
ԵՐԵՒԱՆ,- Երեքշաբթի, Յուլիս 17-ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց պետականութեան հիմնադիր, դաշնակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, դաշնակցական գործիչներ, շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ յայտնեց,- «Մենք ունինք մեր առաքելութիւնը: Պետական, հանրային այրերու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առաքելութիւնն է` ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանին, անոր առաքինութեան եւ ապրիլ այնպէս, որ իրաւունք ունենանք ամէն անգամ անոր արձանին դիմացէն անցնելու ընթացքին նայիլ անոր աչքերուն մէջ եւ ըսել, որ տէրն ենք իր առաքելութեան, իր գործը կիսատ չէ: Անոր յաղթանակը կենդանի է։․․․Թերեւս սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ի դէմս Արամ Մանուկեանի, գործ ունինք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն առաքեալին հետ: Ան ծնունդ առաւ իրականացնելու մեծ առաքելութիւն մը եւ իրագործեց զայն: Ատիկա իսկապէս մեծագոյն առաքելութիւնN է` գտնել յաղթանակ պարտութիւններու տեղատարափի մէջ, գտնել յոյս յուսահատութեան հեղեղին մէջ, գտնել ուժ, երբ կը թուի` թեւերդ թուլցած են եւ ծունկերդ ծալուած: Արամ Մանուկեանը լիարժէք կատարեց իր առաքելութիւնը, ան երբեք չապրեցաւ իր, իր ընտանիքին կամ հարազատներուն համար, ան ապրեցաւ իր ժողովուրդին համար, պայքարեցաւ ու յաղթեց իր ժողովուրդին համար: Ան մահացաւ իր գաղթած, կոտրուած անտուն ժողովուրդէն իրեն փոխանցուած հիւանդութեան պատճառով եւ ամբողջացուց իր առաքելութիւնը», աւելցնելով թէ Արամ Մանուկեանը լիարժէք կատարած է իր առաքելութիւնը` գտնելով յաղթանակ պարտութիւններու մէջ, եւ այդ առաքելութիւնը սերմանած է այս հողին մէջ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան (կարդալ խօսքը ամբողջութեամբ էջ՝ ( անդրադարձաւ Արամ Մանուկեանի կեանքին, պետական, ռազմական եւ քաղաքական գործունէութեան:
«Հայաստանի Հանրապետութեան փաստացի հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանի կանգնեցումը քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնին մէջ, թէկուզ ուշացած, բայց պատշաճ յարգանքի տուրք է:․․․Հասկնալի է, որ առանց այդ վերականգնուած պետականութեան, մենք պիտի չունենայինք ո՛չ Խորհրդային Հայաստան, ո՛չ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւն, ո՛չ` նոր Հայաստան», յայտնեց Մանոյեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ իր գնահատանքը յայտNեց Հ,Յ,Դ,-ի ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեանի արձանի ծրագիրի նախաձեռնողներուն եւ իրականացնողներուն, ինչպէս նաեւ բարերարներ Աշոտ Թունեանին եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանին, քանդակագործ Դաւիթ Մինասեանին: Ան իր հայրապետական օրհնութիւնը բերելով հասարակական-պետական մեծ գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութեան:
«Այս հանդիսաւոր արարողութեամբ կ՛ոգեկոչուի յիշատակը մեր ժողովուրդի նուիրեալ ու վաստակեալ զաւակին, որ մեր պատմութեան դժուարին ժամանակներուն հերոսացաւ հայրենեաց պաշտպանութեան մաքառումներուն ընթացքին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան գործին մէջ բերած իր անդուլ ջանքերով ու կորովով: Ան սերունդ դաստիարակող ուսուցիչ էր, որ դարձաւ իր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան, Վանի ինքնապաշտպանութեան ջահակիր ռազմիկ, Վանի նահանգապետ, մեր հայրենեաց արեւելեան փրկուած հատուածին մէջ պետականութեան վերահաստատման յառաջամարտիկ: Անոր անունը մեր ժողովուրդին համար անբաժանելի դարձած է մէկ դար առաջ արձանագրուած Mայիսեան հերոսամարտերու փառապանծ յաղթանակներէն, անկախ պետականութեան վերակերտման պատասխանատուութենէն ու ամբողջանուէր ջանքերէն: Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի այս տարին խորհրդանշական է` իբրեւ երախտիք մեր ժողովուրդի մեծ զաւակին, իբրեւ ազգանուիրումի ու հայրենասիրութեան ոգեշնչում այսօր ապրողներուս եւ մեր հետագայ սերունդներուն: