Յօդուածներ
Երկրաշարժին Վնասը Եւ Կաշառակերութիւնը Միահիւսուած Են Էրտողանի Թուրքիոյ Մէջ
Յարութ Սասունեան
Թուրքիոյ մէջ օր առ օր կ՛աւելնայ երկրաշարժի զոհերուն թիւը։ Մեր սիրտը կը ցաւի մինչ օրս արձանագրուած գրեթէ 50 հազար զոհերու եւ մօտաւորապէս 200 հազար վիրաւորներու համար: Հնագոյն Անտիոք (Անթաքիա) քաղաքը՝ 250 հազար բնակչութեամբ, հիմնականին մէջ վերածուած է աւ

