Երեւանի մէջ .- Հայկ Յովսէփեանի Անունը Կրող Բանակավայրի Բացում

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

hayg1

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի մեծ ընտանիքը արդէն ունի նոր բանակավայր: Մինչ մայրաքաղաքի Էրեբունի վարչական շրջանի երեւանեան բանակավայրի վերաբացումը, սկաուտները իրենց բանակումները կը կազմակերպէին Բիւրականի բարձունքին վրայ:
Սկաուտները նշած են, որ այս բանակավայրին բացումը ոչ միայն դիւրութիւն կու տայ անընդմէջ բանակումներ կազմակերպելու, այլ իրենց կիրակնօրեայ հաւաքները այստեղ պիտի կատարուին: Բանակավայրի կառուցման աշխատանքները ընթացք առած են 2010ին: Կազմակերպուած հանդիսութեամբ ոչ միայն վերաբացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող բանակավայրին, այլ շինարարական աշխատանքներու 3-րդ հանգրուանին սկիզբ դրուեցաւ: Դրօշներու բարձրացման արարողութենէն ետք, հոգեւորականները կատարեցին հողօրհնէքի արարողութիւնը:hayg4hayg3
Հանգուցեալ Հայկ Յովսէփեանի եղբօր` Վիգէն Յովսէփեանի խօսքով, այս բանակավայրը լոկ շինութիւն կամ հողաշերտ չէ, ասիկա կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՍԿի առաքելութեան հետ, որովհետեւ շուրջ 100 տարի այս կազմակերպութիւնը կը դաստիարակէ սերունդներ: «Սկաուտութիւնը կեանքի ձեւ է, կարգապահութիւն է, կեանքի արժէքային համակարգ մըն է, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ ըլլալը առաւել պարտաւորեցնող է: Այս բանակավայրը աշխատանքի միայն մէկ երեսն է հայրենի հողի վրայ: hayg2hayg5Այստեղ Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱՍԿը պիտի համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը եւ հայրենասիրական, ազգայնական դաստիարակութիւն փոխանցէ անոնց: Անոնց մէջ նոր, դէպի պայծառ ապագան, ամբողջական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը փորձել սերմանելով»,- ըսաւ Վիգէն Յովսէփեան:
Այս բանակավայրին բացումը միութեան մեծ ծրագիրի միայն մէկ օղակն է: Օղակներէն մէկն էր նաեւ Աբովեանի մէջ գրասենեակի բացումը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Հրաչեայ Շմաւոնեանի խօսքով` միութիւնը ամէն բան կը կատարէ, որ գործունէութիւնը շէնքային պայմաններէն դուրս գայ, քանի որ սկաուտութեան հիմքը բնութիւնն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles