Երեւանի Մէջ Գիտաժողով՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը»

0 0
Read Time:4 Minute, 0 Second

arf symposium

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 9-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ, ազդանշանը տրուեցաւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ նուիրուած է կուսակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին:
Ողջունելով գիտաժողովին մասնակիցները` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ զոյգ հանրապետութիւններու հիմնադիր քաղաքական ուժը` Դաշնակցութիւնը, յաճախ տարբեր արժեւորումներ կը ստանայ, բայց պատմական փաստերը անհերքելի են եւ անոնք լուսարձակի տակ կ՛առնուին նման առիթներու յատկապէս: Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հատուածականութեան թիւ մէկ հակառակորդը եղած է հայ իրականութեան մէջ եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ իր անուանումն ու գոյութեան փաստը հատուածականութեան հերքումն են: Ան յայտնեց թէ.-
Հ.Յ. Դաշնակցութեան 125-ամեակի յոբելենական միջոցառումների շրջանակում կազմակերպուող ներկայ գիտաժողովը հայ ժողովրդի ճակատագրում մեր կուսակցութեան ունեցած ամենակարեւոր ներդրումը` մօտ 100 տարի առաջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ քառորդ դար առաջ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմքերը դնելու պատմական մեծ առաքելութիւնը նորովի հետազօտելու եւ մեր հանրութեանը ներկայացնելու փորձ է:
Այն հարցը, թէ ինչո՞ւ հէնց Դաշնակցութիւնը դարձաւ մեր զոյգ հանրապետութիւնների հիմնադիր քաղաքական ուժը, մինչ օրս բազմաթիւ, յաճախ իրարամերժ մեկնաբանութիւնների է արժանանում: Բայց ինչպիսին էլ լինեն դրանք, դուք որպէս պատմագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ, մեզնից լաւ գիտէք, որ պատմութեան անվիճելի փաստերը ոչ ոք չի կարող հերքել: Ուրեմն` ժամանակն է, որպէսզի ակադեմիական գիտութիւնը նոյնպէս գտնի այս հարցի պատասխանները, որովհետեւ ներկայ բարդ ժամանակներում մեր ժողովուրդը սուր կերպով զգում է իր պետական կեցութեան արժեչափերի վերաիմաստաւորման կարիքը:
Դրա վառ վկայութիւնը Դեկտեմբերի 6-ին Հայաստանում կայացած սահմանադրական հանրաքուէն էր, որի միջոցով մենք մօտեցանք հայոց պետականութեան ակունքներին` որդեգրելով խորհրդարանական կառավարման համակարգը, ինչը ազգի ու պետութեան միջեւ առկայ որոշակի անջրպետը յաղթահարելու եւ ազգին կրկին պետութեան լիարժէք տէրը դարձնելու լուրջ քայլ է:
Յարգելի՛ գիտնականներ: Յստակօրէն թեմատիկ ուղղուածութիւն ունեցող «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը» գիտաժողովից մենք սպասում ենք ազգային պետականութեան որոշակի ու յստակ բնորդի` Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեան այն առաւել բարդ ու վիճայարոյց հարցերի խորքային վերլուծութիւնները, որոնց կարիքը զգում ենք ամէն քայլափոխի: Դատելով գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումների թեմաներից, դրանք ընդգրկուած են նրա օրակարգում. Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանական կառավարման փորձ, խորհրդարանի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների յարաբերութիւններ, եւ վերջապէս մի ցաւոտ երեւոյթի հետազօտութիւն, որը հայերիս մօտ դժբախտաբար շատ է տարածուած` հատուածականութեան հիմնախնդիր: Այո՛, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրօք նոյնպէս այս վտանգաւոր երեւոյթը գոյութիւն ունէր` արեւմտահայ-արեւելահայ կամ` ինչպէս այն ժամանակներում էին ասում` տաճկահայ-ռուսահայ որոշ օտարացումի տեսքով: Բայց Դաշնակցութեան էութիւնը հէնց նրանում է, որ ինքը որպէս քաղաքական ակնառու երեւոյթ հատուածականութեան ամենափաստարկուած հերքումն էր եւ է՛ մեր օրերում:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ամէն ինչ արեց եւ այսուհետեւ նոյնպէս անելու է մեր ժողովրդին այդ ախտից ազատելու համար: Դաշնակցութիւնը հատուածականութեան թիւ մէկ հակառակորդն է եղել հայ իրականութեան մէջ եւ լինելու է այսուհետեւ, որովհետեւ իր անուանումն ու գոյութեան փաստը դրա ամենավառ հերքումն են հանդիսանում:
Նման քաղաքական դիրքորոշման վերջին ու թերեւս ամենավառ ապացոյցը ղարաբաղեան պատերազմի տարիներին թշնամու դէմ կռուի ելած հայ ժողովրդի գրեթէ բոլոր հատուածների ներկայացուցիչներն էին, ովքեր ուս-ուսի տուած կռւում էին մեր շարքերում: Նրանց պայքարի ու նահատակութեան գնով ձեռք բերուած յաղթանակից յետոյ ցաւալի է տեսնել կենցաղային մակարդակում մեզանում երբեմն նորից գլուխ բարձրացնող հատուածականութիւն երեւոյթը, այս անգամ` հայաստանցի-ղարաբաղցի հակադրութիւն ստեղծելու փորձերի տեսքով:
Ուրեմն` ներկայ գիտաժողովի օրակարգում ընդգրկուած հարցերի բովանդակութիւնը ոչ միայն նեղ ակադեմիական, այլեւ գիտագործնական ուղղուածութիւն ունի եւ մենք, որպէս քաղաքական գործիչներ, ձեզանից ակնկալում ենք խորքային գնահատականներ եւ դրանց վրայ հիմնուող` արժէքաւոր առաջարկներ ու փորձագիտական եզրակացութիւններ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ ողջ կազմակերպութեան անունից գնահատում ու կարեւորում եմ ներկայ գիտաժողովի կազմակերպումը հայրենի գիտութեան գլխաւոր տաճարում` Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայում, ողջունում եւ նորանոր յաջողութիւններ եմ մաղթում նրա մասնակիցներին:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան ու քաղաքական ուղիին: Անոր համաձայն, իրենք չէ, որ պիտի ըսեն, թէ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ դեր ունեցած է, իւրաքանչիւրը պէտք է ընտրէ, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած է Դաշնակցութիւնը իր վրայ:
«Մենք չենք կրնար ըսել, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ: Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի, հասարակութեան մը մէջ, որ վերափոխուելու, գիտակցութեան բարձրացման, կազմակերպուելու լրջագոյն խնդիր ունի` գումարած մեր միւս խնդիրները, որոնք կը խանգարեն մեր կուսակցութիւնը` արտագաղթ, մարդոց ընկերային շատ ցածր մակարդակ, միջին խաւի գրեթէ բացակայութիւն: Այս հարցերը այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք կարելիութիւն չեն տար լաւագոյնս դրսեւորուելու», յայտնեց Վարդանեան:
Դաշնակցութեան 125-ամեայ երթին մասին խօսեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ Լեւոն Մկրտչեան: «Դաշնակցութեան 125-ամեայ պատմութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան անքակտելի մասն է: Իբրեւ պատասխանատու կուսակցութիւն` մեր ժողովուրդի վերջին 100-150 տարուան պատմութեան բոլոր դրուագներուն մէջ Դաշնակցութեան դերն ու ձեռագիրը կայ: Տակաւին 1918-20 թուականներուն էր, որ մենք ընտրեցինք եւրոպական պետականաշինութեան ձեւաչափը` խորհրդարանական հանրապետութիւնը: Տակաւին 1990-ականներուն սկիզբը մենք հանդէս եկանք նախագծով մը, ուր ամրագրուած էր խորհրդարանական ընտրական համակարգը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Դաշնակցութեան պատմութեան լաւ եւ վատ էջերուն` Մկրտչեան ընդգծեց, որ ինչպէս մարդու կեանքին մէջ կարելի չէ ըսել ի՛նչ է ամէնէն լաւն ու վատը, նոյնն է պարագան կուսակցութեան կեանքին: «Դաշնակցութիւնը ձեւաւորուեցաւ այն պահուն, երբ հրապարակուած էր հայ ժողովուրդին մահապատիժը: Սուլթան Համիտի ժամանակ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Դաշնակցութիւնը փորձ կատարեց եւ կրցաւ ղեկավարել մահուան դատապարտուած ժողովուրդի մը յուսահատ պայքարը», նշեց Լեւոն Մկրտչեան:
Գիտաժողովին ընթացքին կուսակցական գործիչներ եւ պատմաբաններ ներկայացուցին կուսակցութեան գործունէութեան 125 տարիներու պատմութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles