
Ծ.Խ.- Այս ընդվզեցուցիչ նշմարը, առիթ մըն է կարդացողը բաժնէ երիտասարդ եւ մշակութասէր յօդուածագրին մտահոգութիւնը: Եւ դեռ աւելի, ահազանգ հնչեցնէ փրկելու համար հայ երգն ու արուեստը, որոնք իրենց կարգին համշխարհայնացման դռները թակած են:
Տարիներէ ի վեր, հայ մշակոյթն ու մանաւանդ երգարուեստը քառասմբակ սլացքով կը թաւալին դէպի անդունդ, յետին շպրտելով մեր դարաւոր գոհարներն ու երաժշտական նուազագոյն օրինաչափութիւնները: Իսկ թրքաբարոյ «մուղամ»ներն ու գլգլոցները հետզհետէ խորասոյզ կ՚ըլլան հանրութեան ենթագիտակցութեան ու հոգիին մէջ, եղծանելով անոր ծիներն ու ճաշակը: Ահազանգներն ու քննադատութիւնները որքան որ ալ դառն եւ անախորժ թուին ըլլալ՝ ամենեւին չեն գերազանցեր հայ արուեստին կրած տոյժերն ու վնասները:
Վերջերս, ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուեցաւ տեսահոլովակ մը, որ մեծ խանդավառութիւն առթեց հայ ժողովուրդի կարգ մը խաւերուն, եւ այդ խանդավառութիւնը վերածուեցաւ հպարտութեան, գրաւելով անգամ հայկական կարգ մը պատկերասփիւռներու կայաններ եւ ելեկտրոնային կայքեր: Իսկ աւելի սարսափելին, երբ «պատկառելի» պատկերասփիւռի կայան մը հարցազրոյց կատարեց երգը կատարող «հերոս»ին հետ, գովերգելով անոր նուաճումը եւ ամբարտաւանօրէն նշելով, որ «հիթային» երգը միայն Թուրքիոյ մէջ ունեցած է 3 միլիոն դիտում եւ վերածուած «չալենճ»ի ու «հաշդէկ»ի:
Յո՞ երթաս հայ ժողովուրդ, յո՞ երթաս հայ մշակոյթ, յո՞ երթաս հայ երգարուեստ:
Այսքան տարի հայ մշակութային գոհարներն ու գլուխգործոց երգարուեստը չկրցանք օտարներուն ընկալելի դարձնել, բայց մեր աղբը մի քանի շաբթուան ընթացքին նուաճեց ամբողջ Թուրքիան: Ըստ երեւոյթին մեր «Շօ Պիզնէսի» աստղիկները այնպիսի մակարդակի մը հասցուցին իրենց երգացանկը, որ թուրքերէն աւելի թրքաբարոյ դարձան, եւ թուրքեր իրենցը թողած մերը որդեգրեցին, որպէս աւելի հոգեհարազատ երգ եւ երաժշտութիւն:
Բայց աւելի վտանգաւորը՝ հայերուն բարձրացուցած յոխորտանքի ու հպարտութեան ալիքն է որ կը մտահոգէ զիս…
« «Զ» երգը դարձաւ «հիթային չալենճ» Թուրքիոյ մէջ, եւ յոյս ունինք որ նուաճէ ամբողջ եւրոպան » …