Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 2794-ԱՄԵԱԿԸ

Անցեալ շաբաթավերջին, հայոց մայրաքաղաք “Երեւան դարձած Էրեբունի“ն նշեց իր հիմնադրութեան 2794-ամեակը:

Այս առթիւ, արդէն իսկ մայրաքաղաքի փողոցներն ու արձանները մաքրուած էին: Տօնական շքեղ հանդիսութիւնները սկսան “Էրեբունի“ արգելոց-թանգարանի յարակից հրապարակին մօտ: Նաեւ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից Ռուսիոյ հրապարակին վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութիւններուն:

Սովորականին նման տօնական հանդիսութիւնները վերջ գտան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ`  փառաւոր համերգով եւ հրավառութեամբ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button