Լրահոս

Երկու Հայ Նախարարներ՝ Լիբանանի Կառավարութենէն Ներս

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին կարելի եղաւ կազմել նոր կառավարութիւն մը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած կառավարութեան մաս կը կազմեն երկու հայորդիներ՝ Աւետիս Կիտանեան (զբօսաշրջութեան նախարար) եւ Ժան Օղասապեան (կիներու հարցերու պետական նախարար):
Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ՝ Աւետիս Կիտանեան ծնած է Նոյեմբեր 21, 1966-ին: Ան երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը:
Ստանձնած է կուսակցական զանազան պաշտօններ: Ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութեան ատենապետ եւ 1992-էն սկսեալ տարբեր ժամանակաշրջաններու ստանձնած է Հ.Յ.Դ. Ընտրական կեդրոնական մեքենայի պատասխանատուութիւնը: Եղած է Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.-ն ներկայացուցած է զանազան համագումարներու եւ երկու անգամ Ղազախստանի ու Քամպոտիոյ մէջ մասնակցած Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համագումարին: Առաջին անգամ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուած է 1998-ին: 2001-2005 վարած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավարի պաշտօնը: 2009 թուականէն սկսեալ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն է: 2015-ին ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button