ԵՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ԱՒԱ­ԳԱՆԻԻ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ.- “ՈՉ ԻՇ­ԽԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ՈՒ­ԺԵ­ՐԸ ՊԷՏՔ Է ՄԻ­Ա­ՒՈՐ­ՈՒԻՆ“ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՎԱ­ՀԱՆ ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԻՍ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

p1 Vahan interview  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նիս­եան, վեր­ջերս “Ա1+“-ի պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ Երե­ւա­նի աւա­գանիի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար, ոչ իշ­խա­նա­կան ու­ժե­րը պէտք է մի­ա­ւոր­ուին, եւ ատի­կա ոչ միայն կա­րե­լի է, այ­լեւ անհ­րա­ժեշտ: Յով­հան­նիս­եան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ մի­ա­ւոր­ման հա­մար նա­խադր­եալ­նե­րը ստեղծ­ուած են, սա­կայն քա­ղա­քա­կան դա­ւադ­րու­թիւնը կրնայ վե­րաց­նել նա­եւ այս կա­րե­լիու­թիւնը:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դա­մը նշեց, որ առաջ­նա­հերթ հար­ցը պի­տի ըլ­լայ այն, թէ ով պի­տի ըլ­լայ առա­ջին անու­նը: Ան աւել­ցուց, որ քա­ղա­քա­պե­տի ընտ­րու­թիւնը կը նմա­նի ոչ թէ խորհր­դա­րա­նա­կան, այլ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Յով­հան­նիս­եան յայտ­նեց, որ իշ­խա­նու­թեան նկատ­մամբ դիր­քո­րոշ­ման աս­տի­ճան­նե­րը կրնան տար­բեր ըլ­լալ, բայց այս հար­ցը շատ կա­րե­ւոր է, որով­հե­տեւ ատի­կա այն դաշտն է, ուր իս­կա­պէս կա­րե­լի է մի­ա­ւոր­ուիլ. այս­տեղ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու հարց չկայ: “Երե­ւա­նը իբ­րեւ քա­ղաք, կրնայ կար­գի բե­րել ե՛ւ ազա­տա­կա­նը, ե՛ւ ըն­կեր­վա­րա­կան-դաշ­նակ­ցա­կա­նը, ե՛ւ ան­կու­սակ­ցա­կա­նը: Կա­րե­ւո­րը ազ­նիւ ըլ­լան, որ չգող­նան, եւ պինդ ըլ­լան, որ սա­կա­ւա­պե­տե­րու ճնշման դի­մա­նան“, յայտ­նեց ան: Անդ­րա­դառ­նա­լով իշ­խա­նու­թեան առա­ջար­կած զիջ­ման` Յով­հան­նիս­եան նշեց, որ ինք մի­ան­շա­նակ վստահ է, որ պէտք է հա­մա­ձայ­նիլ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու յանձ­նա­խումբ ստեղ­ծե­լու առա­ջար­կին, քա­նի որ “Ատի­կա զի­ջում մըն է, որ ցոյց կու տայ, որ յաղ­թա­նա­կը այս հանգր­ուա­նին իշ­խա­նու­թիւնը ըն­դու­նած է: Ու­րեմն այդ յա­ջո­ղու­թե­նէն չօգտ­ուի­լը քու սխալդ կ՛ըլ­լայ: Այլ հարց է, որ եթէ շատ կամ քիչ զի­ջած են, բայց ինչ որ կա­րե­լի է ձեռք ձգել, պէտք է ձեռք ձգել, որով­հե­տեւ ատի­կա կա­րե­լիու­թիւն կու տայ հե­տա­գա­յի նոր յա­ջո­ղու­թեան հա­մար“, եզ­րա­կա­ցուց ան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles