ԵՐԵՒԱՆ.- ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ՝ ԵԱՀԿԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱՌՋԵՒ

0 0
Read Time:4 Minute, 38 Second

Չորեքշաբթի Յունիս 30ին, Երեւանի մէջ տեղւոյն Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ԵԱՀԿի գրասենեակին առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութեան եւ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ: Բողոքի ցոյցը սկսաւ քայլարշաւով մը՝ Յաղթանակի Այգիի մօտ գտնուող Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Վեթերաններու եւ Արցախեան Ազատամարտի Հերոսներու Թանգարանէն, յարգելու համար ազերի վերջին յարձակումին զոհ գացած հայ զինուորներուն յիշատակը:
Նշենք թէ, Գանատայի մէջ կատարուած «G8»ի ժողովին, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ՝ Պարաք Օպամա, Տմիթրի Մետվետեւ եւ Նիքոլա Սարքոզի  լոյս ընծայած էին յայտարարութիւն մը, որ բաւական պղտոր էր եւ նոյնիսկ թարգմանութիւններն ալ յստակ չէին:

Գանատայի մէջ »G8«ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու« Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Պարաք Օպամայի, Տմիթրի Մետվետեւի եւ Նիքոլա Սարքոզիի կատարած յայտարարութիւնը մեկնաբանելով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնած է« թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն ցանկութիւնը եւ հետեւողական ջանքերը՝ աջակցելու Արցախեան հակամարտութեան կողմերուն՝ մօտեցնելու դիրքորոշումները եւ առաջ ընթանալու հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: »Կարեւոր է« որ Գանատայում Մեծ Ութեակի գագաթնաժողովի շրջանակներում արուած յայտարարութիւնը« յղում կատարելով 2009ի Յուլիսի 10ի Լ°Աքուիլայի յայտարարութեանը կից դրոյթներին՝ կրկին վերահաստատում է այն սկզբունքները« որոնք Հայաստանը բազմիցս յայտարարել էր՝ որպէս հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներ: Դրանք են՝ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի կամքի արտայայտմամբ« ինչը նշանակում է՝ Լ.Ղ. ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ճանաչում« անխափան ցամաքային կապ պէտք է լինի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ եւ պէտք է ապահովուեն անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ«« յայտնեց նախարար Նալպանտեան:
Նշենք« որ վերոյիշեալ երեք նախագահները կոչ ուղղած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն արագացնելու աշխատանքը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման Հիմնարար սկզբունքներուն վրայ՝ ձեռնամուխ ըլլալու համար խաղաղ համաձայնագիրի մը կնքման: Նախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Մենք չենք ընդունում նախագահներ Պարաք Օպամայի, Տիմիթրի Մետվետեւի եւ Նիքոլա Սարքոզիի այդ յայտարարութիւնը, քանի մը պատճառներով: Առաջին հերթին, նրանում ոչ մի բառով չի յիշւում ատրպէյճանական շեղումի մասին, որ տեղի էր ունեցել այդ յայտարարութիւնից ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ: Նման լռութիւնը Ատրպէյճանին խթանում է նոր շեղումների, եւ Պաքուի կողմից դիտարկւում է որպէս իր գործողութիւնների խրախուսում: Դա կարելի է դիտարկել որպէս հայկական կողմի վրայ ճնշում: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը չի ընդունում Մատրիտեան սկզբունքները», կը յայտնէ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:

»Մենք իբրեւ նշանակալի քայլ կը դիտենք եւ կÿողջունենք երկու կողմերէն ալ այն փաստին ընդունումը, թէ ամուր կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հելսինքեան սկզբունքներուն եւ այն տարրերուն վրայ, զորս մենք առաջարկած էինք 2009ի Յուլիս 10ին, Աքուիլայի գագաթնաժողովին ընթացքին մեր ըրած յայտարարութեան մէջ, եւ որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի յարակից զբաղեցուած տարածքներու վերադարձին, անվտանգութիւն եւ ինքնիշխանութիւն նախատեսող Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակին, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցքին, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին, որ պիտի յստականայ ապագային՝ իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեամբ, բոլոր տեղահանուածներու եւ փախստականներու վերադարձի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներուն ու խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ«:
Այս յայտարարութեան մասին անդրադառնալով, »Tert.am« կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն՝ Գանատայի մէջ տեղի ունեցած »Ութերու խմբակ«ի վեհաժողովին ծիրին մէջ Արցախի տագնապին վերաբերեալ տարածած միացեալ յայտարարութեան Սպիտակ տան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած անգլերէն եւ Քրեմլինի կայքէջին վրայ տեղադրուած ռուսերէն տարբերակները որոշ տարբերութիւններ ունին: Այս թարգմանական հարցերու մասին անդրադառնալով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտնած է, թէ նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի մեկնաբանութիւնը նոյնը պիտի ըլլար, որկու տարբերակներուն գծով…:
Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ ներկայացուցիչ« Ազգային ժողովի պատգամաւոր Եդուարդ Շարմազանովը« հարզացրոյց մը ունենալով »Ազատութիւն« ռատիոկայանին հետ, ըսաւ թէ© »Մեզ համար ընդունելի է այս յայտարարութիւնը« որովհետեւ այն երեք կէտերը« որոնք բազմաթիւ անգամներ հայկական կողմը արտայայտել է՝ կան: Առաջինը այն է« որ ի հեճուկս ատրպէյճանական կողմի« որը մշտապէս խօսել է« որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի խնդիրը բանակցութիւններում չի քննարկւում՝ նաեւ բեթերսպուրկեան առաջարկներից յետոյ, նրանք դա ասացին: Մենք տեսանք« որ այս յայտարարութեան մէջ յստակ նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի մասին« որը պէտք է ունենայ պարտադիր ուժ« եւ ամենակարեւորը՝ խօսւում է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրացման մասին փաստացի: Երկրորդը այն է« որ խօսւում է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ընդհանուր ցամաքային կապի մասին« սահմանի մասին« եւ երրորդը՝ անվտանգութեան երաշխիքներն են: … Իսկ վերջնական փուլի մասին կարող ենք խօսել այն ժամանակ« երբ յստակ լինի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը:Այստեղ պարզապէս յստակեցում պէտք է մտցուի կէտերի յաջորդականութեան վերաբերեալ« որովհետեւ հայկական կողմը բազմաթիւ անգամներ շեշտել է« թէ առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի՝ մնացած բոլոր հարցերը ածանցեալ են«, յայտնեց Շարմազանով:
Հայ Ազգային Քոնկրէսի ներկայացուցիչ Լեւոն Զուրապեան, սոյն կոչը մեկնաբանելով յայտնեց թէ »Դա ցոյց է տալիս« որ միջազգային հանրութիւնը շարունակում է ուշադրութեան կեդրոնում պահել Ղարաբաղի հարցը եւ շարունակում է իր ճնշումները հարցի շուտափոյթ կարգաւորման ուղղութեամբ«:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան անդրադառնալով այս հարցին մասին, ըսաւ թէ յայտարարութեան մէջ կÿարտացոլան Ատրպէյճանի շահերը՝ ստանալ Արցախի շրջակայ տարածքները, մինչդեռ Արցախի Հանրապետութեան ժամանակաւոր եւ վերջնական կարգավիճակը ներկայացուած է անհասկնալի կերպով: Ան նաեւ իր զարմանքը յայտնած է սոյն յայտարարութեան ուղղութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հիացական վերաբերմունքէն: Ըստ իրեն, նախագահներու յայտարարութեան մէջ կան ձեւակերպումներ, որոնք կը կարօտին պարզաբանումի:
Վ. Յովհաննիսեանի խօսքերով, ռուսերէն պաշտօնական թարգմանութեան մէջ կը խօսուի Ղարաբաղի շրջակայ տարածքներուն մասին, իսկ անգլերէն տարբերակին մէջ, յստակ կերպով ըսուած է՝ »occupied territories« (գրաւուած տարածքներ): Ան կը յայտնէ թէ այս տարբերութիւնը պատահական չէ »Հաւանաբար հաշուի է առնուել, որ Հայաստանում անհրաժեշտ է ներկայացնել աւելի մեղմացուած թեքսթը, որպէսզի յայտարարութիւնից դժգոհութիւնն այնքան էլ մեծ չլինի«, ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան, յիշեցնելով, որ յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ խօսք կայ վերջերս տեղի ունեցած ազերի սադրանքներուն եւ յարձակումներուն մասին:
»Մէկ այլ տարբերութեան մասին. յայտարարութեան մի հատուածում որոշուի ասւում է, որ Լ.Ղ.Հ.ի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի նրա բնակչութեան՝ իրաւական հիմք հանդիսացող կամքի դրսեւորմամբ, մինչդեռ անգլերէն թեքսթում ընդհանրապէս չի ասւում, թէ դա լինելու է Ղարաբաղի բնակչութեան կամքի արտայայտութեան հիմքի վրայ:
»Ես զարմանում եմ, թէ մեր արտաքին գործերի նախարարութիւնն ինչի՞ կապակցութեամբ է այս յայտարարութեան վերաբերեալ գոհունակութիւն յայտնում: Ի՞նչն է նրան այդ յայտարարութեան մէջ գոհացրել«, եզրակացուց Վահան Յովհաննիսեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles