
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Աչքը բացաւ չբացաւ ինքզինք հայրենիքին մէջ գտաւ: Մանկապարտէզին մէջ սորված էր այբ բեն գիմը, եկաւ չեկաւ ա պ կ-ին ծանօթացաւ: Գրեց արեւմտա-արեւելահայերէնով մը: «Տուն»ը եղաւ «դուն» երբեմն, ու երբ հարցուցի թէ ասիկա տո՞ւն է, անվարան պատասխանեց. «Բայց մա՜մ, դո՛ւն տ կ’ըսեսկոր»:
Հետզհետէ հասկցաւ, որ հոս տարբերութիւն մը կայ. «Մամա՛, Հալէպի հայերէնով մի՛ խօսիր, չի հասկնար» մշտեց զիս, երբ ընկերոջը հետ զրուցել ուզեցի:
Եւ կամաց-կամաց ըմբռնեց իրողութիւնը: Ու հայրիկին հետ ոտնագնդակ խաղցած ժամանակ շութեց գնդակը, բակի պզտիկներուն հետ խաղցած ժամանակ՝ տշեց:
***
Լսած էր «դուռը ծածկիր» արտայայտութիւնը, ու հիմա անկողինին մէջ Սեւակ շուարած է՝ դուռը ծածկէ՞ թէ վերմակը:
***
Ինք խաբուեցաւ, գոնէ իրմէ ետք եկող սերունդը չխաբուի: Այնպէս որ կ’երթայ-կու գայ, միամեայ Նանորիկին անընդհատ կը կրկնէ.
-Նանո՛ր, կաղանդ պապան իրական չէ՛:
***
Մեծերուն ներկայութիւնը որքան օգտակար է եւ՝ հաճելի տան մէջ: Ամենայն համբերատարութեամբ անոնք սիրտ կը հատցնեն թոռներուն՝ հետերնին խաղալով, զրուցելով, ճատրակի գաղտնիքներ պարզելով…
Ես որ նոյնպէս մեծմամա եւ մեծ հայրիկով մեծցած եմ, շատ լաւ կ’ըմբռնեմ այս մոգական կապին իմաստը թոռներուն եւ իրենց միջեւ: Ինչքա՜ն պաշտպանութեան դեր խաղցած է մեծ մամաս մօրս տեղացուցած սպառնալիքներուն դիմաց: Հաճոյքով կը յիշեմ, թէ ինչպէ՜ս շաքարը անպակաս պէտք է որ ըլլար իր շաքարամանին մէջ եւ որքա՜ն յանցաւոր կը զգար ինքզինք, եթէ յանկարծ շաքար ուզէինք եւ իր քովը չգտնուէր զայն: Անմիջապէս որ մեծ հայրիկս հօրս հետ գործէն տուն վերադառնար, բարեւէն առաջ կը հարցնէր. «Հաճի՛, չոճուխներուն շաքարը բերի՞ր…»: Հիմա նոյնը ի՛մ ծնողներս կ’ընեն զաւակներուս: Միթէ այս տեսնելով այլեւս երջանկութիւնը ուրիշ տե՞ղ պէտք է փնտռել: Հեռուէն մտիկ կ’ընեմ հեքիաթներու պատմումը մօրս: Շատ անգամ Աստուածաշունչէն պատումներ կ’ընէ՝ քթին տակէն մրթմրթալով. «Այս չոճուխները կրօնի դաս չառնելով, հոգեւոր դաստիարակութենէ պիտի զրկուին…» ու Յիսուսի առակները, հրաշքները պատմելը իր պարտքը կը համարէ ու ծայր կ’առնեն, ահա, տղոցս հետաքրքրութիւնն ու անսահման հարցումները:
Անգամ մը լսեցի որ Սեւակը հայրիկիս կը հարցնէ.
– Տէտէ՛, դուն շատ ծերացեր ես, այլեւս պիտի մեռնիս, չէ՞:
Մենք է որ իրար կ’անցնինք նման միտքերու դիմաց: Ու կը զարմանաս թէ իրենց անմեղունակ հարցումին տակ, ինչքա՜ն հաշտ կը թուին ըլլալ անոնք մահուան գաղափարին հետ. կը բաւէ որ անգամ մը բացատրես, որ մարդուն կեանքը ժամանակաւոր է, երբ մեծնայ, կը յոգնին օրկանները եւ այլեւս այս աշխարհէն ան կը հեռանայ…
Հարցումներու շարանը ամէն օր նոր բնոյթ կը կրէ եւ գիշեր մըն ալ երբ անկողին մտաւ, աղօթելէ ետք՝ Սեւակս հարցուց.
-Մամա՛, հիմա Աստուած պապան մեզ կը տեսնէ՞:
-Այո՛, տղաս:
-Ո՛ւր ալ ըլլանք, կը տեսնէ՞:
-Անշուշտ:
– Նոյնիսկ եթէ անկողինին տա՞կն ալ պահուըտիմ:
-Այո՛, տղաս, ո՛ւր որ ալ ըլլաս:
-Հալէպ, Իտալիա, Ֆրանսա…
-Ինչո՞ւ կը հարցնես:
-Երանի՜ Աստուած ըլլայի, գոնէ աշխարհը մէկէն կը տեսնէի:
Տղոցս, ինչպէս բոլոր փոքրիկներու, հեքիաթներ մտիկ ընելու մարմաջը շատ զօրեղ է. «Ուրիշ-ուրիշ, ասիկա պատմեր ես, ուրիշը պատմէ», կ’ըսեն յաճախ՝ ստիպելով քեզ երբեմն յօրինումներ ալ կատարելու: Ու նստասենեակին մէջ կախարդական մթնոլորտ մը կը տիրէ, յանկարծ: Երկուքն ալ սուսիկ-փուսիկ կը նստին ու պահ մը կը զարմանաս, որ նստիլ գիտեն եղեր տղաքդ: Պատումներուն կամ հեքիաթներուն մէջ ամէնէն շատ վերլուծական բաժինը կը սիրեմ, երբ տղաքս կը սկսին մտածել ու հարցումներ ուղղել: Այսօր մինչ մէկ կողմէն համակարգիչիս դիմաց գրաշարութիւն կ’ընեմ, միւս կողմէն, ականջ կու տամ մեծմամային պատմած Յ. Թումանեանի «Պօղոս Պետրոս» հեքիաթին:
Հեքիաթի աւարտին Սեւակս է կրկին.
-Բայց մեծ մամա, եթէ Աստուած պապան Պօղոսին եւ Պետրոսին փափաքները պիտի իրականացնէր, ինչո՞ւ թեւեր տուաւ անոնց, որպէսզի պարապ տեղ չարչարուին ու թռչելով փնտռեն փախած ոչխարները, թող ուղղակի այնպէս ընէր, որ ոչխարները վերադառնային կամ յայտնուէին:
Լեզուանի մեծմաման պահ մը անխօս կը մնայ անոր հարցումին դիմաց, յետոյ ըստ պատշաճութեան պատասխան մը կը փութացնէ, որ վստահաբար յագուրդ չի տար հետաքրքրասէր տղուս անհատնում ծարաւին: