ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (8)

0 0
Read Time:1 Minute, 53 Second


ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

 

Երկուշաբթի

Երազիս մէջ տունս մտայ, տունս՝ լքուած, ամայի: Չբարեւեց, ինչպէս կ’ընէր, երբ մտնէի: Տունս գտայ փոշիներու մէջ թաղուած, ու հոս ու հոն՝ ապակիներ փշրուած: Ահա սենեակս մտերիմ, ահա գրադարանս, գիրքերս սեղանի, հին նկարներ, պատկերներ պատերուն… ու հայելիս, որ միշտ կը ժպտէր, լուռ ու մռայլ էր հիմա:

–Կը ժպտիմ. տե՛ս, չե՞ս տեսներ:
Լուռ Հայելիս փոխան դէմքիս՝ հոգիս է որ կ’արտացոլէր…

Երազիս մէջ տունս մտայ, բայց չճանչցաւ տունս զիս:

 

Հինգշաբթի

Ամպերը յանկարծակի կուտակուեցան եւ ուր որ է պիտի պայթին. ահա եւ չ’ուշանար տեղումը: Սկիզբը՝ անձրեւի տեսքով, այնուհետեւ կարկուտի վերածուելով կը տեղայ անյագօրէն: Կը տեղայ մարդոց գլխուն, որոնց համար անսպասելի էր այս ամէնը, որովհետեւ դեռ մէկ ժամ առաջ ոչ մէկ նշան կար անձրեւի: Կը տեղայ ճամբաներուն վրայ եւ զօրաւոր հեղեղի վերածուելով ինքնաշարժները ջուրի մէջ կ’առնէ… կը լողացնէ: Կը տեղայ մեր պարտէզին մէջ ու ծառերու սարսափահար տերեւները վար կը բերէ: Աշնան նշան է: Կարդացեր էի, որ աշնան ծառերէն թափած տերեւներուն խաշամ, կամ`ժողովրդական բարբառով խազալ կ’ըսեն: Պատշգամէն կը դիտեմ տեղատարափը ու այս անգամ երկինքէն հեղեղուած երազներ կը տեղան հոգւոյս մէջ, ու հոգիս ամբողջ տապովը կը հրճուի, պատրանքովը կը թրջուի, որովհետեւ կը հաւատայ որ շուտով պիտի փարատին գորշ ամպերը ու խաշամները խշշանքով օդին մէջ պիտի պարի վերածուին՝ հովերու մեղմաձայն մեղեդիով գինովցած»:

Ուստի հեղեղներէն խելագար, աչքերս երկինք յառեցի ու «տեղա՜, տեղա՜, հեղեղէ՛…», պոռացի:

 

Շաբաթ

Հեռաձայնս է:

  • Ալօ, բարեւ ձեզ, ո՞ւմ հետ եմ խօսում:
  • Սօսիին
  • Հա Սոֆի ճան.
  • Չէ, Սօսի:
  • Սոֆի՞
  • Սօ…սի
  • Սո…ֆի,- ճիշդ չե՞մ ասում:
  • Չէ, սօսեաց անտառի սօսին:
  • Վա՜յ, էս ինչ լաւ անուն ունէք,- կ’ըսէ այսքանէն ետք նրբանկատ ձեւանալով ու կը հասնի իր բուն ըսելիքին.- Ձեր տանը Աստուածաշունչ կա՞յ Սօսի (ի վերջոյ) ճան:
  • Այո՛:
  • Դուք սիրիայի՞ց էք:
  • Այո՛:
  • Դու գիտես չէ, որ Սիրիայի պատերազմի պատճառը ո՞վ է, դա սատանան է, մենք պիտի պայքարենք սատանու դէմ….
  • Կը ներէք գործ ունիմ պէտք է երթամ:

Ընկալուչը ուժգնօրէն երեսիս կը գոցուի:

Կ’իջնեմ փողոց: Բաղրամեան պողոտայի վրայ երկու կին կը մօտենան, ինծի կը թուի թէ ճամբայ պիտի հարցնեն, ուստի կանգ կ’առնեմ.

-Աստուածաշունչ ունէ՞ք:

-Դուք Եհովայի վկանե՞ր էք:

-Այո՛:

– Կը ներէք, ես առաքելական եմ,- կ’ըսեմ կարճ-կտրուկ ոճով եւ քիչ մըն ալ բարկացկոտ:

– Ա- ռ – քե- լա- կա՛ն,- հեգնանքով մը ետեւէս կը կրկնէ կիներէն մին:

Կ’երեւի մարդորսութեան սէզոնը բացուած է, կը մտածեմ ու կը շարունակեմ ճամբաս մտքերու մէջ սուզուելով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (8)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles