ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (10)

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Կիրակի
Կը կարծէի, որ աշունը չեմ սիրեր: Ինչու աշունը տեսա՞ծ էի, որ սիրել չսիրելը գիտնայի: Աշունը հասկցած էի միայն քերթուածներու եւ բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն, եւ եթէ ոչ բոլորին, գէթ մեծ թիւով բանաստեղծներուն համար աշունը եղած էր իրենց ողբին, թախիծին, բաժանման եւ առանձնութեան զգացումին համահունչ եղանակ մը: Իսկ ո՞վ կը սիրէ այդ մելամաղձոտութիւնը:
Այսօր, ամբողջովին հակառակ կարծիք ունիմ այս եղանակին նկատմամբ: Ինչպէ՜ս չսիրել այս գեղեցկութիւնը: Երկինքէն գոյներ կը թափին, աշուն կը հոտի մթնոլորտը, ամառուան տաքէն ետք՝ մեղմ զեփիւռ: Պէտք է վայելել բնութիւնը. ուստի՝ կ’որոշեմ երթալ բուսաբանական այգի: կը կոխկռտեմ գոյզգոյն տերեւներուն վրայ, խշրտոցէն հաճոյք կը ստանամ: Կը քալեմ խորերը եւ ոտքերս տերեւներու խտութեան մէջ կը խրուին: Կ’ուզեմ մանկանալ ու տերեւները բուռիս ծէջ առած՝ գլխէս ի վեր կը նետեմ, բնութեան խելագարումին մասնիկը կ’ուզեմ ըլլալ, քակել ներքին սանձերս, թօթափել ամէն տեսակի յոգնութիւն, ցաւ, լուացուիլ ու նորոգուիլ: Այո՛, բնութիւնն ու մարդը ներդաշնակ են: Ինչպէ՜ս թախիծ տեսնել այս ամէնուն մէջ, երբ վերազարթնումի գաղափարը կայ հոն: Բնութիւնը կը մերկանայ, որպէսզի լոգանք ստանայ, մաքրուի՝ կրկին զգեստաւորուելու նոր հանդերձանքով: Ինչո՞ւ տխրութեան վերածել այս պահը, երբ բնութիւնը իր տերեւափաթին մէջ ուրախ է, պարի մէջ է, ընդամէնը յոգնած մասնիկներէն կը ձերազատի՝ վերընձիւղուելու համար:
Ինչպէ՜ս չսիրել աշունը:

Չորեքշաբթի
-Ինչո՞ւ հրաժարած էք գոյներէն,- առաջին հարցումը, զոր հարցուցի գծագրիչ Ռուբէն Նաճարեանին, Կոմիտասի թանգարանին մէջ ցուցադրուած «Գոյնէն Անդին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, իր ստեղծագործութիւնները դիտելէս վերջ: Գծանկարները անվերնագիր էին, գերիշխող գոյնը մոխրագոյնն էր: Հոն կային սեւ-ճերմակ ուղղահայեաց եւ հորիզոնական նրբագիծեր, երբեմն նաեւ՝ շեղագիծեր, մատիտով գծուածին վրայ սրբիչով եղած երանգաւորումներ, քառակուսիներ, շուքերու եւ լոյսի խաղեր… եւ այլն: Առաջին հայեացքով սեւ-ճերմակ հեռատեսիլային այդ ժամանակահատուածը յիշեցի եւ ուզեցի, որ գունաւոր ըլլային պատկերները:
Ռուբէն Նաճարեան ծնեալ՝ Լիբանան, այժմ՝ կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ: Երեւան գտնուելու պատեհ առիթէն օգտուելով կարճ հանդիպում մը ունեցանք արուեստագէտին հետ: Հանդիպման ընթացքին պարզուեցաւ, որ ան ո՛չ միայն գոյներով կտաւներ ունի, այլ նաեւ գոյներու ուսումնասիրութիւն կատարած է ու՝ Փարիզի մէջ պաշտպանած իր աւարտաճառը, նիւթ ունենալով՝ «Գոյնը եւ տարածքի ներկայացումը հայկական մանրանկարչութեան մէջ»:
-Ես գոյներէ չեմ հրաժարած: Շատ ունիմ գոյներով կտաւներ, սակայն հոս մէկտեղած եմ 1990-2015-ի բոլոր անգոյն գծանկարներս,- եղաւ պատասխանը արուեստագէտին: Ան առաջարկեց անգամ մը եւս դիտել ցուցահանդէսը: Եւ, ահա, պատահեցաւ անսպասելին: Ես սկսայ իւրաքանչիւր անգոյն կտորի մէջ գոյն տեսնել, նոյնիսկ ամչցայ քիչ առաջուան ըրած հարցումիս համար: «Պատկերէ մը կը մեկնիմ, սակայն պատկերը կը հեռացնեմ, կը ձգեմ միայն գծանկարը ինքնին, գիծը կայ, պատկերը չկայ», հակառակ իր այս բացատրութեան, սկսայ մոխրագոյնի տարբեր շերտերուն տակ դաշտային գոյներու բազմերանգութիւնը տեսնել. դաշտ, հովիտ, բլուր, թաւշեայ խոտեր, ժայռեր ու նեղ արահետ, որ երթալով կ’ընդլայնի: Ահա թէ ինչո՛ւ անվերնագիր էին կտաւները: Կը նշանակէ որ արուեստագէտը կը մերժէ իրը պարտադրել, այլ գիծերու եւ ճերմակներու միաձուլմամբ պատկերի ընկալումը կը թողու դիտողին ներզգայութեան ու երեւակայութեան գործօնին:
Սեւ-ճերմակին տակ բազմերանգ գոյներ թաքնուած են, պէտք է տեսնել զանոնք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles