
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Կիրակի
Մեր բարեկամին առաջնեկի ծնունդը իրենց ուրախութիւն պարգեւելու փոխարէն սրտնեղութիւն պատճառեց: Տան անդորրութիւնը ձեւով մը խախտուեցաւ: Մեծ հայրիկը, որ երկար ատեն կ’երազէր մանչ թոռնիկ ունենալ, այժմ իրականացած տեսնելով իր երազանքը, անդրդուելիօրէն կը պնդէ, որ մանչուկը իր անունով կոչեն:
Բայց, եկուր տես որ տղան շուկային մէջ ամէն օր «Վա՜յ քո արա, վա՜յ քո արա» խօսքը այնքան կը լսէ, որ կը խուսափի իր հօր անունով Արա կոչել նորածինը:
Հիմա ինչպէ՛ս վերականգնել տան անդորրութիւնը…
Հինգշաբթի
Այսօր, երբ մանչերս դպրոցէն տուն վեադարձան, հարցուցի.
-Այսօր ի՞նչ տօն է:
– Ի՞նչ տօն,- միաբերան կրկնեցին հարցումս:
– Ուսուցչուհին որեւէ բան չըսա՞ւՎարդանանքի մասին,
– Ո՛չ:
Յիշեցնելու պարտականութիւնը յանձն առնելով ճաշասեղանին շուրջ սկսայ պատմել:
-Է, մամա՛, Երեւանը ամբողջ պարսիկ լեցուեր է, ի՞նչ տեսակ թշնամիներ ենք, մտածելով հարցուց մանչուկս ու վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի մէջ, երբ տակաւին մանկապարտէզ էր, խաւաքարտով սուր ու վահան շինած էինք ու թիկնոց մըն ալ ճարած էինք, որովհետեւ Վարդանանքի շաբաթը Բարեկենդան էր նաեւ եւ ինք Քաջ Վարդանը պիտի մարմնաւորէր..:
Յիշողութիւններու կծիկը այնպէս անուշ քակուեցաւ, որ հակառակ Ճաշը աւարտած ըլլալուն, ոչ ոք սեղանէն կը շարժէր. մանչուկներէս մէկը պատառաքաղը ձեռքն առած հերոսաբար սկսաւ բարձրաձայնել. «Հայ եմ ես, քաջ եմ ես, սարսափեցէք իմ ձեռքէս…», միւսը՝ «Բարեկենդան, բարեկենդան, ամէն կողմ դիմակներ կան…»ը երգեց: Անդին, մեծ մաման ու մեծ հայրիկը ժպիտով կը հետեւէին, կարծես հանդիսութեան ներկայ եղած ըլլային:
Յիշողութիւնը զիս ալ իր գիրկն առաւ ու ակամայ մտմտալ սկսայ. «Կիրակի Բուն Բարեկենդան է եւ ապա՝ Մեծ Պահք: Է՜հ, Հալէպ պիտի ըլլայի, որ զգայի այդ տօներուն ճոխութիւնը, կամ ալ Հայաստանի գիւղերը, ո՜վ գիտէ, գուցէ տակաւին պահպանած ըլլան Մեծ Պահքի աւանդութիւնը: Կեսուրս գործի կը լծուէր ու ձէթով ճաշերու ցուցակը կը բացուէր: Շաբաթը մէկ օր ազգականներով կը հաւաքուէինք եւ հիւրընկալ տանտիկինը իր թափած շնորհքը կը ցուցադրէր՝ համով-հոտով ճաշատեսակներ հրամցնելով:
Մեծ պահքի խորհուրդը գեղեցիկ էր ինծի համար դպրոցական տարիներուս եւս, երբ մանաւանդ, դասարան մտնելէ առաջ, առաւօտեան «Առաւօտ լուսոյ» աղօթքը կը փոխարինուէր «Յարեւելից»ով: Որքա՜ն կը սիրէի Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած այս գեղեցիկ հոգեւոր երգը եւ ինչքա՜ն զգօն կ’երգէի, որ յանկարծ չշփոթէի, որովհետեւ երկու կարճ համարներէ բաղկացած արեւագալի այս աղօթքի վերջաւորութիւնները իրարու կը նմանէին՝ փոքրիկ տարբերութեամբ մը. առաջին համարին մէջ «որ ծագեաց զլոյսն արեգական» պէտք է որ ըլլար, իսկ երկրորդ համարին մէջ՝ «որ ծագեաց զլոյսն գիտութեան»: Ամէն անգամ ալ մէկը կը գտնուէր, որ «զլոյսն գիտութեան»ին տեղ մեքենաբար կը կրկնէր «զլոյսն արեգական», եւ միւսներուն արհամարհոտ ու յաղթական հայեացքին կ’արժանանար, կարծես ըսել կ’ուզէին, թէ՝ «ի՜նչ է, քունը դեռ գլո՞ւխդ է, չե՞ս սթափած…», մինչդեռ յաջորդին, այդ յաղթական խումբին մէջէն մէկը անպայման նոյն ծուղակին մէջ կ’իյնար:
Գեղեցի՜կ յուշեր, անհո՜գ օրեր…
Տան հանդիսաւոր մթնոլորտը շարունակելու նպատակով, կը սեղմեմ Եու թուպի կոճակը եւ յաջորդաբար կ’երգենք. «Իմ հայրենեաց հոգի վարդան»ն ու «Ձեզ Բարեկենդան, մեզ բարի Զատիկ» երգերը: