ԵՐԲ  ԷՐՏՈՂԱՆ ՁԵՌՆՈՑ ԿԸ ՆԵՏԷ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

Մարք Յարութիւնեան

Փարիզ 

            Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ձեռնոցը վերցնող ըլլայ:

            Եւրոմիութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատլանտեան Ուխտի այլեւս ոչ-իմաստուն կրաւորականութեան դիմաց, Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան իր յանդգնութեան թեւեր կու տայ: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ վառօդ բուրող լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, ան ասպարէզ կը կարդայ, բրտօրէն կը վիրաւորէ Ֆրանսայի եւ Յունաստանի իշխանութիւնները, նաեւ բոլոր անոնք որոնք կրնան անոնց զօրակցիլ:

            Կիրակի օր, 1922-ին Մուսթաֆա  Քեմալի Յունաստանի դէմ տարած Յաղթանակի օրուան առիթով իր խօսած ճառին մէջ,  Էրտողան Ֆրանսայի եւ Յունաստանի ղեկավարները կոչած է ընչաքաղց եւ անձեռնհաս, այսինքն՝ ագահ եւ անկարող, եւ եզրակացնելով՝ թշնամիներու մարտահրաւէր ուղղած է:

            Ըստ գնահատումներու, բնական կազմի հսկայական պաշարներ կան Միջերկրականի մէջ: Անոնց կ’ուզեն տիրանալ Յունաստանը եւ Թուրքիան: Ռազմաշունչ յայատարարութիւններ կ’ըլլան, ռազմանաւեր կը շրջին: Եւրոպան մտահոգ է: Պաշարները կը գտնուին Յունաստանի միջազգայնօրէն ընդունուած ծովային տարածքներուն մէջ: Բիրտ ուժին կռթնելով եւ օրէնք-իրաւունք շրջանցելով, Թուրքիա կ’ուզէ այդ պաշարներուն տիրանալ, անտեսելով միջազգային կարգը: 30 Օգոստոսին, Անգարայի մէջ իր ճառին մէջ, առանց դիւանագիտական նրբութիւններու, ան բացորոշ կերպով սպառնացած է ե՛ւ Յունաստանի ե՛ւ Ֆրանսայի.

            . Յոյն ժողովուրդը կ’ընդունի՞ վճարել գինը վտանգին՝ որուն ենթակայ է իր ընչաքաղց եւ անձեռնհաս ղեկավարներուն պատճառով:

. Ֆրանսացի ժողովուրդը գիտէ՞ գինը զոր պարտաւոր պիտի ըլլայ վճարելու իր ընչաքաղց եւ անձեռնհաս ղեկավարներուն պատճառով:

. Երբ հարցը կը վերաբերի կռուելու, մենք չենք վարանիր նահատակներ տալու… Հարցը հետեւեալն է. անոնք որոնք Միջերկրականի (եւ Միջին Արեւելքի) մէջ կը ցցուին մեր դէմը, պատրա՞ստ են նոյն զոհողութիւններուն:

            Հուսկ. Մեր թշնամիներուն կ’ըսենք՝ հրապարակ եկէ՛ք:

            Կրկին, կիրակի 30 Յուլիսին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը բուռն կերպով հակազդած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն, քննադատած է Ֆրանսայի անցեալի կայսերապաշտութիւնը ե՛ւ մարտահրաւէր ուղղած, ըսելով.

            «Բոլոր անոնց համար որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն խոշորցնող հայելիի մէջ, ժամանակն է ընդունելու իրականութիւնը. անցած են այն օրերը երբ կայսերապաշտները համատարածներու վրայ գիծեր կը քաշէին»:

            Այսինքն՝ Ֆրանսայի եւ Էմմանուէլ Մաքրոնի սպառնալիքը զուր է:

            Անկասկած դիւանագիտութիւնը պիտի գործէ: Բայց իրադրութիւնը այնպէս է, որ եթէ վաղը միջին եզրերու լուծում գտնուի անգամ, Էրտողան պիտի շարունակէ իր օսմանակայսերական երազը հետապնդել: Ֆրանսան, Եւրոպան եւ Միացեալ Նահանգները, ուշ կամ կանուխ պիտի գտնուին համաթրքական երազանքի ռազմապաշտութեան դիմաց: Այն ատեն Ռուսիան ալ պիտի մտնէ ռազմաքաղաքական խաղին մէջ, որպէս օրթոտոքսութեան պաշտպան, միաժամանակ թոյլ չտալու համար, որ իր սահմաններէն ներս ապրող թրքացեղ ժողովուրդները շահագործուին բաւարարելու համար  Էրտողանի փառասիրութիւնները, որոնք կը տարածուին մինչեւ Չինաստան, եւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ան հանդէս գայ Չինաստանի ույղուր փոքրամասնութեան որպէս պաշտպան, եւ զայն օգտագործէ որպէս միջոց իր ծաւալապաշտութեան իրականացման համար:

            Անկախ միջազգային բարդ կացութենէն, Թուրքիոյ ռազմապաշտ եւ վիրաւորական վերաբերումը իր Ատլանտեան Ուխտի ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ նկատմամբ, վստահութիւն եւ համագործակցութիւն անկարելի պիտի դարձնեն:

            Մեր թշնամիներուն կ’ըսենք՝ հրապարակ եկէ՛ք,– կը յայտարարէ  Էրտողան:

            Այդ թշնամիները Լուսնի եւ Հրատի երկիրներ չեն: Յունաստանի զօրակցող երկիրներն են, որոնք կ’ուզեն յարգուած տեսնել միջազգային համաձայնութիւնները:

            Այդ թշնամիները համատարածներու վրայ, աշխարհի քարտէսին վրայ գիծեր քաշող կայսերապաշտներն են, որոնք առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերու աւարտին սահմաններ գծեցին, երկիրներ ստեղծեցին, արաբական աշխարհը դուրս բերին օսմանի կայսրութենէն եւ տիրապետութենէն:

            Ժողովուրդներու եւ անոնց հայրենիքներու ազատագրութիւնը իրականացնելու կոչուած արդար սահմաններու գծումը իր աւարտին չհասաւ, չէ հասած, չհասցուցին, կայսերապաշտական մեղանչումներով: Այդ սարսա՞փը ունի  Էրտողան, որ Հայաստանի ալ կը սպառնայ Ատրպէյճանի տիրութիւն ընելով եւ ըսելով, որ Հայաստան իր գլուխէն մեծ հարցերով կը զբաղի:

             Էրտողան գիտէ, որ Թուրքիան բռնագրաւած է հայ ժողովուրդի հողատարածքը, իւրացուցած անոր անշարժ գոյքը եւ հարստութիւնները:

            Հաշուետուութենէ խուսափելու համար,  Էրտողան ստիպուած է վազելու առանց ետեւ նայելու, մինչեւ որ իր սպառնալիքին ենթակայ  արեւմուտքը, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները որոշեն վերջ տալ եաթաղանի սպառնալիքի քաղաքական խաղին:

            Բայց կրկին համայն մարդկութիւնը սուղ պիտի վճարէ: Ուշադրութեամբ պէտք է կրկին կարդալ  Էրտողանի բառերը. Երբ հարցը կը վերաբերի կռուելու, մենք չենք վարանիր նահատակներ տալու… Հարցը հետեւեալն է. անոնք որոնք Միջերկրականի (եւ Միջին Արեւելքի) մէջ կը ցցուին մեր դէմը պատրա՞ստ են նոյն զոհողութիւններուն:

            Ի՞նչ կ’ըսէ պատմութիւնը: Հեռաւոր աշխարհներէն բանակներ եկան հիթլերականութիւնը զգետնելու համար, պաշտապանելու համար քաղաքակրթութիւն եւ մարդկութիւն: Այսքան պատմութիւն գիտնալու է  Էրտողան:

            30 Օգոստոսին,  Էրտողանի Անգարայի ճառը զգուշացում չէ, իսկական մարտահրաւէր է:

            Ըսած է. «Կը հրաւիրենք մեր բոլոր խօսակիցները… հեռու մնալ ամէն կարգի սխալէ, որ պիտի առաջնորդէ իրենց քանդումին»:

            Գրաբարը գեղեցիկ խօսք ունի. «Ով զունկն ունէ լուիցէ»: Ականջ ունեցողը թող լսէ: Եթէ կրաւորականութիւնը խլութիւն չէ:

            Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ պատերազմի յայտարարութիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles