Երիտասարդականներու Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

0 0
Read Time:37 Second

ՊՈՍԹԸՆ․- Կիրակի, Նոյեմբեր 22-ին, հայահոծ Ուաթըրթաուն շրջանի կեդրոնի հրապարակին վրայ, Հայ Երիտասարդաց Միութեան տեղւոյն «Նժդեհ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ցոյց, որուն մասնակցեցան նաեւ շրջանէն հայորդիներ։ Անոնք պաստառներով եւ լոզունքներով, բռնօրէն կը քննադատէին Ատրպէյճանի կատարած վայրագ յարձակումը։
Նշենք, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 14-ին, աւելի քան 80 երիտասարդականներ քաղաքի կեդրոնական «Քոփլի Սքուէր» շրջանին մէջ կատարած էին խաղաղ ցոյց մը, անցորդներուն ներկայացնելով Արցախի պատմութիւնը։
Այս ցոյցն ալ, կազմակերպուած էր, Պոսթընի «Նժդեհ» մասնաճիւղին կողմէ եւ Փրովիտենսի «Վարանդեան» եւ Ուուսթըրի «Արամ» մասնաճիւղերն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին։
Երիտասարդական Հրակ Առաքելեան հակիրճ տեղեկութիւններով ներկայացուց Արցախի պատմականը։ Հաւաքին պարզուած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները եւ զանազան «Արցախը Հայաստան է», «Դադրեցուցէք վայրագութիւնն ու անարդարութիւնը՝ Արցախի դէմ», «Մենք մեր զինուորներու կողքին ենք» պաստառները։
Աւելի քան երկու ժամ տեւեց այս բոxոքի հաւաքը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles