Գրական

Երեւան Եկուր

Կարին Անկողինեան

Ստեփանակերտ 

20.01.23

 

Հաճիս Երեւան եկուր ամրան,

Advertisement Subscribe Today

ինչ որ ուզես ունի մեր քաղաքը,

կեանքը լաւ է, երգը պարը․․․մինչեւ առտու,

հաճիս Երեւան եկուր։

 

Ըսաւ՝ ո՛չ,

թափառական տղայ վերադարձիր,

Երեւան չես յարմարուիր,

գիւղը քեզ կը կանչէ,

դաշտը տակաւին կանանչ է։

 

Հաճիս եկուր Ամերիկա հետս ապրելու,

գործերը լաւ են, դրամները շատ են,

միասին ստեղծենք ապագայ,

հաճիս եկուր Ամերիկա։

 

Ըսաւ՝ ո՛չ,

թափառական տղայ վերադարձիր,

օտարութեան մէջ չես յարմարուիր,

գիւղը քեզի կը կանչէ,

տեղդ լերան լանջն է։

 

Հաճիս եկուր երթանք Արցախ,

ուր կը վառենք տան օճախ,

պզտիկ գիւղ մը մենք կ’ապրինք,

գիտեմ հոս կը յարմարուինք։

 

Ըսաւ՝ այո՛,

թափառական տղայ վերադարձա՛ր,

երկրիդ արժէքը սորվեցա՛ր,

գիւղը մեզի կը կանչէ՛,

ուր մեր օճախը կը շնչէ՛։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button