ԵՐՈՒԱՆԴ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՆՈՂ ԲԱՌԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:4 Minute, 57 Second

Յ. Պալեան

            Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ մտաւորականութեան խօսքը հազուադէպօրէն կը լսուի հայկական կացութեան մասին: Քաղաքական կողմնապաշտական աղմկարարութեան մէջ անոնց տեղ չկայ: Իրենք ալ բացակայ են: Յաճախ գրական եւ արուեստի գեղեցիկի որոնումով կը բաւարարուին:

            Խօսքս ընթացիկ քարոզչութեան կամ թեր ու դէմի մասին չէ, այլ՝ ազգին մէջ մտաւորականութեան դերի մասին: Սերունդներ իր գաղափարներով դրոշմած ֆրանսացի իմաստասէր-գրող Ժան-Փոլ Սարթր ըսած է հետեւեալը. «Յիսուն տարիէ ի վեր ժողովուրդը եւ մտաւորականները բաժնուած են: Անհրաժեշտ է որ անոնք մէկ ըլլան»:

            Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, երեսուն տարիէ ի վեր մեր ժողովուրդը եւ մտաւորականները բաժնուած են: Մտաւորականները ո՛չ գործարար են, ո՛չ քաղաքական գործիչ, ո՛չ բիզնեսմէն, ո՛չ լիտըր, ո՛չ բարերար: Այսինքն՝ գրեթէ բացակայ են, տեղ չունին:

            Ամերիկայի ՊԱՅՔԱՐ շաբաթաթերթին մէջ լոյս կը տեսնեն Հայաստանի յայտնի եւ ներհուն մտաւորական Երուանդ Խաչատրեանի հետաքրքրական, առանց փառասիրութեան գրուած դիպուկ նամակ-քրոնիկները, որոնք մտածելու կը մղեն առօրեայէն եւ անմիջականէն անդին նայող ընթերցողը: Բայց հայը կը նախընտրէ լսել օտարի իմաստութիւնը, քան իր մտաւորականի խօսքը:

            Երկու տողի մէջ ամփոփուած քննադատական իմաստութիւն մը կարդացի: Ի հարկէ, ամէն ընթերցող, ուրիշի ըսած եւ գրած խօսքը կը թաթխէ իր միտքերու, մտահոգութիւններու եւ դառնութիւններու աւազանին մէջ: Երուանդ Խաչատրեանի հարցումը տարածեցի մեր ներկայի ազգային, քաղաքական, մշակութային, յաճախ նաեւ անտեղեակութեամբ եւ անգրագիտութեամբ կազմուած-կազմաւորուող հանրային կարծիքին վրայ, ներսը եւ դուրսը:

            Երուանդ Խաչատրեան հարց կու տայ ինքնիրեն, մեզի, հայաշխարհին. «Ի՞նչն է պատճառը՝ ինտելեկտի պակա՞սը, մեծ մշակոյթից անտեղեակ լինե՞լը, գաւառական գրամոլութիւնը իբրեւ գրականութիւն տեսնե՞լը… Ի՞նչ իմանաս…»: Շարունակելով մտածման ընթացքը, աւելցնենք պատմութենէն, միջազգային քաղաքականութենէն, լայն առումով ընկերային-քաղաքակրթական հոլովոյթէն անտեղեակութիւնը, թաղային հեղինակութեան մոլութեամբ փոխարինումը ազգային-քաղաքական ղեկավարման միտքի:

            Գրամոլութիւն ըսուած է գրականութեան նահանջի համար, երբ բառակոյտը կը փոխարինէ ստեղծագործականը: Քաղաքականութեան համար կրնանք ըսել աթոռամոլութիւն, որուն յաճախ կ’ընկերանայ ընչաքաղցութիւնը: Այս երեւոյթները Երուանդ Խաչատրեանի նշած ինտելեկտի պակասի հետեւանք չեն, հետեւանք են անսահման եւ սահմանազանց երեւելիապաշտական ախտի, որ յատուկ չէ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռք(ներ)ի: Եւ ազգի ղեկավարումը, միշտ ներսը եւ դուրսը, յաճախ կը յանձնուի, չես գիտեր ինչպէս, նշուած «մշակոյթից անտեղեակ» «գաւառական գրամոլներու», ե՛ւ ազգային մշակոյթէ եւ ազգային քաղաքականութեան հիմնաւորման անհրաժեշտ գիտութիւն-գաղափարականէն  հեռու-հեռացածներու:

            Մենք մեզի հետ եթէ անկեղծութեամբ հաշուի նստինք, թերեւս կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ Հայաստանը որպէս պետութիւն եւ որպէս հանրապետութիւն դեռ չէ կայացած: Գտնուած ենք Խորհրդային Միութեան փլուզման վաղորդայնին, պետութիւն յառաջացուցած ենք հետեւութեամբ, վերացնելով միայն «խորհրդային»ը, բայց չենք ունեցած ազգային պետութիւն եւ հանրապետութիւն ստեղծող հիմնարար սկզբունքներ, քանի որ անոնց մշակման համար ո՛չ պայմանները գոյութիւն ունեցած էին ո՛չ ալ եղած են մտածական խմորումները (Երուանդ Խաչատրեանի ինտելեկտը):

            Այսինքն ժամանակ չէինք ունեցած նոր ժամանակին մէջ մուտք գործելու գաղափարական հէնքը: Յետ-խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ ձեւաւորումը որպէս կառոյց եւ ժողովրդավարական կազմակերպութիւն քաղաքական նոր եւ արդիական պետութիւն յառաջացնելու մտածումներու համադրման եւ եզրակացութեան արդիւնք չեղաւ: Խորհրդային պետութեան կառոյցին, կազմակերպական ըմբռնումներուն եւ արժեհամակարգի բնական շարունակութիւնը եղաւ նոր հանրապետութիւնը: Նորի ստեղծման հիմնաւորումներու վիճարկում չեղաւ: Օրինակ, ինչպէ՞ս կազմակերպել երկիրը, կեդրոնացեա՞լ իշխանութիւն ունենալ խորհրդային պատկերով, թէ՞ յառաջացնել ապակեդրոնացեալ պետութիւն: Կեդրոնացեալ դրութեան բացասական հետեւանք է Հայաստանի միաքաղաք ըլլալու վիճակը: Ուրիշ պզտիկ տարածութեամբ երկիրներ ալ կան, բայց անոնք միաքաղաք չեն: Ինչո՞ւ չվերանայիլ, օրինակ, քաղաքական նկատումներով կատարուած լեզուական եւ ժողովուրդի հատուածները իրարմէ հեռացուցած լեզուական (չ)բարեկարգումը:

            Ներկայ տագնապը երբ աւարտի, յետպատերազմեան առաջնահերթութիւններու շարքին պէտք է արձանագրել երկրի համապարփակ զարգացման համար անհրաժեշտ կառուցային վերանայումը: Ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը կրնա՞յ ազգային միութեան եւ քաղաքական կեանքի ուժեղացման ազդակ ըլլալ, եւ առաջին հերթին կասեցնել բնակչութեան երեւայնացումը եւ շրջաններու վնասակար դատարկման առաջքը առնել: Ոչ մէկ գիրք կայ, ոչ մէկ քաղաքական գործիչ, իրաւագէտ, սահմանադրագէտ, որ անմիջական խառնաշփոթիւններէն հեռանալով, այս հիմնական եւ հիմնարար հարցերով զբաղի եւ լուսաբանէ:

            Անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանինք, որ Հայաստանի մէջ այս փորձը չեղաւ, փորձառութիւն չստեղծուեցաւ: Իշխանութեան տիրացման ուղղուած լարուած ճիգերը գրաւեցին քաղաքական դաշտը եւ լայն ըմբռնումով քաղաքական մտածողութիւնը չզարգացաւ, մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի պայմաններուն յատուկ քաղաքական կառոյց եւ կազմակերպութիւն չունեցանք: Օրինակ, յաճախ յիշուող տասը միլիոն հայութեան ներկայութիւնը երկրի երեք միլիոնին յարաբերաբար զգացական-բարեսիրականի մշուշէն դուրս չելաւ: Չունեցանք իրապէս համազգային մտածողութիւն եւ կազմակերպութիւն: Կ’ունենա՞նք: Ինչպէ՞ս: Կը հրաժարի՞նք զգացական եւ խրախուսական ճառերէ. Երուանդ Խաչատրեանի բիրտ ձեւով ըսուած՝ գրամոլութենէ:

            Անհրաժեշտ էր հաստատել, պետական առողջ համակարգ ունենալու համար, իշխանութեան երեք օղակներու անկախութիւնը, որ նախապայմանն է դրական համագործակցութեան: Խորհրդային օրերէն ժառանգուած իշխանութեան կեդրոնացումը մէկ անձի ձեռքին մէջ, աւանդութիւն էր, սովորութիւն, հետեւաբար նաեւ՝ նորերու փորձութիւն: Յաջորդական առաջին դէմքերը չկրցան խուսափիլ այդ փորձութենէն:

            Պէտք է չէ ուրանալ, որ գէթ ժողովրդավարութեան գլխաւոր առաքինութիւնը, խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը, որ առաջին օրերու խարխափումներէն ետք, պահուեցաւ:

            Բայց ինչ որ վերը կը նշէի, գաւառամտութիւնը (Հայաստան գաւառ էր Մոսկուայի համար), անոր հետեւանք՝ թաղային հեղինակութիւնը, տեւեցին, քաղաքական իշխանութիւնը ծառայեցնելով ընտանիքին, ընկեր-բարեկամներու: Քաղաքական ղեկավարին համար իշխանութիւնը չարաշահելու յոռեգոյն եղանակը: Պէտք է հասկնալ, որ գաւառամտութիւն եւ թաղային հեղինակութիւն կը հաստատեն մասնաւորներու խմբակային շահերու ձեռբերումը, եւ հաւաքականութեան եւ ընդհանրականի շահերու պաշտպանութիւնը կը մնայ քանի մը անձերու նպատակը, հետաքրքրութիւնը, պայքարի զգացական դաշտը:

            Հոս կը սկսի իրաւ մտաւորականութեան դերը, ոչ Երուանդ Խաչատրեանի ընդհանուր բնորոշումով սահմանուած գրամոլներու, լուսաբանելու համար հանրային կարծիքը, դատափետելու համար իշխանութեան օղակներու չորացումը եւ անձնականացումը: Ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորը ըսած էր՝ «Ես եմ Պետութիւնը»,- (L’Etat c’est moi): Երբ թաղային հեղինակութիւնը կը դառնայ պետական իշխանութիւն եւ նոյն ձեւով կը գործէ, Պետութիւնը կը զրկուի հեղինակութենէ, կ’իյնայ առիթէն օգտուողներու եւ հեռանկար չունեցողներու ջրապտոյտին մէջ, եւ իր հետ կը տանի ազգը, մշակոյթը եւ հայրենիքը: Այս ամբոխահաճութեան (populisme) յաղթանակն է, եւ ազգի եւ հայրենիքի նսեմացումը:

            Առօրեայ հարցերուն լուծում պէտք է գտնել: Բայց յետպատերազմեան մարտահրաւէր է նաեւ պետական ըմբռնումի մշակումը եւ իւրացումը հայկական ընկերութեան կողմէ, ի հարկէ՝ Հայաստան, բայց նաեւ սփիւռք(ներ), ուր ղեկավարումը շատ յաճախ կողմնապաշտական, ընտանեպաշտական եւ թաղային հեղինակութեան բնոյթ ունի:

            Պէտք է կրկնել, որ կարծրատիպերու դէմ, իրաւ մտաւորականութիւնը հրապարակ պէտք է գայ քննադատութեամբ եւ առաջարկներով: Ազգը տոկալու, տեւելու եւ իր իրաւունքներուն տէր մնալու խնդիր ունի, եւ իրաւ մտաւորականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, պէտք չէ ինքզինք դատապարտէ քաղքենիական մեկուսացման, դառնայ իշխանաւորի ծառայ կամ խօսափող, եւ պայքարի ազգի եւ պետութեան մէկութեան, արդիականացման եւ հզօրացման համար:

            Մտաւորականութիւնը պէտք է ստանձէ իր բարոյական հեղինականութեան անհանգստացնող դերը:

            Ի պէտս լսողաց, կ’եզրակացնեմ ամերիկացի ժամանակակից գրող Ռասըլ Պանքսի խօսքով.

            «Պէտք է համարձակիլ իշխանութիւններուն ըսել ճշմարտութիւնը: Այս գործն է լրագրողներուն, մտաւորականներուն, գրողներուն»:

            Այս՝ յետ-պարտութեան եւ յետ-պատերազմեան ազգի քաղաքականութիւնը եւ վերականգնումը դնելու համար՝ խարխափումէ տարբեր՝  ճիշդ հունի մէջ:

 

 

           

 

 

 

 

 

           

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles