
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Զարմանալի եւ անհասկնալի երեւոյթ…
Տեղին է բաղդատական մը կատարել հազիւ վեց շաբաթ իրարմէ բաժնող այս տարուայ Փետրուար 18 եւ Մայիս 5 թուականները: Արդարեւ, առաջինի պարագային Հ.Հ. նախագահական ընտրութիւններուն, պայմանները այնպէս մըն էին որ ընդդիմադիր հոսանքներուն գրեթէ մեծամասնութիւնը, նկատի ունենալով երկրէն ներս տիրող լծակներն ու անմրցելի կացութիւնը, նախընտրած էր թեկնածու չառաջադրել, մինչդեռ երկրորդին, այսինքն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու պարագային, տիրող … եւ տիրապետող կուսակցութեան` Հանրապետականներու կողքին, վեց այլ կուսակցութիւններ եւ խմբաւորումներ մասնակցած էին:
Բնականաբար հմուտ քաղաքագէտին համար, արագ վերլուծում մը, այն եզրակացութեան պիտի յանգէր թէ երկրորդին, այսինքն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն տրուած ըլլալով, որ բոլոր ուժերը ոգի ի բռին կը պայքարէին եւ այդ ալ աւելի փոքր ու խիտ տարածաշրջանի վրայ, շատ աւելի “տաք“ ու հաւասարակշռուած պիտի ըլլար պայքարը, մանաւանդ որ նախագահական ընտրութիւններէն ծիլ առած շարժում մը` “Բարեւ“ի յեղափոխութիւնը, որ թէեւ հետզհետէ կորսնցուցած էր իր ժողովրդականութիւնը, սակայն կայծն ու ազդանշանը տուած էր պահանջուած փոփոխութեան մը, նոր աւիշի մը…նոր Երեւանի մը:
Սակայն, տարբեր է Հայաստանի քաղաքական աշխարհի բեմահարթակը, իւրայատուկ ու եզակի:
Հանրապետական ընտրական մեքենան այնքան մը հմուտ ոճով գործեց որ անտեսանելի եւ անքակտելի զեղծարարութիւններով ու պետութիւն-ղեկավարութիւն յամառատուութեան այդ անգիր օրէնքներն ալ շրջանցելով, դիւրութեամբ ապահովեց քուէներու աւելի քան յիսուն առ հարիւր համեմատութիւն մը, նոյնիսկ կարենալ հսկելու եւ հակակշռելու այլ թեկնածու հոսանքներու ապահոված քուէներուն վրայ:
Այսուամէնայնիւ, եթէ նախագահական յետ-ընտրական իրադարձութիւնները, այդ քաղաքական ու անել կացութիւնէն դուրս գալու, որոշ կարելիութիւններ ստեղծած էին, Մայիս 5-եան ընտրութիւններով աւարտեցան, եւ այսօր Հանրապետական Կուսակցութիւնը, յանձին նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ոչ մէկ այլ խմբաւորումի կարիքն ունի:
…Եւ ահաւասիկ կ՛ուղղուինք դէպի մութ փապուղի …կամ պարզապէս փակուղի, ուր իշխող կուսակցութիւնը պիտի կարենայ ամենայն մենատիրութեամբ, շարունակել իր գործունէութիւնը:
Հաւա՞ք, ցո՞յց, քայլարշա՞ւ…յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան թէ ինչպէ՞ս պիտի ընթանան օրերը:
“Երեւան“ ելա՞ւ որեւէ փոփոխութիւն…Չէ՛, այլ պարզապէս ցտեսութիւն: