
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» խորագիրը կրող ցոյցերը կը շարունակուին Երեւանի մէջ: Արդարեւ, Ապրիլ 14-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան, կազմակերպեց հանրահաւաք մը: Նոյն օրը երթի մասնակիցները մտան Հանրային ձայնասփիւռի կայան, ուր կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս եկաւ ուղերձով:
Բաղրամեան պողոտայի վրայ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Նիկոլ Փաշինեանը անցած է փշալարերու վրայով, անոր հետեւած են այլ ցուցարարներ: Ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներ, մասնաւորապէս, լուսաձայնային նռնակներ կիրառած է ցուցարարներու դէմ: Բախումներու հետեւանքով քանի մը հոգի տեղափոխուած է հիւանդանոց։ Անոնց մէջ է Նիկոլ Փաշինեանը, որ Բաղրամեան պողոտայէն տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ան կը գտնուի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ:
«Իմ հետ էր վնասուածքներ ունի, դէմքը վնասուած էր, ոտքերը փշալարէն վիրաւորուած են: Բայց չեմ կարծեր, որ լուրջ վնասուածքներ են», յայտնեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան մամուլի պատասխանատու Տիգրան Աւինեանը: