
Ալեքս Մանուկեան
Ուաշինկթըն
104 տարիներ առաջ, մեր ղեկավարները կերտեցին ազատ ու անկախ Հայաստան՝ պայքարելով զանազան դժուարութիւններու դէմ: Անոնք պայքարեցան արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ: Արտաքինը թուրքն էր, իսկ ներքինը՝ դժբախտաբար՝ hայ դաւաճանները:
Անոնք դիմագրաւեցին զանազան դժուարութիւններ, սակայն յաղթահարեցին աննկուն կամքով: Մեր ղեկավարները պայքարեցան մինչեւ վերջ, լաւ գիտակցելով որ կենաց եւ մահու խնդիր էր, գոյատեւման խնդիր էր: Թրքացման կամ հայ մնալու պայքար էր:
Որոշումը շատ յստակ էր:
Մնալ հայ ու միայն հայ:
Կերտել հայրենիք, ուր ապագայ սերունդները առիթ պիտի ունենան ազատ, անկախ ու հայօրէն ապրելու:
Մայիս 28, 1918 թուականը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ պատերազմի մը թուականը չէ: Ան մնայուն պատգամ է հայրենիքի ազատութեան եւ մարտահրաւէր՝ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն: Սակայն Մայիս 28-ով սկսած մեր ժողովուրդի պայքարը այժմ վտանգի տակ է: Մայիս 28-ով կերտուած մեր հայրենիքը, այսօր եւս ներքին ու արտաքին թշնամին կը փորձէ խլել մեզմէ: Այսօրուան թրքամէտ իշխանութիւնը գրաւած է հայաստանի կառավարական շէնքերը եւ անընդհատ պայմանագրեր կը ստորագրէ թուրք եւ ազերի թշնամիներուն հետ:
Բայց վստահ ենք որ «Դիմադրութիւն» շարժումը պիտի յաղթահարէ այս կացութիւնը, ինչպէս յաղթահարեցինք 1918-ին: Մայիս 28-ի հաւատքով ու տեսիլքով պէտք է շարունակենք մեր պայքարը:
Այս պայքարին մէջ աննշան չէ հայ երիտասարդին դերը: Ան անմասն պէտք չէ՛ մնայ: Հայ երիտասարդը 104 տարիներ առաջ ականատես եղաւ գոյամարտերուն եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ յաղթանակներուն, հայ երիտասարդը այսօր նաեւ ականատես է Արցախի դէմ գործուած բռնարարքներուն եւ այս անգամ եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ իր ժողովուրդին ապահովութեան ի խնդիր:
Ինչպէս դար մը առաջ նոյնպէս այսօր, դիմարութեան պայքարը՝ մահ կամ ազատութեան խնդիր է, գոյատեւման խնդիր է, թրքացման կամ հայ մնալու պայքար է: Ա՛լ դանակը հասած է ոտկորին: Այլընտրանք չկայ: Կա՛մ
կը պայքարինք մեր նախնիներուն կերտած հայրենիքը պահպանելու կամ կը դառնանք անտարբեր, անյոյս եւ անհայրենիք:
Պատահական չէ որ «Դիմադրութիւն» շարժման կարգախօսը «Զարթի’ր Լաօ»-ն է: Յստակ է որ մեր ժողովուրդէն մեծ մաս մը չորս տարիէ խաբուած վիճակի մէջ է եւ Արցախեան պատերազմէն ետք անջատուած կը զգայ: Բայց ժամը հասած է զարթնելու եւ պայքարելու մինչեւ, որ հայ ազգը ազատի ներկայ դաւաճան իշխանութենէն: Պէտք է պայքարիլ մինչեւ Արցախի ամբողջական ազատագրումը եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը։
Առանց թուրքի Հայաստան մը,
Առանց դաւաճաններու Հայաստան մը,
Առանց Նիկոլ Հայաստան մը: