Լրահոս

Երեւան – Կապան Թռիչքները Չեն Կատարուիր

Լուսանկարներ՝ ՀԵՏՔ-ի

Անցեալ տարուայ Նոյեմբեր 11-ի կառավարութեան որոշումներէն մէկն էր, որ այս Յունուարին պէտք է մեկնարկը տրուի Երեւան – Կապան – Երեւան թռիչքներուն։ Լուրը որոշակի ոգեւորութիւն ստեղծեց, սակայն ցայսօր ոչ մէկ թռիչք իրականացած է։
Նոյնիսկ, այս ոլորտն ալ օգտագործուած է Կապանի աւագանիի ընտրութիւններուն առթիւ։ Բնակչութեան յոյսեր փոխանցած է ներկայ «Իմ Քայլ»-ական ղեկավարութիւնը, որովհետեւ նմանօրինակ թռիչքի իրականացում, որոշ դրական կէտ կը սեպուէր։
Մինչ այդ 19 ճամբորդի համար վերապահուած յատուկ օդանաւը՝ LV-410, որ չեխական արտադրութիւն մըն է եւ կայք հաստատած է Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ, ցարդ կը մնայ անշարժ։ Ընկերութիւնը՝ Novair, կը պատկանի Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ հիւպատոս Արամ Մարութեանի, որ մտադրած էր նաեւ ընկերութեան գործունէութիւնը ընդլայնել, կատարելով թռիչքներ, այլ մօտակայ քաղաքներ, որոնց կարգին՝ Ռոստով, Թիֆլիս, Պաթում, Քրազնատար, Սոչի, Քութայսի եւայլն։
Կապանի օդակայանը պատրաստ է ընդունելու նմանօրինակ փոքր օդանաւներ եւ այս գծով հաստատեցին «Սիւնիք օդակայան»-ի պատասխանատուները, սակայն ցարդ, որ մէկ տեղեկութիւն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button