ԵՐԴ­ՄԱՆ ԵՒ ԵՐԿՄ­ՏԱՆ­ՔԻ ԱՐԱ­ՐՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 39 Second

p1 main serzh-sargsyan-innaguration-april9-2nd-term Հա­յորդի­ին հա­մար, պատ­մա­կան իւ­րա­յա­տուկ օր մը կա­րե­լի է սե­պել Ապ­րիլ 9, 2013 թուա­կա­նը:

Օր­ուան յայ­տագ­րի վրայ էին եր­կու տար­բեր բե­ւե­ռա­յին հան­դի­սու­թիւն­ներ.-

Առա­ջին` անց­եալ Փետր­ուար 18-ին ընտր­ուած նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի երդ­ման արա­րո­ղու­թիւնը եւ մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ.- Երկ­րորդ` այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը չեղ­եալ եւ ան­վա­ւեր հա­մա­րող Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի եւ իր կող­քին գտնուող զա­նա­զան ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու հա­ւա­քը` “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րակ:

Բո­լո­րո­վին տար­բեր բնոյթ ու­նէ­ին եր­կու հա­ւաք­նե­րը: Մէ­կը` պաշ­տօ­նա­կան, փրո­թո­քո­լա­յին եւ վե­րա­պահ­ուած յա­տուկ ընտ­րանիի մը, իսկ միւ­սը` բաց հրա­ւէր մըն էր բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, որոնք դժգոհ էին ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն:

Առա­ջին հան­դի­սու­թիւնը` “Կա­րէն Տէմիրճ­եան“ մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ եղաւ գերմ­տեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ, այն­քան մը որ վաթ­սուն օտար պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­քին, ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը եւ իր կող­քին գտնուող “Մենք ու Մե­րոնք“`հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը բնո­րո­շող ու ամ­բող­ջաց­նող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ:

Եր­կու հա­զար հրա­ւիր­եալ­ներ, որոնց կար­գին Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան, հե­տե­ւե­ցան այս հան­դի­սու­թեան, որուն ըն­թաց­քին, երդ­եալ նա­խա­գա­հը շեշ­տեց թէ “եկել է տքնա­ջան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի փու­լը` խօս­քից գոր­ծին անց­նե­լու, խօս­քե­րը գոր­ծե­րով ամ­րագ­րե­լու“:

Նա­խա­գահ Սարգս­եան իր խօս­քին մէջ, կը յայտ­նէր այն ինչ որ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­ներ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը հո­լո­վէ­ին:

Ըստ երե­ւոյ­թին, ան կը փոր­ձէր ախ­տա­ճա­նա­չում­ներ կա­տա­րել եւ ներ­կա­յաց­նել հիմ­նախն­դիր­ներ, որոնց կար­գին բա­ցա­ռե­լ ընտ­րա­կա­շառ­քը, պե­տա­կան-վար­չա­կան ­նե­րու­ժի օգ­տա­գոր­ծու­մը, ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեա­ն են­թար­կել տն­տե­սա­կան ­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը` նպա­տա­կադ­րե­լով ­նո­ր  աշ­խա­տա­տե­ղե­րու ս­տեղ­ծու­մը, ար­ժա­նա­պա­տիւ վար­ձատ­րու­թիւնը ­ե­ւ ան­շուշտ աղ­քա­տու­թեա­ն ու բնա­կա­նա­բար ար­տա­գաղ­թի վե­րա­ցու­մը:

Յա­ւել­եալ թա­փան­ցիկ իրա­վի­ճակ ստեղ­ծե­լու հա­մար, Սարգս­եան նոյ­նիսկ նշեց թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­վե­րահս­կել­ու եւ ­հա­կակշ­ռե­լու ն­պա­տա­կով` օրէն­քով երաշ­խա­ւոր­ուած լ­ծակ­ներ ­պէտք է որ տրա­մադ­րեն, առանց որե­ւէ սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու:

…Զար­մա­նալի­օ­րէն, յար եւ նման, չը­սե­լու հա­մար մի­եւ­նոյնն էր, որ կը պա­հան­ջէր օր­ուան երկ­րորդ հա­ւա­քին մաս­նակ­ցո­ղը կամ չմաս­նակ­ցող սա­կայն հա­մա­կիր “մաս­սա“ն:

Եր­կու հա­ւաք­ներ, տար­բեր մթնո­լոր­տի մէջ, մի­եւ­նոյն նպա­տակ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող…եր­կու տար­բեր բե­ւեռ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կամ օրհ­նու­թեամբ:

Հոս տե­ղին է հարց տալ թէ դէ­պի ո՞ւր կ՛ըն­թա­նանք կամ ինչ­պէ՞ս պի­տի ըն­թա­նանք:

Այս ահա­ւոր եւ վտան­գա­ւոր կա­ցու­թեան դի­մաց, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ակն­կա­լել երդ­ման արա­րո­ղու­թիւն մը …Երկմ­տան­քո՞վ թէ “Բա­րեւ“ով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles