
Զարմինէ Պօղոսեան
Նիւ Եորք
Սեպտեմբեր 5, 2018
Վերամուտի առթիւ- Հայերէն լեզուի ուուցչիս՝ Հայկ Պարիկեանին յիշատակին
Կեանքիս տարբեր հանգրուաններուն շատ տարբեր առիթներով յիշած եմ ուսուցիչներս: Իւրաքանչիւրը անոնցմէ անեկդոտ մը, մանրավէպ մը, ժպիտ կամ՝ափսոսանք բերած է իր հետ եւ քանդակած յուշերուս մէջ: Ժամանակի ընթացքին բիւրեղացած այդ յուշերը յաճախ մէկ առ մէկ ժապաւէնի մը արագութեամբ այցի կու գան ինծի, երբեմն յամենալով, շատ յաճախ ալ արագ փայլատակումներով:
Այսօր՝ Սեպտեմբերի սկիզբին ենք, ամէն տեղ արդէն Վերամուտ է: Մեր հայրենի դպրոցականները արդէն սկսած են Սեպտեմբեր մէկին, իսկ զանազան երկիրներու կամ նահանգներու մէջ յատուկ օրեր նշանակուած են –մէկ խօսքով վե՛րջ ամրան արձակուրդին- վերամո՛ւտ է: Չեմ գիտեր կա՞յ ուրիշ ասպարէզ մը որ այդ խանդավառութիւնը կրնայ բերել կամ զգացնել տարուան ընթացքին, ինչ որ վերամուտը կը բերէ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:
Սեպտեմբեր 5-ը Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ վարժարանին առաջին օրն է: Աշակերտ- ծնողք նորոգուած խանդավառութեամբ ու նորանոր յոյսերով ոտք կը դնեն իր ոսկեայ տարեդարձը ետին ձգած այս վարժարանէն ներս, որուն անցնող երեսուն տարուան ընթացքին առօրեայ ապրումներ ունեցած եմ ես ալ պաշտօնիս բերմամբ: Իսկ այսօր՝ միայն երեւակայութեամբ հոն եմ, իրենց հետ:
Այդ տարիներուն հետ շատ յաճախ աչքիս առաջ մէկ առ մէկ տողանցքի պէս այցի եկած են մանաւանդ ՀԱՅԵՐԷՆ Լեզուի ուսուցիչներս, մանկապարտէզի բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններէն սկսեալ- մեծամասնութեամբ արդէն իսկ անդենական կեանքի անցած:
Տարիներու ընթացքին, ճակատագրի բերմամբ, չորս տարբեր քաղաքներու եւ դպրոցներու մէջ- աւելի քան տասը հայերէն լեզուի ուսուցիչներու հոգատարութիւնը վայելած եմ- Շաքէ Ասլանեան, Ռահէլ Պետոյեան, Արաքսի Մեսիայեան, Նուարդ Մերասէտեան, Հայկ Մանուկեան, Յակոբ Աշակերտեան, Սարգիս Տէր Ղազարեան, Համբարձում Էֆէնտի Պէրպէրեան, Ռոզա Վարպետեան, Կատարինէ Սեմերճեան, Օրդ. Ֆէրիտէ Սալիպեան, Անդրանիկ Կիրակոսեան, եւ բարձրագոյն դասարաններուն՝ Հայկ Պարիկեան:
Այսօր Հայկ Պարիկեանին յուշերով պարուրուած եմ: Դրդապատճա՞ռը: Թղթապանակներուս մէջ իր ձեռագիրով նամակներ նօթեր մէջտեղ ելան: Թուականներ սկսան շարուիլ աչքիս առաջ: Հանում-գումարում՝ յանկարծ գիւտ մը ըրածի պէս կ՛անդրադառնամ թէ ես այսօր՝ իմ ուսուցիչներուս ա՛յդ օրերու տարիքէն ա՛լ աւելի մեծ եմ…. Արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրեմ այդ կուտակուող ապրումները որ ունիմ իւրաքանչիւրին հետ:
Պարոն Պարիկեանին երկտողները ձեռքիս են, աշակերտական օրերէս մինչեւ
չափահաս տարիքիս իր հետ ունեցած մեր զրոյցներն ու իր քաջալերական խօսքերը կը պայծառանանան: Խօսքեր՝ որոնք օրին շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած էին վրաս: Իր անունին ծանօթ էի նախակրթարանի սեղաններէն երբ Հալէպի մանկապատանեկան «ԲՈՒՐԱՍՏԱՆ» պարբերաթերթը մայրս կու տար որ կարդայի: Երբ երկրորդական վարժարան սկսայ յաճախել՝ Հայերէն լեզուի ուսուցիչս եղաւ ինծի ծանօթ թերթին խմբագիրը՝ ՀԱՅԿ ՊԱՐԻԿԵԱՆԸ:
Շատ կը քաջալերէր զիս եւ միշտ կը յիշեցնէր – «Ի՞նչ նոր բան գրած ես…» ամչնալով եւ արդարանալու փորձով մինչեւ ականջներս կարմրելով կ՛ըսէի –
- Ո՛չ, պարոն Պարիկեան, կը ցաւիմ .. ժամանակ չունիմ…
- Ժամանակը դու՛ն պէտք է ստեղծես… կ՛ըլլար պատասխանը
Երեւի բոլոր այդ արդարացուցիչ պատրուակները մէկդի դրած այսօր որոշած եմ
անպայման ժամանակ տալ եւ գրե՛լ, ՀԱՅԿ ՊԱՐԻԿԵԱՆԸ յիշել… «ժամանակ ստեղծելով» իմ Հայերէն լեզուի ուսուցիչիս, որուն օրին գէթ հպարտութիւն պատճառելու առիթ մը տուած էի:
Մեր Պաքալորիայի տարին (երկրորդական ԺԲ. դասարան) Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ տեղի ունեցած Հալէպի միջ-դպրոցական, երկրորդական վարժարաններու շարադրութեան մրցումին առաջին մրցանակը շահելու պատիւը բերած էի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հայերէն լեզուի ուսուցչիս՝ Հայկ Պարիկեանին: Իսկ իմ գնահատական նուէրս էր՝ Շահան Շահնուրի «Նահանջ Առանց Երգի» հատորը եւ ՊարոնՊարիկեանին խմբագրութեամբ վարժարանին «ԲԱՐՁՈՒՆՔ» անունով տարեգիրքին մէջ առաջին էջերուն շարադրութեանս տպուիլը:
Կը թերթատեմ յուշերս, նամակնէր, երկտողներ, մի քանի դասարանային շարադրութիւն՝ իր սրբագրութեամբ, իր կոկիկ ձեռագիրով քաջալերական խօսքեր եւ մանաւանդ՝ առատաձեռն փայլուն նիշերով: Շարադրութիւններէս մին՝ ինք մեքենագրելով ղրկած էր օրուան Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսնող «ԱՐԵՒ»-ին եւ իր մեքենագրած օրինակէն ալ հատ մը ինծի նուիրած: Մեր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելու օրերու նախօրեակին՝ գիտնալով որ սպառիչ արխիւային յօդուած մը գրած էի Հալէպի Կրթասիրաց Միութեան եւ համանուն վարժարանին կազմութեան Յիսնամեակին առթիւ, խնդրեց որ ամփոփումը ղրկեմ իրեն, որ լոյս տեսաւ ԳԵՂԱՐԴԻՆ մէջ:
1986-ին երբ առաջին անգամ այցելութեամբ Հալէպ վերադարձայ, առաջին այցս Տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի հիմնած գրադարանն էր – ուր, գիտէի թէ պիտի գտնէի ուսուցիչս որպէս խմբագիրը ԳԵՂԱՐԴ տարեգիրքին, եւ գլխաւոր անդամը ՀԱԼԷՊԻ ՀԲԸՄ-ի Մատենագիտական Յանձնախումբին: Ինչ-ինչ դժուարութիւններով հսկայական աշխատանք մը ի մի բերած էր: Միմիայն 1975-ի Ա. հատորին մէջ 38 գրողներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին, հինգ հարիւր էջնոց հատորի մը, ուր պատմագրական արժէքով ամփոփուած են Սուրիահայ պատմութեան վերաբերեալ հարուստ ու բազմազան ուսումնասիրութիւններ, սպառիչ թղթակցութիւններ, Սուրիահայ կեանքին պատմութեան ատաղձ ծառայելիք նիւթեր: Եւ այսպէս. . . յաջորդաբար չորս թիւեր լոյս տեսած են, որոնցմէ ետք չեմ գիտեր թէ ճակատագիրը ո՞ւր հասաւ ԳԵՂԱՐԴ-ին:
Երբեմնի հարուստ աւելի քան վաթսուն հազար հայութիւն ունեցող Հալէպը երբ մի քանի տարեգիրք եւ երեք –չորս թերթեր ունեցած է ժամանակին, 1970-ականներուն մնացած էր մէկ տարեգիրքով, «ԱՊՐԻԼ» պարբերականով, եւ վարժարաններու տարեգիրքերով: Ա՛լ ծանօթ չեմ ներկայ օրերու բոլորիս ծանօթ պայմաններու մէջ, տակաւ գոյատեւող գաղութին պայմաններուն, բացի՝ այս օրերուն Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուող «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»ին:
Նոյն թուականին երբ իր տունն ալ այցելեցի ցոյց տուաւ ինծի ստուար էջերու կոյտ մը՝ Հայ Գրողներու Ծածկանուններու Բառարանային աշխատանքին կապակցութեամբ: Տեսակ մը կարծես զարմանքով նայեցաւ ինծի թէ ինչպէս կ՛ըլլար թէ ես ծածկանուն մը չունէի: Փարքինսընէն (Parkinson) տառապող ձեռքերը կը դողային: Տխուր աչքերով նայեցաւ ինծի . . .
- «Հոս ըլլայիր կ՛ամբողջացնէիր այս բոլոր ձեռագիրներս» ըսաւ:
Աչքերս վար առած՝ յուսադրիչ պատասխան մը չկրցայ տալ: Մինչեւ հիմա այդ նայուածքը խորապէս անջնջելի կը մնայ-անաւարտ խոստումի մը պէս: Չեմ գիտեր ինչ եղաւ ճակատագիրը իր ծածկանուններու հաւաքածոյին եւ այլ իր թղթածրարներուն
Այդ Տարին էր՝ 1986: 1915-ին Եոզղաթի մէջ ծնած ուուցիչս միմիայն 71 տարեկան էր երբ այցելութիւն տուի իրեն: Մինչեւ թոշակի անցնիլը 1978-ին, 42 տարի ուսուցչութիւն ըրած էր զանազան վարժարաններու մէջ- վերջին տարիներուն մեր հայերէն լեզուի ուսուցիչն էր: Իր յօդուածները, քրոնիկները տարբեր ծածկանուններով տպագրուած են «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար», «Ժամանակ», «Ապագայ», «Աշխարհ», թերթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Շիրակ», «Ծիրանի Գօտի», « Յուշարար» պարբերաթերթերուն մէջ:
Հայ մամուլի պատմութեան վերաբերեալ երախտաշատ ուսումնասիրութեան արժէքաւոր իր ներդրումը ունեցած է «Սուրիոյ Հայ Տպարաններու Պատմութիւնը» գիրքով, որ 1974 թուականին լոյս տեսած է: Երախտաշատ աշխատանք մըն է, որ կ՛ընդգրկէ հայաշատ մեր Հալէպի գաղթօճախի տպագրական գործի զարգացման ընթացքը՝ 1868 թուականէն սկսեալ:
