
ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Յուլիս 17-ի առաւօտեան, խումբ մը զինեալներ, որոնք համակիրներներն են ձերբակալուած Ժիրայր Սէֆիլեանի, մուտք գործեցին Էրեբունի շրջանի մօտակայ ոստիկանատունը:
Այս յարձակման արդիւնք, զոհուած է գնդապետ Արթուր Վանոյեանը, եւ վիրաւորուած են գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը, փոխգնդապետ Հրաչ Խոստեղեանը, ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեանը: Պատանդներու շարքին են ծառայող ոստիկաններ: Զինեալները կը պահանջեն Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակումը:
Միաժամանակ, յարձակող զինեալներու կողմնակիցները լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տեղեկատուութիւն տարածեցին համաժողովրդային ապստամբութիւն կատարելու:
Ոստիկանատան շուրջ ապահովական միջոցառումներ առնուած են:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, այս դէպքին մասին անդրադառնալով, ըսաւ.- «Այդ մարդիկ երկրում անհրաժեշտ փոփոխութիւններ իրականացնելու ամենասխալ եւ դատապարտելի ձեւն են ընտրել: Ծայրայեղական մտածողութիւնը ընդկակառակը նուազեցնում է որակական փոփոխութիւնների հնարաւորութիւնը: Զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներով, ահաբեկչութեամբ հարցեր չեն լուծուելու:
Վստահ եմ, որ նրանք հանրային լայն աջակցութիւն չեն կարող ունենալ: Վատ է նաեւ այն, որ այսօր արդէն միջազգային լրատուամիջոցներում թրքական յեղաշրջման փորձը փոխարինուելու է հայաստանեան դէպքերով»: