ԳլխաւորԼրահոս

Երեւանի Մէջ` Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Խորհրդաժողով

arf-logo

 

ԵՐԵՒԱՆ.–  Հոկտեմբեր 24-ին, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր 22-23-ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. մարմիններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մամլոյ պատասխանատուները:

Oրակարգին վրայ էին Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխումներուն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան մէջ վերջին փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Ժողովը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու ընթացքը հանրութեան համար տեսանելի դարձնելու, յառաջիկայ համապետական ընտրութիւնները օրինականութեան ու ժողովրդավարութեան առումով անխոցելի կերպով իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Արիլեան քառօրեայ պատերազմին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին, Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ այլ հարցերու:

Անդրադարձ կատարուեցաւ կուսակցութեան քարոզչական աշխատանքներուն եւ անոնց կատարելագործման անհրաժեշտութեան՝ հիմնուելով ժամանակակից արհեստագիտական կարելիութիւններուն վրայ: Օրակարգային հարցերու շուրջ ծաւալեցաւ լայն քննարկում:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button