ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (15)

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

Կիրակի
Ընտանիքով կ’որոշենք գազանանոց երթալ: Առաջին հանդիպած թաքսին կը նստինք եւ ամուսինս մեր երթալիք տեղը կը յայտնէ:
-Ա՜յ մարդ, է՜, սաղ երկիրդ գազանանոցի է վերածուել, էլ ի՜նչ գազանանոց, ի՛նչ բան,- կ’ըլլայ վարորդին պատասխանը:

Ուրբաթ
Երբեմն չեմ գիտեր ինչո՛ւ խօսելու ունակութիւնս կը պակսի: Կ’ուզեմ լուռ մնալ, հակառակ անոր որ ըսելիք կ’ունենամ այս կամ այն տհաճ երեւոյթին դիմաց, կամ երբ ինծի համար վստահելի թուող անձէ մը յանկարծ անսպասելի վիճակի մէջ կը դրուիմ: Բայց ինչո՞ւ լուռ կը մնամ. թերեւս մեր ընկերութիւնը չկորսնցնելու միտումով, կամ հիասթափութենէն ուշքի չգալուս պատճառով: Միւս կողմէն կը հաւատամ, որ երբ անկեղծութիւն կայ, խօսքը հոն շատ կարեւոր է հարթելու համար անհասկացողութիւնը: Լռութիւնը խաբուսիկ է, երբեմն անճանաչելի. որպէսզի մարդս լաւապէս ճանչնանք՝ պէտք է խօսեցնենք զայն: Խօսելով է որ մարդը կը հասկնայ, որ բառը այլեւս դուրս եկաւ լռութենէն եւ այլեւս լռութեան չի պատկանիր, այլ մարդուն, առ այդ ալ բառը դիմացինին ներաշխարհի հայելին կը դառնայ ու դուն կը հասկնաս իր միտքը եւ իր այս կամ այն արարքին պատճառը:
Դպրոցի ժամանակ կը յիշեմ յատուկ մրցանակ կու տային տարուան ամէնէն լուռ աշակերտին: Իրապէս ալ այնքան լուռ էր մէկը, որ մարդ մրցանակ տալու փոխարէն պէտք էր մտահոգուէր, թէ ինչո՛ւ այս աշակերտը այսքան չխօսկան է, սակայն ուսուցիչներուն համար ձեռնտու վիճակ էր ատիկա. «Դասարանը քար լռութիւն թող տիրէ» կը պոռային յաճախ, ու այդ լռութիւնը քարի պէս չկրնալ պահելուս համար միշտ ալ.«Միշոյեա՛ն, հաստ ձայնովդ դասարանը մի՛ խանգարեր» յանդիմանութեան կ’արժանանայի:
Վերջերս, Միս Արմինիայի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ: Ի՜նչ գեղեցիկ ու սլացիկ մարմիններով աղջիկներ, որ առաջին հայեացքով մարդ կրնայ զմայլիլ ու իրենցմով հրապուրուիլ: Սակայն երբ «Մէկ քիլօ երկա՞թը ծանր է, թէ բամպակը» պարզ հարցումին դիմաց անոնց անճրկիլը կը տեսնես ու սխալ պատասխանները մտիկ կ’ընես, պահ մը կը հիասթափուիս եւ կը մտածես ակամայ որ երանի լուռ մնային՝ հմայիչ մնային, որովհետեւ բառը մարդուս իմացութեան նշանն է նաեւ:
Արդ՝ լռութենէն բառ, բառէն խօսք կամարին միւս ծայրը լոյսն է: Որոշած եմ ձգտիլ անոր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (15)

  1. Հոյակապ է, ինչպէս միշտ:
    Կը խնդրեմ սրբագրել հետեւեալ նախադասուլիւնը. «Այդ լռութիւնը չկրնալ պահելուս համար…յանդիմանոբւթեան կ’արժանաանյի»:
    Պէտք է ըլլայ՝ « …պահել չկարենալուս համար…»:
    Նախընտրաբար՝ «…պահել չկարենալուս պատճառով…»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles