
Կազմակերպական մեր կեանքի, կուսակցական թէ միութենական, բնական գործընթացին մաս կը կազմէ պարբերաբար վերաքննել մեր կառոյցները – խօսքս մեր ընթացատեսքերուն (organigrammes, flow charts) մասին է – եւ տեսնել թէ կը պատշաճի՞ն անոնք մեր ժամանակներուն, մեր այժմու առաջնահերթութիւններուն: Ասիկա յատուկ չէ միայն հայկական կազմակերպութիւներուն, այլ ընդհանրապէս բոլորին կը վերաբերի:
Արդ, ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն մեր կառոյցները, ի՞նչ փոփոխութեան կարիք ունին, եթէ՛ ունին: Անմիջապէս ըսեմ, որ փորձառութիւնս հիմնուած է առաւելաբար այն կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնց անդամ եմ, որոնց մէջ գործած եմ ու կը գործեմ, սակայն համոզուած եմ, որ առաւել կամ պակաս նոյն է պարագան այսօր հայ կեանքի մէջ դերակատար այլ գլխաւոր կազմակերպութիւններուն: Բոլորն ալ ունին բրգաձեւ կառոյց` խարիսխէն գագաթ. գէթ այդպէս կը դաւանինք:
Բուրգը, որպէս երկրաչափական մարմին կամ ճարտարապետական յօրինուածք` ամենէն կայուն, ամենէն անխախտ, ամենէն դիմացկուն ծաւալն է: Հակառակն է շրջուած բուրգը, որ սակայն շատ մեծ ճարտարութիւն կ՛ուզէ ոտքի պահելու համար…
Արդ, մեր համահայկական տարողութեամբ կազմակերպութիւններու բրգաձեւ կառոյցները ունին եռայարկ բաժանում` ամենէն վարը խարիսխն է, ամենէն լայն տարածքով, որ անդամական շարքերը կը հանդիսանայ, մէջտեղը` ժողովներն են, օրէնսդիր բնոյթի, որոնցմով շարքերը կը վարեն իրենք զիրենք, ու ամենէն վերը` գագաթին, այդ ժողովներէն բխած մարմիններն են` գործադիր բնոյթի:
Ասիկա է ընդհանուր սկզբունքը: Կազմակերպական իւրաքանչիւր միաւոր, ըլլա՛յ միութենական մասնաճիւղ, ըլլա՛յ կուսակցական կոմիտէութիւն, այդ ձեւով կազմակերպուած է:
Սակայն որքա՞ն հարազատ է այս պատկերացումը: Արդեօք հակասութիւններ չկա՞ն այս ընթացատեսքին մէջ:
Բուրգի մը ուժը իր խարիսխի լայնութեան մէջ է: Որքան խարիսխը լայն ըլլայ իր բարձրութեան համեմատ, բուրգը այնքան կայուն կ՛ըլլայ. որքան բարձրութիւնը աւելնայ խարիսխին համեմատ` այնքան անկայուն: Այսինքն, որքան անդամները շատնան, կազմակերպական կառոյցը այնքան ուժեղ կ՛ըլլայ, որքան մարմիններուն եւ անդամական շարքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը աւելնայ` այնքան տկար, եւ բուրգը կը սկսի աշտարակի ձեւ առնել, ու աւելի հակամէտ կ՛ըլլայ շրջելու, տապալելու` հոսկէ կամ հոնկէ փչող քամիներուն դիմաց:
Համակարգային եռայարկ այս պատկերացումին տկարութիւններէն մէկը այն է, որ իրականութեան մէջ մէջտեղի բաժինն է, որ վերջին խօսքը ունի. այո՛, ժողովներն են, ըլլա՛ն անդամական թէ ներկայացուցչական, որ որոշումներ կու տան ու այդ որոշումներու գործադրութեան կը հսկեն: Այդ ժողովներէն ընտրուած մարմինները որոշումներ գործադրողները կը հանդիսանան: Ժողովրդավարութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ: Սակայն անոնք կը գտնուին բուրգին երրորդ յարկին վրայ` ամենէն վերը, եւ կրնան ինքզինք համարել իշխանութիւն, այսինքն գործադրողի հանգամանքէն անցնիլ օրէնսդիրի հանգամանքին, ինչ որ ժողովրդավարութեան տեղ հակաժողովրդավարութեան, եթէ ոչ բռնապետութեան իրավիճակ կրնայ ստեղծել: Այսինքն, բուրգը գլխիվայր կը շրջի, ինչ որ կայունութիւնը անկայունութեան կը վերածէ: Սակայն փոքրաթիւ անդամներէ բաղկացած մարմին մը չի կրնար կրել այդ բոլոր ժողովներուն եւ անոնցմէ ալ վեր` անդամական շարքերուն ամբողջ ծանրութիւնը: Արդար ալ չէ նման ակնկալութիւն ունենալ: Ուրեմն, որքան ալ որ պատասխանատուութեան տեսակէտէն, բուրգը ճիշդ չի ներկայացներ իրողութիւնը – ամենէն վերը ժողովները պէտք էին պատկերացուիլ -, սակայն գործնական նկատառումներով, յատկապէս մարդուժի թուաքանակի տեսակէտէն, բուրգը կը մնայ ամենէն պարզ ու հասկնալի պատկերը կազմակերպական կառոյցի մը, այնքան ատեն, որ գագաթը գիտակից մնայ, որ ինք համարատու է ստորոտին, եւ համարատուութեան վայրը մէջտեղն է` ժողովական կեանքը:
Սակայն մեր կազմակերպութիւնները միայն անջատ, անկապակից միաւորներէ չեն բաղկացած: Անոնք մաս կը կազմեն ամբողջութեան մը, որ նոյնպէս բրգաձեւ է:
Բ.
Կան անկասկած կազմակերպութիւններ, որոնք զուտ տեղական բնոյթի են եւ որեւէ օրգանական առնչութիւն չունին իրենց նման այլ միութիւններու հետ, որքան ալ որ փոխադարձ յարաբերութիւններ պահեն անոնց հետ: Մեր կեանքին մէջ գործող գլխաւոր միութիւններն ու կուսակցութիւնները, սակայն, մաս կը կազմեն համահայկական առումով գոյութիւն ունեցող կազմակերպական ընտանիքներու:
Արդ, այդ ընտանիքները նոյնպէս ունին եռայարկ բնոյթ ու բուրգի տեսք: Այս իրականութիւնը մէկ օրէն միւսը չստեղծուեցաւ: Տարիներու անխոնջ ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է: Ինքս մասնակից ըլլալով անոնցմէ գէթ մէկուն` Համազգայինի նմա՛ն կառոյցի յառաջացման ճիգերուն, կրնամ վկայել, որ որքան ջանք թափելու, ժամանակ տրամադրելու պէտք եղաւ իրականացնելու համար այդ կառոյցը: Շուրջ քառորդ դար ետք հարց կու տամ, որ որքա՞ն կը պատշաճի ան մեր ներկայ կարիքներուն: Նոյնը կրնամ ըսել այլ կազմակերպութիւններու պարագային:
Բայց տեսնենք ինչպէ՞ս կը ներկայանան այդ կառոյցները այսօր:
Կազմակերպական ընդհանուր բուրգին առաջին յարկը կը հանդիսանան մասնաճիւղերը` միութիւններու պարագային, ու կոմիտէութիւնները (ու անոնց բաղկացուցիչ տարրերը` եթէ խմբական դրութիւն գոյութիւն ունի տուեալ վայրի մը մէջ) կամ անոնց համազօր միաւորները: Այս առաջին յարկը, ինչպէս տեսանք նախապէս, ինք իր կարգին երեք խաւերէ կը բաղկանայ (անդամական շարքեր, ժողովներ, մարմիններ):
Ընդհանուր բուրգին երկրորդ ու երրորդ յարկերը, սակայն եռամաս չեն: Երկրորդ յարկը կը հանդիսանան աշխարհագրական տարածքի մը` երկրի մը կամ երկրի մը մէկ մասին մէջ գործող մասնաճիւղերու խումբի մը աշխատանքները համադրող, վերահսկող շրջանային ժողովներն ու անոնցմէ բխող շրջանային մարմինները: Ի հարկէ շրջանները չունին անդամական շարքեր, որոնք մասնաճիւղերուն կամ մասնաճիւղի իրավիճակ վայելող այլ միաւորներուն մենաշնորհն են: Ասկէ ալ` շրջանային ժողովներու եւ մարմիններու հեռաւորութիւնը անդամական շարքերէն, որոնք կազմակերպութեան մը ուժի գլխաւոր աղբիւրն են: Այդ հեռաւորութիւնը կրնայ առաջին անպատեհութիւնը նկատուիլ:
Երկրորդ անպատեհութիւնը կամ դժուարութիւնը այս կառոյցին այն է, որ Սփիւռքի իւրաքանչիւր բաղադրիչ մաս ազդեցութեան տակն է տուեալ աշխարհագրական տարածքի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մշակութային ազդակներուն, որով եթէ մէկ կողմէ այդ այլազանութիւնը կը հարստացնէ կազմակերպութիւնը, միւս կողմէ կը յառաջացնէ հակադրութիւններ, որոնք կը դժուարացնեն ընդհանուրի համարկումը, համադրութիւնը:
Երրորդ անպատեհութիւնը շրջաններու միջեւ անդամական քանակի տարբերութիւններն են, որոնք առաւել կամ նուազ ուժ կու տան տուեալ շրջանի մը:
Հասկնալի ու տրամաբանական է, որ շրջանային մարմիններ գոյութիւն ունենան եւ համադրեն բազմաթիւ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը: Սակայն երբ շատ փոքր է մասնաճիւղերու թիւը, անոնք իրարու հետ կրնան յարաբերիլ արդէն առանց միջնորդի, եւ շրջանային մարմինները կրնան այդ յարաբերութիւնները աւելի դժուարացնել քան դիւրացնել: Այս պատճառաւ ալ գոյութիւն ունին մեկուսի մասնաճիւղեր կամ կոմիտէութիւններ:
Նման` տարբե՛ր թուաքանակով անդամական խարիսխ ունեցող միաւորներու համախմբումը բարդութիւններ կը յառաջացնէ – մեծ միաւորները կրնան իրենց կամքը պարտադրել փոքր միաւորներուն, կամ փոքրերը իրենց ներկայացուցած ուժին խոտոր համեմատող ազդեցութիւն կրնան ունենալ:
Գալով մեր կազմակերպական բուրգերու երրորդ յարկերուն, որոնք կը բաղկանան Պատգամաւորական կամ Ընդհանուր ժողովներէն (շրջաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կայացող) ու անոնցմէ ընտրուող մարմիններէն, երկրորդ յարկերուն նման` անոնք ալ երկմաս են, եւ ոչ եռամաս, եւ ունին նոյն դժուարութիւնները կամ հակասութիւնները, ինչ որ շրջանային մակարդակի վրայ առկայ են, բայց աւելի շեշտուա՛ծ կերպով, մանաւանդ երբ այս պարագային հայրենի կառոյցներն ալ մասնակից կը դառնան, ինչպէս կուսակցութիւններու պարագային. միշտ նոյն պատճառներով` մասնիկներուն այլազանութեան, ըստ տուեալ երկիրներու տարբեր պայմաններուն, որոնց վրայ մենք հակակշիռ չունինք:
Այս կառոյցները ներկայիս փաստօրէն կը գործեն առանց մեծ դժուարութիւններու եւ կը թուի թէ առողջ կառոյցներ են: Սակայն միջ-մասնաճիւղային ու միջ-շրջանային յարաբերութիւնները պահելու, համագործակցութիւնը խրախուսելու եւ ընդհանուր գործունէութիւնը համադրելու համար, ու աշխարհին առջեւ տուեալ միութիւնը կամ կազմակերպութիւնը ներկայացնելու համար ալ մեր աւանդական այս բրգաձեւ կառոյցներէն տարբեր ձեւով կազմուող կառոյցներ կրնա՞ն գոյութիւն առնել: Յատկապէս հաղորդակցութեան ներկայ միջոցներու եւ անոնց ընձեռած արագութեան եւ անմիջականութեան այս ժամանակներուն, պահելով հանդերձ կազմակերպութեան մը ընդհանուր դիմագիծը: Մտքերը գրգռելու համար` փորձենք երեւակայել:
Գ.
Բոլոր վարչութիւնները կը բաղկանան անդամական շարքերէն եկող անդամներէ: Այս վերջինները իրենց վարչական առաջին փորձառութիւնները կը վաստկին տեղական մարմիններուն մէջ (ընդհանրապէս կանոնագրերու իսկ պահանջքով): Յետոյ, փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, անոնցմէ ոմանք, որոնք կառավարման առաւել կարողութիւն ցոյց կու տան, եւ ենթադրաբար կը հանդիսանան առաւել արժանաւորները, մաս կը կազմեն շրջանային մարմիններուն, ու անոնցմէ ալ նոյնպէս անոնք, որոնք աւելիով կը փաստեն իրենց կարողութիւնները` բարձրագոյն մարմիններուն:
Սակայն, մարմինները, բոլոր մակարդակներուն վրայ, որքան ալ որ կազմուին 5, 7, 9 կամ աւելի թիւով ամենէն փորձառու եւ ամենէն կարող անդամներէն, առանձինն չեն կրնար գործադրել համապատասխան ժողովներու որոշումները: Անոնք պէտք ունին ոչ միայն շարքերու ամբողջական մասնակցութեան, այլեւ փոխադարձաբար իրարու` ստորադաս թէ գերադաս ըլլան իրարմէ: Եթէ ամեն որոշում միայն մարմինները պիտի ըլլան գործադրողը, անմիջապէս շրջուած բուրգի պատկերը կու գայ մեր աչքին առջեւ:
Արդ, այդ կենսական գործակցութիւնը ապահովելու համար, արդեօ՞ք կարելի չէ երեւակայել, բուրգի փոխարէն` ոստայնաձեւ կազմակերպութիւն մը, կազմակերպական ցանց մը, յատկապէս այսօր` յարաբերութիւններու արդի գիտարուեստի հնարաւորութիւններու առկայութեան, ուր ոստայնի բոլոր թելերը յարաբերութիւններու ուղիներ կը հանդիսանան:
Այս ոստայնը, ի տարբերութիւն սարդին հիւսածին, կրնայ ծաւալային ըլլալ, այսինքն եռաչափ (three-dimensional) ըլլալ եւ ոչ երկչափ: Ան կրնայ օժտուած ըլլալ հանգրուաններով, որոնք թելերու հանդիպման հանգոյցներն են, ուր ըստ գործի բնոյթին, իրարու քով կու գան տուեալ գործին անմիջական կերպով առնչուող մարմիններու լիազօր ներկայացուցիչները, վայրի մը, շրջանի մը կամ համայն մարմիններու մասնակցութեամբ նախատեսուած ու որդեգրուած ծրագրի մը համաձայն, կամ ըստ հրատապ խնդիրներու պարտադրութեան: Համադրումը ու վերահսկողութիւնը կը կատարուի մարմիններու ներկայացուցիչներէն բաղկացող այդ ժողովներուն կողմէ, եւ ոչ` գերադաս մարմիններու կողմէ: Այսինքն, պատասխանատուութիւնները կը դրուին բոլոր մասնակից մարմիններուն վրայ, եւ ի վերջոյ բոլոր անդամներուն վրայ: Այս ձեւով նաեւ կրնայ ապահովուիլ աւելի անմիջական ու գործօն մասնակցութիւնը անոնց:
Նման կառոյց մը կրնա՞յ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, ծառայութեան ըմբռնումը կրնա՞յ աւելի տարողունակ դառնալ: Գործերը աւելի հե՞շտ, թէ՞ աւելի դժուար կերպով կը կառավարուին:
Արդեօ՞ք նման կառոյց ա՛լ աւելի արդիւնաւէտ ալ կը դառնայ եթէ ընդգրկէ մասնագէտներէ բաղկացած գրասենեակներու համակարգ մը, որ կ՛ապահովէ գործերու շարունակականութիւնը` ըլլա՛յ քաղաքական, ըլլա՛յ տնտեսական, ըլլա՛յ կրթական-մշակութային, ըլլա՛յ ընկերային մարզերուն մէջ, բոլո՛ր պարագաներուն ունենալով նաեւ երիտասարդական բաժիններ:
Մտածե՛նք այս մասին:
Բայց կազմակերպական կառոյցներու բարեփոխութեան նուիրուած այս մտորումներուն մէջ կայ ուրիշ չափ մը (dimension) եւս, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ նոյն ատեն: Հարց մը, որ երկար ատենէ ի վեր կը չարչրկէ միտքս: Այդ` մեր կազմակերպութիւններուն իրարու առնչութիւնն է: Ի՞նչ ծիրի մէջ, ի՞նչ բնոյթով անոնք կ՛առնչուին իրարու, կը յարաբերին: Չկայ կառոյց, եւ խօսքս արտերկրի մասին է, որ իրարու կապէ Սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւնները կամ անոնց սփիւռքեան թեւերը: Նման հարց գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ, քանի որ այնտեղ բոլորը կը գործեն կամ կրնան գործել պետական կառոյցի մը մէջ, հասարակական կազմակերպութիւններ են, գրանցուած, ճանաչուած, եւ ունին յարաբերելու ատեանները, որքան ալ որ ասոնք թերի կամ անկատար ըլլան:
Ներկայ Սփիւռքը, հակառակ իր աւելի քան 90-ամեայ կազմակերպական գոյութեան, տակաւին չունի որեւէ ազգային համակարգ որ կարենայ համախմբել բոլոր քաղաքական, կրօնական եւ այլ կազմակերպութիւնները: Այդ համակարգի յառաջացումը կառուցային փոփոխութիւններու տեսակէտէն աւելի՛ կարեւոր աշխատանք մըն է, քան իւրաքանչիւր կազմակերպութեան կողմէ իր սեփակա՛ն կառոյցի փոփոխութիւնը, որ ի վերջոյ կրնայ կատարուիլ իր կանոնագրին նախատեսած ճամբով: Որքան ալ որ զանազան առիթներով ու զանազան նպատակներու համար գործակցութիւններ տեղի կ՛ունենան (Համահայկական հիմնադրամ, Մեծ եղեռնի հարիւրամեակ եւ այլն), կազմակերպութիւնները կը գործեն մեկուսացած, պարապի մը մէջ, չունին օրգանական կապ իրարու հետ: Եւ չկայ հասարակաց հրապարակը` ֆորումը:
Եթէ կուսակցութիւններ պիտի ըլլան, պիտի ըլլան գաղափարական տարբեր կողմեր հանդիսանալու, գործելակերպի տարբեր մօտեցումներ պաշտպանելու, հայ կեանքի ժխտական երեւոյթները քննադատելու, այդ երեւոյթները սրբագրելու իրենց առաջարկները հանրութեան ներկայացնելու եւ այդ ուղղութեամբ գործելու համար, պատրաստ` լսելու նաեւ միւս կողմերու քննադատութիւնները իրենց ու իրենց ըրածին նկատմամբ: Այլապէս ինչո՞ւ գոյութիւն պիտի ունենան: Նոյնը, որոշ չափով միւս կազմակերպութիւններուն պարագային: Խօսքս ո՛չ կուսակցական վաղեմի անբարեկիրթ պայքարին կը վերաբերի, ոչ ալ պարզապէս միութենական մրցակցութեան, առողջ կամ անառողջ տեսակէն:
Մինչդեռ, ներկայիս Սփիւռքը ոչ միայն գաղթօճախներու, այլեւ զանազան համայնքներու, հատուածներու, առանձնութիւններու հաւաքածոյ մըն է. խայտաբղէտ, երբեմն կենսունակ, երբեմն ոչ, մերթ յաջող, մերթ ոչ այնքան յաջող նախաձեռնութիւններով, սակայն իբր ամբողջութիւն` անկազմակերպ, անձեւ, որ ո՛չ ոստայնի կը նմանի, ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ տրամաբանական ձեւ ունի:
Հսկայ ներուժ ներկայացնող Սփիւռքը չէ՛ յաջողած ուժի վերածուիլ, համախմբուիլ, իր ճիգերը համադրել – թնճկախաղ մը (jigsaw puzzle), որ տակաւին ոչ ոք կրցած է հաւաքել, ամբողջական պատկերը մէջտեղ հանել. պատկեր մը որուն մէջ իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն, կուսակցութիւն, յարանուանութիւն, միութիւն եւ մասամբ նորին իր տեղը գտնէ, իր կապը տեսնէ մնացեալ բոլորին հետ, իր մասնակցութիւնը բերէ ընդհանուր, ազգային երթին:
Այդ երթը ի հարկէ չի սահմանափակուիր Սփիւռքով: Սփիւռքը կարիքը ունի ինքզինք վերակառուցելու, ամրակայելու, սակայն նաեւ իր կարգին` հայրենիքին նկատմամբ իր տեղն ու դերակատարութիւնը ճշդելու: Առնչուելո՛ւ:
Ինծի այնպէս կը թուի, որ ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյառումը այս խնդիրները աւելի շատ առարկան էին ազգային մտածողութեան հոլովոյթին, քան ներկայիս, երբ շատ աւելի զարգացած հայութիւն մը կ՛ապրի աշխարհի երեսին: Այո, Ցեղասպանութիւնը անչափելի Աղէտ մըն էր մեզի համար:
Ազգի՛ վերածուելու, վերստին Ա՛զգ դառնալու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք:
Մե՛ծ է մարտահրաւէրը: Պիտի կարենա՞նք վերցնել ձեռնոցը, թէ ոչ պիտի շարունակենք անզօր դիտել ազգային գահավէժ անկման մեր ընթացքը…