Ամերիկահայ
ԵՐԷՑԿԻՆ ԶՈՒԱՐԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Չորեքշաբթի, Մայիս 24-ին իր մահկանացուն կնքեց երէցկին Զուարթ Յակոբեանը։ Ան հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներ Ասատուր եւ Էլիզար Թրթռեանի տասը զաւակներէն մէկն էր։ Ծնած է Քեսապ (Սուրիա), 1936ին, եւ աւելի ուշ ընտանիքով փոխադրուած է Պէյրութ, ուր հանդիպած ու ամուսնացած է Խորէն (ապագաÕ

