ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (18)  

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second


Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

Երկուշաբթի

Մալաթիա գացած էր գնում ընելու ու տոպրակներուն ծանրութենէն մատները հանգչեցնելու նպատակով, զանոնք պատահական մեքենայի մը վրայ դրած էր ու՝ կանգնած: Երկու վայրկեան վերջ, սակայն, մեքենայի տիրոջ կշտամբանքէն ամօթահար ու շփոթած` ձեռքը անմիջապէս տոպրակներուն մեկնելով ըսած էր.

-Ներողամիտ եղէք, հիմա կը վերց(ը)…

-Ի՛նչ ներողամիտ արա, էս ուր ես դրել… ու այնպիսի պարսաւանքներ դուրս տուած էր, որ առաջինս ձայնի տարափէն զատ ոչի՛նչ կրցած էր լսել:

Մալաթիա գացած էր աժան ապրանք առնելու. ու տոպրակի ծանրութիւնը հիմա երեք անգամ աւելի ծանր կը կշռէր իրեն համար:

Մալաթիա գացած էր ուտելիք գնելու. սեղան չուզեց նստիլ այդ օրը: Ան կուշտ ու կուռ կերեր էր դառնութիւնը վերաբերմունքի:

Ա՛լ Մալաթիա չէր ուզեր երթալ, ոտքերը վճռած էին ու իրեն Քէլլէսի թաղը քարշ կու տային:

 

 

Երեքշաբթի

Օդ կայ, հող կայ, ջուր կայ, լոյս կայ, հոսա՞նք՝ ուզածիդ չափ, wifi՞, օ՜ շատ արագ, նոյնիսկ մեթրոներուն մէջ ձրի wifi-ներ.

Եթէ կենսական անհրաժեշտութիւնները գոյ են, հապա ի՞նչը փնտռելու ելեր եմ:

Չորեքշաբթի

Կեղծ հերոսներ կան մեր շրջապատին մէջ, որոնք իրենց կոչումին տակ քօղարկուելով ինքզինքնին թոյլատրած են ի գործ դնել ամէնէն գարշելի ու զազրելի արարքները: Անոնք ընդունակ են տրորելու արժանապատուութիւնը այն արարածներուն, որոնց նուիրումին ու ծառայութեան առջեւ ամէն իսկական հերոս պիտի խոնարհէր: Ամուր գոցուած դուռ ու պատուհան այժմ բացուած է՝ հեղձուցիչ օդը մաքրելու համար:

 Հինգշաբթի

Ի՜նչ փոյթ որ քայլերս դանդաղ են, երբ անոնք ուղղուած են առաջ:

Ի՜նչ փոյթ որ լեզուս թոթով է, երբ միտքերս կը պարզեմ կամաց:

Ի՜նչ ընենք որ աղօտ կը տեսնեմ, երբ մինչ այդ աչքեր չունէի:

Ի՜նչ փոյթ որ միշտ լուռ եմ, երբ կը լսես աղմուկը մտքիս:

Ի՜նչ փոյթ որ գիշերները մութ են, երբ ներսն է կանթեղը սրտիս:

Ես տարուած եմ, գիշեր ու ցերեկ, երազներս խառնելով իրականութեան, ես տարուած եմ ինքզինքս յղկելու աշխատանքով: Ի՜նչ փոյթ որ երազը ցնորք է…

Ուրբաթ

Երազիս մէջը խնճոյքի էի եւ մինակ չէի: Հաւաքուեր էին ամբողջ գերդաստան, ո՛չ ցիր, ո՛չ ցան. բոլորը միատե՛ղ, միաձայն. «Սեղանն է առա՜տ, դիմացն Արարատ…»:

Խմեցի, հա, խմեցի, սակայն առիթը վայելելու փոխարէն՝ յուզումէս լացի:

Զարմացան ու հարցուցին. «Միթէ ուրախ չե՞ս այս հաւաքին համար, կեր, խմէ, քէֆիդ նայէ, միշտ չեն վիճակուիր նման առիթներ».

Ու՝ Շրինկ-շրանկ. «Կենացնու՜դ…»:

Պատեհականութիւնը զիս չուրախացուց, մնայուն հաւաք ես պիտ’ ուզէի:

Շաբաթ

Երանի արուեստագէտներուն, որոնք իրենց յատուկ աշխարհը ունին: Գիտակցելով հանդերձ իրենց պարտաւորութիւնները երկրի վրայ որպէս մահկանացուներ, անոնք հնարաւորութիւն ունին ազատ շնչելու իրենց աշխարհին մէջ: «Արուեստը կաշկանդում չի ճանչնար». ու բառը, գիրը, նկարը, պատկերը, քանդակը իրենց հոգիի մարմնացումը կ’ըլլայ ու անոնք կը սլանան վե՜ր, դէպի բարձունքները՝ ըմպելու համար հոյլը աստղերու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles