքը մատուցուեցաւ Հայրապետներուն, որոնք իրենց գահակալութեան տարիներուն անսակարկ նուիրումով այս դարաւոր Սուրբ Աթոռին միջոցաւ ծառայեցին Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին:
Երեկոն սկսաւ 1988-ին Վեհափառ Հայրապետին այն օրերուն Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանման ի յիշատակ կատարուած ձեռնարկի ընթացքին արտասանած խօսքի ունկնդրութեամբ: Ապա, Երջ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին մասին պատրաստուած տեսաերիզ ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք Տիար Ալեքքօ Պէզիքեան վկայութիւն տուաւ Զարեհ Կաթողիկոսի մասին: Տիար Պէզիքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. “Ես Վեհափառը ճանչցայ որպէս մարդ, որպէս հոգեւոր հայր, իր պարզութեամբ ու մանաւանդ իր ներողամտութեան ոգիով“: Ապա խօսելով Վեհափառի անձին ու գործունէութեան մասին, Տիար Ալեքքօ ըսաւ. “Այսօր կը խօսուի Հռոմէական Եկեղեցւոյ նորընտիր Գահակալ Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս Ա.ի պարզութեան ու համեստութեան մասին: Ու կը մոռնանք, որ մենք 57 տարիներ առաջ, ունեցած ենք նոյն արժանիքներով ու շնորհքներով Վեհափառ մը, յանձինս Զարեհ Կաթողիկոսին“:
Իր խօսքի աւարտին, Տիար Պէզիքեան ըսաւ. “Զարեհ Կաթողիկոս նահա-տակուեցաւ: Յարգանք Նահատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին ու բիւր յարգանք Անոր անմար յիշատակին“:
Պէզիքեանի խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Երջ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի մասին պատրաստուած տեսաերիզը, որմէ ետք Խորէն Կաթողիկոսի մասին իր վկայութիւնը տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ խօսելով Երջ. Խորէն Կաթողիկոսի մասին, նախ եւ առաջ յայտնեց, որ Երջ. Խորէն Կաթողիկոսը ճանչցած է իր փոքր տարիքէն, որովհետեւ Ան իրենց ընտանիքին մօտիկ բարեկամը եղած էր: Տիար Բագրատունի նաեւ ըսաւ. “Տարիներու թաւալքին հետ աւելի ճանչցայ Վեհափառը: Բացառիկ կարողութիւններով օժտուած անձ էր ան: Իր անունին կապուած են շինարարական, մշակութային, Ապրիլեան Յուշարձանի կանգնումին եւ այլ բազմաթիւ իրագործումներու հետ:Շինարար էր Խորէն Կաթողիկոսը“: Շարունակելով իր խօսքը Տիար Յակոբ աւելցուց. “52 տարիներ Լիբանանի մէջ անցուցած տարիներու ընթացքին, իր կատարած իրագործումները կը վկայեն Խորէն Կաթողիկոսի շինարար ոգիին, ու բազմաթիւ կառոյցներ կը կրեն Վեհափառին ճակտի քրտինքը“: Աւարտելով իր խօսքը, ան ըսաւ. “Խորէն Վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղաւ, որ բոլորին կողմէ սիրուեցաւ“:
Տեսաերիզներու ցուցադրութեան ու վկայութիւններուն ընթացքին մէջընդմէջ ելոյթ ունեցան Ճէնտէրէճեան եղբայրները ջութակով, Յասմիկ Գասպարեանն ու Տաթեւիկ Արթինեանը դաշնամուրով, եւ Շողիկ Թորոսեանը մեներգութեամբ:
Աւարտին, Երջ. հայրապետներուն մասին իր վկայութիւնը տուաւ նաեւ անոնց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Իր խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. “Ամբողջական հաւատարմութիւն եւ անանձնական նուիրում: Այս բառերով կը բնորոշուին մեր երկու սիրելի Երջ. Կաթողիկոսները“:
Ան նշեց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, յետ եղեռնեան շրջանին կայք հաստատելէ ետք Անթիլիասի մէջ, իր առաքելութեան գլխաւոր նպատակը եղած է պահպանել մեր ժողովուրդին զաւակները, վառ պահել անոնց հոգիին մէջ Ս. Թադէոս-Բարթուղիմէոսեան ու Ս. Լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը Աստուածորդիին նկատմամբ: Ամուր ու կառչած պահել զանոնք ազգային ու մշակութային արժէքներուն կարենալ հայաբար ապրելու սեփական ու պապենական հողերէն դուրս մնալէ ետք: Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին ուխտեալ սպասարկուները իրենց Վեհապետներուն գլխաւորութեամբ ու իմաստուն առաջնորդութեամբ այս ուղղութեամբ է որ գործած ու ծառայած են:
Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. “Այս ձեռնարկին նպատակը անցեալը յիշել է եւ մեր յարգանքը մատուցել է անոնց ծառայական վաստակին: Երկու Վեհափառ Հայրապետները եղած են ուխտակից ու գործակից: Տարբեր խառնուածքով եւ տարբեր շնորհքներով օժտուած էին անոնք, սակայն իրենց ծառայական ոգին նոյնն էր եւ անոնք իրենց անձերը Աւետարանական ճշմարտութեամբ գոյիւ չափ զկեանս իւրեանց դրին Հայ եկեղեցւոյ, Հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարօրութեան ու բարգաւաճման համար“: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “Մեր սիրելի Կաթողիկոսները կը մնան խորհրդանիշ գալիք բոլոր սերունդներուն: Անոնք տագնապեցան, տքնեցան, ծառայեցին այս Սուրբ Աթոռին, Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին, եւ վստահ եմ այսօր, որ անոնք կը հրճուին ի տես մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս տակաւ ամրապնդուող ազգային միասնականութեան“:
Նշենք թէ, 2003-ին Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած է Երջ. Զարեհ Կաթողիկոսին “Յովհան Ոսկեբերան եւ իր “Մատթէի մեկնութիւն“ը“ աշխատասիրութիւնը: Իսկ վերջին այս մի քանի օրերուն, լոյս տեսաւ Երջ. Խորէն Կաթողիկոսին “Կոնդակներ, Պատգամներ եւ Քարոզներ“ հատորը: