
Ա.Ա.
Մինչ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահական հրամանագրով մը կը զօրացրէր Օգոստոս 3-ին սկսած մասնակի զօրահաւաքի ճամբով զօրակոչուած արցախցիները, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուէն կը յայտարարէր․- «Ոչ մէկ պարագայի պիտի ընդունինք Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ոտնակոխումը եւ ատրպէյճանական հողերու վրայ հայկական ապօրինի ուժերու գոյութիւնն ու գործունէութիւնը»։
Արցախի նախագահին Օգոստոս 10-ին ստորագրած զօրացրման հրամանագրին եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան միջեւ ինկող «ականապատուած» տարածքին մէջ կը տեղաւորուին նաեւ քանի մը զարգացումներ, որոնց մէջ առիւծի բաժինը կը խլէ վերջին օրերուն յստակօրէն դրսեւորուած ռուսական ատրպէյճանամէտ կեցուածքներու ամբողջութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի արցախեան ազատ տարածքներու դէմ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու կատարած ոտնձգութիւններուն եւ յարձակումներուն, որոնց թիրախը երեւութապէս արցախցիներն են, բայց պէտք է շեշտել, որ խորքին մէջ Պաքուի իշխանութիւնները փորձաքարի կը զարնեն ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ուղղուած մարտահրաւէրը դիմակալելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնն ու հակազդեցութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախն ու արցախահայութիւնը ոչ բանիւ այլ գործով պաշտպանելու միջազգային ընտանիքին հաստատակամութիւնը, որուն վերաբերեալ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին յայտարարած մտահոգութիւնը, թէ Արցախի ժողովուրդը իսկապէս կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին աջակցութեան, ցոյց կու տայ, որ միջազգային հանրութիւնը, ինչպէս միշտ, բաւարարուած է դիւանագիտական անլուրջ յայտարարութիւններով։
Արցախեան տարածքներու դէմ ատրպէյճանական վերջին ոտնձգութիւնները ցոյց տուին, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը գրեթէ ձախողած է։ Կամ լաւագոյն պարագային ձեւական է։ Նախ նկատի պէտք է ունենալ,որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն հաստատած եւ պաշտօնապէս իրենց հաւանութիւնը չեն տուած ռուսական խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան եւ առաքելութեան, որոնք կը կատարուին Արցախի ազատ շրջաններու «պաշտպանութեան» համար։ Ռուսերը պէտք է կանխարգիլեն զինեալ այն բոլոր գործողութիւնները, որոնք կ՛արձանագրուին Արցախի ազատ տարածքներուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած արցախեան շրջաններուն միջեւ գտնուող գիծին երկայնքին։ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած այս առաքելութիւնը սակայն այս օրերուն իր նպատակէն շեղած է։Աւելին։ Երբ Հայաստանի Ազգային Ժողովի իշխանական պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեան յայտարարեց, որ փոխադարձ անհասկացողութեան արդիւնք է ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մասին վերջին օրերուն Երեւանի եւ Մոսկուայի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, ապա աւելի քան յստակ դարձաւ, որ ռուսերը իրականութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն չէ, որ կը կատարեն։ Այլ այդ առաքելութեան միջոցով ծանօթ եւ անծանօթ պայմաններու մէջ կը «հովանաւորուի» ռուսեւատրպէյճանական լուռ համաձայնութեան մը կէտերը։ Այլապէս ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանել ռուսական կողմին որդեգրած կեցուածքը՝ ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դիմաց։ Տակաւին չենք խօսիր զինադուլի հսկողութեան նպատակով ստեղծուած ռուսեւթուրք միացեալ կեդրոնին մասին, որուն գոյութեան եւ գործունէութեան մասին այսօր ոչինչ կը խօսուի։ Ատրպէյճանական ուժերը կը խախտեն զինադուլը, ռուսերը կը բաւականան՝ նշելով ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ զինադուլի խախտման դէպքերը, Հայաստանի վարչապետը կը խօսի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մանրամասնութիւններուն յստակացման կարեւորութեան մասին, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, որ Մոսկուա տակաւին չէ իմացած Հայաստանի վարչապետին առաջարկներուն մասին։
Սերկէյ Լաւրովի այս յայտարարութեան յաջորդ օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ֆէյսպուքեան գրառման մը մէջ յայտարարեց։ «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութեան եւ ապագայի հաւանական խնդիրներու ստեղծոան վերաբերեալ հայկական կողմին մտահոգութիւնները, ի շարս այլ դէպքերու, փետրուար 2021ին գրաւոր փոխանցուած է Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան»։
Այս յայտարարութիւնը բաւական վտանգաւոր կացութեան մը ցուցանիշ է։ Լաւրովի յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ ռուսերը մինչեւ այսօր հայկական կողմին մտահոգութիւնները չեն իսկ կարդացած։ Կամ եթէ նոյնիսկ կարդացած ու իմացած են, ոչինչ կ՛ընեն եւ կ՛անտեսեն Երեւանի մտահոգութիւնները։Ռուսական այս կեցուածքը գետնի վրայ կը թարգմանուի ամբողջական կրաւորականութեամբ, որ կը ցուցաբերուի ատրպէյճանական ուժերու ոտնձգութիւններուն պարագային։ Ռուսական այս կեցուածքին դրդապատճառները ու՞ր պէտք է փնտռել։ Երեւանի վարած քաղաքականութեա՞ն, թէ՞ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին կողմէ Պաքուի իշխանութիւնները դարպասելու մտադրութիւններուն տուն տուող պատճառներուն մէջ։ Երկու պարագային ալ հայկական դիւանագիտութիւնը լուրջ ընելիք պէտք է ունենայ քաղաքական ուղղութիւններու վերանայման իմաստով։ Եթէ Երեւանի իշխանութիւնները կը խորհին, որ կրնան յաջողութեամբ պսակել ռուսական խաղաղապահ ուժերը միջազգային ուժերով փոխարինելու ծրագիր մը, կը նշանակէ, որ իրականութիւններէն կտրուած համակարգ մը կը գործէ։ Իսկ գետնի վրայ զարգացումները բաւարար են ահազանգելու այն ահաւոր վտանգը, զոր Արցախն ու արցախցիները կը դիմագրաւեն, եթէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ձեռնածալ քաղաքականութիւն մը վարելու ընթացքը շարունակուի։