Երդման Արարողութիւն՝ Մայիս 28-ի Առիթով

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

yertoum

ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, Մայիս 28-ին, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 98-ամեակին առիթով, Հ.Յ.Դ. Երեւանի քաղաքային կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցաւ խոստման եւ երդման արարողութիւն: Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին Արամ Մանուկեանի յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ:
Հ.Յ.Դ. համակիրներու 28 հոգինոց խումբ մը համալրեց կուսակցութեան շարքերը` երդուելով կուսակցութեան այն դրօշին վրայ, զոր բանտարկուած ատեն ճաղերուն ետեւէն ծածանած էր Վահան Յովհաննիսեան:
Երդման արարողութենէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ յայտնեց.-
«Կը շնորհաւորեմ բոլորդ Մայիս 28-ին առիթով: Ոեւէ ժողովուրդի համար չկայ աւելի մեծ տօն, քան իր ժողովուրդին անկախութեան տօնը: Ոեւէ ժողովուրդ չի կրնար լիարժէքօրէն դրսեւորուիլ, առանց անկախ պետականութեան: Մայիսի 28-ը կերտած մեր նախնիները հիմը դրին, որ այսօր մենք ունենանք նորանկախ պետութիւն, նոր խնդիրներ, նոր մարտահրաւէրներ: Բայց հպարտ ենք, որ ենք աշխարհի այն ժողովուրդներէն, որոնք կրցած են իրենց ինքնուրոյնութիւնը, իրենց տեսակը, իրենց պետականութիւնը ստեղծել: Կարեւոր է այն, որ մենք այսօր հաւաքուած ենք Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին մօտ, եւ նշանակալի է, որ այստեղ երդման արարողութիւն կը կատարենք: Ամէն դաշնակցականի համար ամէնէն յիշարժան ու կարեւոր օրերէն մէկն է: Ես, որ իմ կեանքիս ընթացքին հազար բանի ականատես եղած եմ ու շատ բան մոռցած, մէկ բան երբեք չեմ մոռցած` իմ դաշնակցական երդման օրը` 26 ապրիլ 1990 թուական»:
Աւարտին հնչեցին շնորհաւորանքներ` ուղղուած նոր անդամագրուած երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ` աւանդական երգեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles