Լրահոս

Երթ Դէպի Եռաբլուր՝ Կիներու Օրուան Առիթով

ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 8-ին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը Բաղրամեան պողոտայէն երթ կազմակերպեց դէպի «Եռաբլուր» պանթէոնը։ Երթին մասնակցողները Եռաբլուրլի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին հայրենիքին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներուն յիշատակին։

Մասնակցողները դիտել տուին, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը անոնք կ՚ուզեն նշել Եռաբլուրի մէջ՝ զոհուած զինուորներու մայրերուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառով կորսնցուցին իրենց հարազատները:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button