
Read Time:17 Second
Ուրբաթ, Մարտ 18-ին, Հարթֆըրտի եւ Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Յարութիւն եւ Սուրբ Գէորգ երեք եկեղեցիներու հաւատացեալները, միասնաբար աղօթեցին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն)։ Արժպ. Տ. Յարութիւն Քհն. Սապունճեան «Աստուած ընդ մեզ է» նիւթով քարոզեց։
Մեծ Պահքի ընթացքին, իւրաքանչիւր Ուրբաթ, հերթով երեք ծուխերը կը ստանձնեն Հսկումի արարողութիւնը եւ ապա՝ հաւատացեալները միասնաբար հիւրասիրութիւնը կը վայելեն։