Մեր Հայերէն լեզուի վերաբերեալ նիւթերուն կարգին, մեր դասապահերուն իր հետ օրը-օրին ուսումնասիրեցինք յիշատակելի իր մէկ աշխատասիրւթիւնը՝ Լեւոն Բաշալեանի մասին: Հեղինակին «Ցեղին Ձայնը» մեր հոգիներէն ներս դրոշմեց՝ Բաշալեանի մասին այդքան ընդարձակ ուսումնասիրութեան մեզ ալ մասնակից դարձնելով: Սոյն աշխատասիրութիւնը լոյս տեսած էր 1963-ին Բաշալեանին 100-ամեակին առթիւ:
Մեր սիրելի Հայերէնի ուսուցիչը զանազան թերթերու եւ պարբերականներու մէջ ցրուած իր գործերէն զատ հեղինակն էր երկու բանաստեղծական հատորներու: «Այգեկութ» բանաստեղծութիւններու անդրանիկ գիրքը որ լոյս կը տեսնէ 1962 թուականին Հալէպի մէջ, եւ իր երկրորդ գիրքը՝ «Երգեր Հողի եւ Մարդոց Մասին» խորագրով 1965-ին:
Կը յիշեմ, երբ տասերորդ դասարան էինք, իր առաջին գիրքէն դասարանին մէջ մեզի բանաստեղծութիւն մը կարդալը: Իր տողերէն մէկուն մէջ կը գրէր՝ «Արեւողող սենեակիս մէջ….» յանկարծ ընթերցումը դադրեցուց ըսելու համար-
- Տղա՛ք, անդրադարձա՞ք այս բառին, բառարան բացի այս բառը ստուգելու, չեմ
գտած այս բառը, ե՛ս կազմեցի կամ՝ իմ գիւտս է, շլացուցիչ արեւէն սենեակս ողողող տեսքին առաջ …. աւելցուց՝ մանկական հրճուանքով մը:
- ԱՐԵՒՈՂՈ՜՜՜Ղ . . .
- Ի՞նչպէս մոռնալ այդ բառը . . . Մեր դասարանի տղոց նիւթ պէտք էր, առիթն էր
նոր սորված բառը այլ նորութիւնով օգտագործելու. . .
Յաջորդ օրը առաւօտուն մեր դասարանի վառարանին «Մազօթ»ը- հեղուկ վառելանիւթը- յորդելով գետին վազած էր, իր անտանելի հոտը դասարանը լեցնելով-
- Տղոցմէ մին վազելով իր մօտ գնաց յաղթականօրէն նոր բառը շեշտելով
- Պարոն Պարիկեան, մեր դասարանը Մազօթա-ողող եղաւ …
Բարի ժպիտը դէմքին քնքշութեամբ ըսաւ-
- Առիթը գտա՞ր ինծի հետ մրցելու. . .. կարծես ուրախ էր որ իր ստեղծած բարդ
բառը գործածութեան կը դրուէր իր աշակերտին կողմէ. . .
* * *
Ամերիկեան առօրեայիս մէջ թաղուած՝ իր մահուան լուրը շատ ուշ հասաւ ինծի: Այս օրերուն սկսայ հետապնդել, քանի-քանի տեղ հարցուցի, նամակ ղրկեցի մահուան ճշգրիտ թուականը իմանալու, միայն տարեթիւ մը հասաւ ինծի… 2006. . .
Ուրեմն ջարդի տարին ծնած ուսուցիչս 91 տարեկան էր միայն երբ այս աշխարհէն հեռացաւ:
Վերամուտի այս օրերուն, անգամ մը եւս ողջոյն Ձեզի՛, սիրելի Հայերէն լեզուի իմ ուսուցիչ՝ Հայկ Պարիկեան: Մեզի սիրցնել տուած, քու ալ սիրած բանաստեղծութեան իշխանին՝ Վահան Թէրքէեանի տողերով՝
«Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՜նչ մնաց ..
Ինչ որ տուի ուրիշին տարօրինակ ա՛յն միայն»..
Այդ «ուրիշները»… քու հասցուցած աշակերտներդ են սիրելի Պարոն Հայկ Պարիկեան: Վստահ եմ տասնեակներով հասցուցած աշակերներէդ շատ-շատեր- ինծի պէս- արդէն իսկ հասուն տարիքի հասած-պիտի յիշեն քեզ՝ քու բարի ժպիտիդ հետ արեւողող բառերովդ ու գնահատականներովդ: